Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստոսի Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. Շահէ Եպս. Փանոսեան. «Մեր Տէրը Մեռելներէն Յարութիւն Առաւ, Որպէսզի Մեզ Եւս Նորոգէ Յարուցեալ Կեանքին Մէջ»

Ապրիլ 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 ապրիլ 2020-ին, Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Առցանց հետեւող հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազանը ողջունեց լիբանանահայ ժողովուրդի զաւակները` մաղթելով, որ յարութեան տօնը բոլորը կ’այլակերպէ, եւ հին մարդը բոլորին մէջէն վերցնելով զիրենք կը վերածէ նորոգեալ յարուցեալ արարածի: Ան նկատել տուաւ, որ արտակարգ պայմաններու մէջ կը նշենք տիրոջ հրաշափառ յարութեան յիշատակը, սակայն վստահաբար զայն կը նշենք յոյսով եւ հաւատքով, թէ իսկապէս մեր երկնակամարին վրայ Աստուծոյ զօրութիւնը յարութեան տօնին առիթով դարձեալ պիտի փայլատակէ, որպէսզի նոր յոյսով նորոգէ վիրաւոր ու տագնապող մեր աշխարհը: «Բայց միայն երկինք չնայինք, որովհետեւ աշխարհին վրայ առաւելաբար մեր երկինքը մեր ներաշխարհն է, մեր հոգին` որուն մէջ առաւելաբար մենք կրնանք տեսնել մեր տիրոջ պատկերը, կեանքին մէջ զգալ իր ներկայութիւնը, նաեւ լսել իր սփոփարար ձայնը», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ կեանքի մէջ մեր երկինքը մեր հոգին է, որ երկնակամարի չափ  պէտք է ըլլայ լուսաւոր, անբիծ, որպէսզի տիրոջ յարութեան հրաշալիքը իր բարերար դերակատարութիւնը ունենայ մեր կեանքին մէջ եւս:

Շահէ եպս. Փանոսեան` մէջբերելով Պօղոս առաքեալին մէկ խօսքը, որ կ’ըսէ. «Այսուհետեւ երկինքին նայեցէք, որովհետեւ այս աշխարհը իր արժէքներով ժամանակաւոր է ու խաբուսիկ», նկատել տուաւ, որ այս խօսքերը ճշմարիտ են յատկապէս մերօրեայ կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ մեր կեանքը ժամանակաւոր է, իսկ մեր ընկերութիւնը` խոցելի: Գիտութեան յառաջդիմութեան եւ քաղաքակրթութեան այս մակարդակին հասնելէ ետք, որքան անցաւոր ենք մենք այս երկրի վրայ եւ որքան կարիքը ունինք սփոփարար այն ձեռքին, որ միայն մեր Տէրը կրնայ երկարել մեզի: «Յարութեան յիշատակը միայն աւետարանով մեզի փոխանցուած պատմութիւն չէ», հաստատեց սրբազանը` նկատել տալով, որ այդ յիշատակը կ’ոգեկոչէ եկեղեցին, որպէսզի անոր մէջ մենք մեր պատկերը տեսնենք եւ անդրադառնանք, որ մեր Տէրը մեր կեանքին մէջ նաեւ յարուցեալ կերպարանքով կը յայտնուի մեզի, որպէսզի զգաստանանք:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ թերեւս մեր մարդկային միտքով չենք կրնար վերլուծել եւ ըմբռնել աստուածային տնօրինումներուն բոլոր ծալքերը, սակայն նոյնքան չենք կրնար նաեւ ըմբռնել կեանքի մէջ առկայ երեւոյթները, որոնք փուլ առ փուլ կը բացուին մեր ենթագիտակցութեան մէջ` հաստատելով, որ մեր Տէրը մեռելներէն յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզ եւս իրեն հետ նորոգէ յարուցեալ կեանքին մէջ: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ յարուցեալ կեանք մարդ արարածին համար եւ կրկին անգամ մէջբերելով Պօղոս առաքեալի խօսքը որ կ’ըսէ. «Իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած եւ իր սէրը վայելող մարդիկ, գթասիրտ եղէք, եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ ու համբերատար», բացատրեց, որ հարկ է մեր վերաբերմունքը վերատեսութեան ենթարկենք եւ անդրադառնանք, որ այս աշխարհին մէջ Աստուած իւրաքանչիւրին տուած է պարտականութիւններ, որոնց կատարումով միայն կրնանք մօտենալ Անոր եւ նմանիլ Քրիստոսի, որ աշխարհին մէջ յայտնուեցաւ, որպէսզի մեզի փոխանցէ Աստուծոյ սէրն ու ողորմածութիւնը եւ, զանոնք մեզի կտակելով, վերադարձաւ իր հօրը մօտ:

Շահէ եպս. Փանոսեան յայտնեց, թէ որքան ալ ենթադրենք, որ այս աշխարհը կը պատկանի մեզի, անիկա նոյնինքն կեանքի ու տիեզերքի արարիչին կը պատկանի, եւ որքան խորհինք, թէ այդ արարիչը մեզ մեր ճակատագիրին լքած է, պէտք է զգաստանանք եւ անդրադառնանք, որ Ան մեզի հետ է, մեզի ուղեկից, աջակից մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան: Իր ներկայութեան պարտինք Իր սիրոյ օրինակով ուղեւորուիլ կեանքին մէջ` մեզի հետ տանելով եւ բարձրացնելով բոլոր անոնք, որոնք կարիքը ունին մարդկային աջակցութեան, նաեւ Աստուծոյ ողորմածութեան: «Եղբայրութեան մը օղակին մէջ Աստուած մեզ հաստատեց այս աշխարհին մէջ եւ հաւանաբար, որքան որ փորձենք անհատաբար մենք բարձրանալ եւ ընտիր երեւիլ Աստուծոյ աչքին, Աստուած ինք կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ ընտիրն ու ընդունելին Իրեն համար անոնք են, որոնք Իր միածին որդիին օրինակով երկրին մէջ ուրիշներու կարիքներով կը զբաղին, օգնութեան ձեռք կ’երկարեն իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ այդպիսով զԱստուած կ’արտայայտեն իրենց բոլոր արարքներուն ընդմէջէն», հաստատեց ան` աղօթելով, որ Աստուած մեր կեանքէն հեռացնէ ամէն տեսակի մութ եւ սեւը եւ Ս. յարութեան տօնին առիթով բոլորս լուսաւորեալ միտքով ու հոգիներով մեր ներաշխարհին մէջ ընդունինք մեր Փրկիչը, որ այսուհետեւ մեզի հետ է, մեզի առաջնորդ եւ օրինակ մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան մինչեւ որ մենք եւս այս աշխարհին մէջ ինքզինքնիս կատարելագործելով հասնինք յարութեան կեանքին: «Երկինքի արքայութիւնը այնքան ալ մեզմէ հեռու, անջատուած տարածութիւններու մէջ չի գտնուիր: Ան կը սկսի մեր մէջէն, մեր հոգիներուն մէջ զԱստուած ընդունելով եւ կը հասնի մինչեւ յաւերժական կեանք, որուն խոստումը իբրեւ պարգեւ մեզի տուաւ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, որպէսզի մենք իբրեւ ընտիր որդիները Աստուծոյ, ժառանգորդներ ըլլանք այդ կեանքին յաւիտեանս փառաւորելու համար Իր փառքն ու զօրութիւնը», եզրափակեց սրբազան հայրը:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէն Կը Հոգայ Հայորդիներուն Կարիքները

Յաջորդը

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Ըսաւ Ու Միշտ Կ’ըսէ` Ձեզի Հետ Եմ, Մի՛ Վախնաք»

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ
Գաղութային

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Օգոստոս 20, 2025
Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?