Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Նորարար Մշակոյթի Ծրագիրը

April 22, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուար 2020-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, որ ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել եւ նորարար ծրագիրներ իրագործել:

«Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով, անոր հիմնական նպատակն է արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւնները խթանել:

Այս նպաստի ծրագիրը կը միտի սփիւռքեան իրականութեան եւ հայկական մշակութային կեանքին մէջ տարբեր ձեւաչափերով ներդրում ունենալու` չսահմանափակուելով սեղմ կանոններով: Թէպէտ տասնամեակներու ընթացքին մէջտեղ եկած մշակութային տարբեր ձեռնարկներու կարեւորութիւնը անժխտելի է, սակայն միշտ չէ, որ ստեղծարար միտք ունեցող երիտասարդը կրցած է եւ այսօր կրնայ նման պայմաններու մէջ առաւելագոյն չափով յայտնաբերել իր կարողականութիւնը եւ ազատ մտածելու հմտութիւնը:

Ուստի, հիմնարկութիւնը հետաքրքրական մտայղացումներ ունեցող երիտասարդներուն առիթը կ­՛ընծայէ ծրագիրներ մշակելու, եւ հետեւաբար իրագործելու արեւմտահայերէնը այսօրուան իրականութեան կապող աշխատանքներ:

Հետեւեալ նպաստին կրնան դիմել Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներ, որոնք կրնան նորարար արտայայտչամիջոցներու գործածութեամբ նախագծել իրենց ժամանակակից եւ բազմաբնոյթ իրականութեան առնչուող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրներ, որպէս արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:

Ծրագիրները կրնան ներգրաւել արուեստի տարբեր բնագաւառներ, գաղափարներ, փորձառութիւններ եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական դրսեւորումներ, հետեւեալ ձեւաչափերուն ընդմէջէն`

  • Երգ, երաժշտութիւն:
  • Գրականութիւն, (գիրքեր, լսողական գիրքեր, թերթեր, ամսագրեր, կայքէջեր, առցանց ներկայութիւն):
  • Թատրոն, կատարողական արուեստներ:
  • Տեսողական արուեստներ:
  • Միջգիտակարգային բնագաւառներ, որոնք գոյացած են արդի հաղորդակցութեան ձեւերու շնորհիւ:
  • Տեսերիզներ եւ այլ արտայայտչամիջոցներ` installations, animations, blogs, YouTube channels, podcasts, applications եւ այլն:
  • Ձայնասփիւռի յայտագիրներ եւ այլ հեռարձակումներ (առցանց ծրագիրներ, ինչպէս օրինակ` Mixcloud, SoundCloud, iTunes®):
  • Նորարարական եւ ստեղծագործական աշխատանոցներու ծրագիրներ:

Դիմումը արդէն բաց է բոլոր ստեղծագործ եւ նորարար անձերուն. փորձառու արուեստագէտ ըլլալը կամ «կատարեալ» ձեւով հայերէնին տիրապետելը պարտադիր չէ: Դիմելու պայմանաժամը 19 յունիս 2020-ն է:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ յստակացումներու համար դիմել Գայիանէ Մածունեանին` [email protected] ե-նամակին` իբրեւ վերնագիր նշելով «Creative Culture Program – Lebanon»:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին ներկայ, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել` https://gulbenkian©pt/armenian-communities/ կայքէջը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Առցանց Առաջին Լսարանը Կայացաւ

Յաջորդը

Պարտաւորութիւն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.