25 մարտ 2020-ին մահացաւ Պետիկ Օղկասեանը, որ քանի մը օր առաջ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին ցուցմունքով փոխադրուեցաւ Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոց: Իր տունը անմիջապէս հականեխուեցաւ:
Այժմ, իր ընտանեկան անմիջական պարագաները, Շտապին դասաւորումով եւ Լիբանանի Կարմիր խաչին ճամբով պիտի փոխադրուին Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոց` անհրաժեշտ ստուգումները եւ քննութիւնները կատարելու համար:
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանիքին եւ հարազատներուն: