Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած յուլիս ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 591 լիբ. ոսկի սակին վրայ, կը յայտարարենք.
Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2020 յուլիս ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.-
* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 45 հազար լ. ո. (քառասունհինգ հազար լիբ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 135 հազար լ. ո. (հարիւր երեսունհինգ հազար լիբ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 225 հազար լ. ո. (երկու հարիւր քսանհինգ հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6,10…) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէր, որ կ՛անտեսէ քաղաքապետութեան այս որոշումը եւ բաժանորդ քաղաքացիները կը զրկէ ելեկտրականութենէ, պիտի ստիպէ, որ քաղաքապետութիւնը գրաւէ իր շարժակը եւ ինք ստանձնէ զայն բանեցնելու ու ելեկտրականութիւն հայթայթելու աշխատանքը` մինչեւ տագնապին եւ ընդհանուր զօրաշարժի աւարտը:
Գ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային:
Ծանօթ.-
Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.-
5 ամփեր` 20 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփեր` 30 հազար լիբ. ոսկի: 15 ամփեր` 40 հազար լիբ. ոսկի: 15 ամփերէն վեր` 5000 լիբ. ոսկի` իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ