Պուրճ Համուտի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը իրենց ու շրջանին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Նար Խաչատուրեանին եւ Վարուժ Սարգիսեանին:
Նար Խաչատուրեան մեծ քանակութեամբ դէմքի պաշտպանութեան դիմակներու (մասքեր) պատրաստութեան կերպասը նուիրեց քաղաքապետարանին, իսկ Վարուժ Սարգիսեան (Պարլի Վարուժ) իր կարի աշխատանոցին մէջ կը պատրաստէ զանոնք` հոգալով անոնց պատրաստութեան մնացեալ հում նիւթերուն ու աշխատանքային ծախսերը:
Աւելի քան երեսունհինգ հազար կերպասեայ այդ դիմակները պիտի բաժնուին շրջանին մէջ գտնուող կազմակերպութիւններուն, միութիւներուն ու մարմիններուն:


