Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ լուսաբանութիւններ տուաւ աղբերու հարցին մասին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ.
Վերջին ժամանակաշրջանին բազմաթիւ շրջաններու մէջ, ներառեալ Պուրճ Համուտի մէջ վատթարացաւ աղբերու կուտակման երեւոյթը:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս առնչութեամբ ստացաւ բազմաթիւ դիմումներ ու գանգատներ:
Այս ծիրին մէջ պէտք է յստակացնել հետեւեալը.
Ա.- Փողոցները աւլելու եւ աղբը հաւաքելու պարտականութիւնը կառավարութեան որոշումով եւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի պայմանագիրով վերապահուած է «Ռամքօ» ընկերութեան:
Բ.- «Ռամքօ» ընկերութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ իր պաշտօնեաներէն կարեւոր մաս մը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, եւ անոնք ստիպուած մեկուսացումի ենթարկուած են` ժամանակաւոր կերպով կրճատելով իր աշխատակազմի թիւը:
Գ.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը տրամադրած է կարգ մը բեռնակառքեր ու բանուորներ` օժանդակելու այս աշխատանքին, մանաւանդ այն ժամերուն, երբ պատասխանատու ընկերութեան աշխատանքային խմբակներ չեն շրջիր, կամ այն թաղերուն համար, ուր անոր մեծ բեռնակառքերը չեն կրնար մտնել: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ քաղաքապետարանը ստանձնած է այս աշխատանքը, այլ` կ՛օժանդակէ այդ աշխատանքին իր շրջանին ու բնակչութեան ծառայելու նպատակով:
Դ.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շրջանի բնակիչներուն կոչ կ՛ուղղէ գործակցութեան` շրջանցելու համար այս դժուարութիւնները, կը խնդրուի մանաւանդ լաւ կապել աղբի տոպրակները եւ զանոնք թափել միայն անոնց յատկացուած վայրերուն մէջ:
Ե.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հաւաստէ, որ առնչութիւն ունեցող կողմերուն հետ կը հետապնդէ այս թղթածրարը, եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ պատշաճ լուծումներ գտնելու եւ պահպանելու շրջանի կենսոլորտն ու բնակիչներու առողջութիւնն ու ապահովութիւնը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ