Համաշխարհային ներկայ ճգնաժամը, ստեղծուած` «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով, հսկայական անդրադարձ ունի տեղական թէ համահայկական առումով` բոլո՛ր գաղութներուն մէջ: Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր բոլոր անդամներէն կը պահանջէ մնալ զգօն եւ ապահով: Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ խճողուած վայրերէ խուսափիլը հիմնական են` յաղթահարելու այս համաճարակը:
Վարչութիւնս համակ վստահութիւն ունի ՀՕՄ-ի միաւորներուն եւ անդամներուն վրայ, որոնք կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն, մանաւանդ մեր համայնքներուն մէջ գտնուող աւագ անդամներուն եւ կարիքաւորներուն, որոնք յաւելեալ խնամքի կը կարօտին: Հաւաքական ուժերով եւ միասնական աշխատանքով է, որ պիտի կարենանք շրջանցել այս փուլը եւ հզօր պահել մեր գաղութները:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը անմիջապէս անդրադարձաւ համաշխարհային այս տագնապին եւ իր նախնական աջակցութիւնը բերաւ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն: «Չեվի Չէյս» վիրաբուժական կեդրոնին, «Անի եւ Նարօտ» յիշատակի հիմնադրամին եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ գործակցաբար, մէկ թոն բժշկական իրեր ուղարկուեցան Հայաստան եւ Արցախ: Ներկայիս յաւելեալ աշխատանք կը տարուի շտապ օգնութեան երկրորդ բաժինը ապահովելու: Արցախի մեր հայրենակիցներուն աջակցելու համար համահայկական օժանդակութեան կարիքը ունինք: Նուիրատուութեանց համար այցելել` http://www.ars1910.org/give :
Առաւելաբար, Հայաստանի ՀՕՄ-ը 1000 ամերիկեան տոլար փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ 5000 ամերիկեան տոլար` Երեւանի վերականգնողական Հերացի թիւ 1 հիւանդանոցի Կեդրոնի երեխաներու բաժանմունքին: ՀՕՄ-ի զանազան շրջաններ եւ մասնաճիւղեր միացած են քոյր կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն եւ կառավարական կառոյցներուն` օգնելու համար մեր համայնքներ գտնուող վտանգուած եւ անապահով խաւին:
ՀՕՄ-ը հիմնեց Համաշխարհային տագնապի շտապ օգնութեան ֆոնտը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ նիւթական թէ բժշկական սարքերու նուիրատուութիւններ ստանալ` մեր գաղութներուն օժանդակելու նպատակովգ ինչպէս նաեւ ներկայ նեղ օրերուն նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորներուն` անոնց տրամադրելով ապրուստի նուազագոյն պէտքերը:
Եթէ կը փափաքիք եւ կարողութիւնը ունիք օժանդակելու, կը խնդրենք կապ հաստատէք ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի վարչութեան հետ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կայքը (http://www.ars1910.org/), ընկերային ցանցերը եւ հետեւիլ տեղական թերթերուն:
Մեր հայրենակիցներուն ապահովութիւնը նկատի առնելով` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշում տուաւ յետաձգել ՀՕՄ-ի 110-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենային օգոստոս 30-էն սեպտեմբեր 10, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Յետաձգուած է նաեւ ՀՕՄ-ի 7-րդ նաւապտոյտը, որ պիտի իրագործուէր նոյեմբեր 2020-ին: Բոլոր ձեռնարկներուն նոր ժամանակացոյցը կը յստականայ, երբ ժահրի տարածման վտանգը վերջնականապէս դադրի:
Փաստօրէն, Հայ օգնութեան միութիւնը, մէկ դարէ աւելի պատմութիւն կերտած է: Շնորհիւ մեր անդամներուն նուիրումին եւ վճռականութեան, ինչպէս նաեւ մեր համակիրներու նեցուկին, կրցած ենք եւ կը շարունակենք բարձրորակ ծառայութիւն տրամադրել մեր աշխարհասփիւռ գաղութներուն, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Ձեր շարունակական քաջալերանքը կ՛ապահովէ մեր կարողութիւնը` պահելու համար հայ գաղութները եւ ձեռք երկարելու հոն, ուր կարիքը կայ: Շնորհակալութիւն բոլորիդ:
Համաշխարհային շտապ օգնութեան ֆոնտին նուիրատուութիւններու համար կրնաք հետեւիլ http://www.ars1910.org/give հասցէին կամ ձեր նուիրատուութիւնները ղրկել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակ` Armenian Relief Society, Inc. 80 Bigelow Ave., Suite 300, Watertown, MA 02472.
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ