Ելեկտրածին շարժակին յուլիս 2020-ին սակացոյցին մասին 30 յուլիս 2020-ին լոյս տեսած յայտարարութեան լոյսին տակ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը սոյն յայտարարութեամբ շրջանի բնակչութեան կը ներկայացնէ յունիսէն յուլիս 2020-ին արձանագրած յաւելումին պատճառները:
Արդարեւ,
Ա. Ելեկտրածին շարժակներու սակերը կը ճշդէ ուժանիւթի եւ ջուրի նախարարութիւնը, որ յունիս 2020-ին որոշած էր 498 լիբ. ոսկի հաշուել իւրաքանչիւր մէկ քիլովաթ/ժամը, մինչ յուլիս 2020-ին, այդ սակը բարձրացուց 591 լիբ. ոսկիի:
Բ. Յունիս 2020-ին պետական հոսանքի ընդհատումը մօտաւորապէս 300 ժամ էր, այսինքն` օրական 10 ժամի միջինով, մինչ յուլիս 2020-ին ընդհատումի ժամերը հասան 600-ի` օրական քսան ժամուան միջինով:
Վիրոյիշեալներուն հիման վրայ, եւ տարբեր ելեկտրածիններու տարբեր սակերու ճշդումի կանխարգիլման համար, քաղաքապետարանը որոշեց հետեւեալ ընդհանուր սակացոյցը.-
– Մէկ ամփերի համար 45.000 լ. ո. (քառասունհինգ հազար լիբ. ոսկի):
– Երեք ամփերի` 135.000 լ. ո. (հարիւր երեսունհինգ հազար լիբ. ոսկի):
– Հինգ ամփերի` 225.000 լ. ո. (երկու հարիւր քսանհինգ հազար լիբ. ոսկի):
Շրջանիս յարգարժան բնակիչներէն կը խնդրուի իրազեկ ըլլալ, թէ սակերու այս յաւելումին պատճառները մէկ կողմէ պետական հոսանքի ընդհատման ժամերու կրկնապատկումն է, իսկ միւս կողմէ նախարարութեան կողմէ ժամական սակի 18 առ հարիւրի հասած յաւելումը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ