Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՉ

August 3, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս աճ կ’արձանագրէ «Քորոնա» ժահրի վարակակիրներու թիւը, որուն զուգահեռ, նկատելի է կանխազգուշացման միջոցառումներու եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու գծով յանձնառութեան նուազումը:

Պահպանելով հանդերձ մեր բնակչութեան գիտակցութեան եւ մարդկային ու բարոյական արժէքներուն նկատմամբ մեր վստահութիւնը, հարկ կը գտնենք թափ տալ անպատասխանատու կամ անուշադիր փոքրամասնութիւնը զգաստութեան հրաւիրելու արշաւին:

Այս նպատակով, ամբողջապէս յանձնառու մնալով ընդհանուր զօրաշարժին վերաբերող որոշումներուն, որոնք տրուած են կառավարութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ, կոչ կ’ուղղենք մեր բնակչութեան ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար հասարակական կազմակերպութիւններուն` կուսակցութիւններ, միութիւններ` բարեսիրական, սկաուտական, երիտասարդական եւ այլն, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներուն ու կրօնական հաստատութիւններուն, որ իրենց ամդամներուն ու համակիրներուն միջոցով զօրավիգ կանգնին եւ օժանդակեն նախազգուշական միջոցառումներու գործադրութեան հսկող մարմիններուն, ներառեալ` քաղաքապետութեան ոստիկանութեան: Անոնցմէ եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիէ կը խնդրենք, որ ճշդուած այդ միջոցառումները չյարգողներու երբ հանդիպին հանրային վայրերու մէջ կամ որեւէ տեղ, անոնց ուշադրութեան յանձնեն դիմակ կրելու, հեռաւորութիւն պահելու եւ ձեռքերը հականեխելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց հարկ է, որ բոլորս գործակցինք եւ նեցուկ կանգնինք այն մարմիններուն եւ միջոցառումներուն, որոնց շնորհիւ մեր հաւաքականութիւնը պիտի յաղթահարէ այս ճգնաժամը:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Լուսաբանութիւնը` Ելեկտրածին Շարժակներու Սակացոյցի Յաւելումին Մասին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.