Ստանալէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին վաւերացման պաշտօնագիրը, հինգշաբթի, 30 յուլիս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, նորընտիր Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը անջատաբար գումարեցին իրենց անդրանիկ նիստերը, որոնց ընթացքին կազմեցին դիւանները` հետեւեալ դասաւորումով.-
- Կրօնական Ժողով
Ատենապետ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Սարգիսեան
Ատենադիր Արժ. Տ. Մկրտիչ Ա. Քհն. Քէշիշեան
Խորհրդականներ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Հէճինեան
Արժ. Տ. Սիմէոն Քհն. Կարապետեան
Արժ. Տ. Առաքել Քհն. Տմտըմեան
- Ազգային Վարչութիւն
Ատենապետ Ռաֆֆի Սիսլեան
Փոխ-Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան
Ատենադպիր Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան
Խորհրդականներ Յակոբ Լուսարարեան
Վարդենի Օհանեան-Գէորգեան
Նազօ Անտէքեան
Արամ Գալենճեան
Շաղիկ Կոկոնեան
Ժագ Տէմիրճեան
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ