Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը խոր ցաւ կը զգայ հայորդի Պետրոս Օղկասեանի «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահուան համար եւ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ պարագաներուն:
Գնահատանքի խօսք կ’ուղղենք բժշկական անձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք պատնէշի վրայ են համաճարակի այս օրերուն:
Ցաւ կը զգանք, որ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն վրայ անհիմն եւ իրականութեանց չհամապատասխանող տեղեկութիւններ եւ մեղադրանքներ շրջագայած են պաշտօնակիցի մը հասցէին` անանուն աղբիւրի մը կողմէ:
Կոչ կ’ուղղենք համաճարակի այս տագնապալի օրերուն ականջ չտալու անանուն եւ անպատասխանատու արտայայտութիւններուն (եւ չտարածելու), այլ վստահելու միմիայն «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին հաղորդած տեղեկութիւններուն:
Անհրաժեշտ է զգուշ ըլլալ, միաժամանակ` անընդունելի է խուճապ յառաջացնելը:
Համախմբուինք «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային շտապին շուրջ եւ ամենայն բծախնդրութեամբ գործադրենք ցուցմունքները, որպէսզի կարենանք դիմակայել այս համաճարակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ