Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

August 18, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանրապէս պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութենէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակէն եւ մանաւանդ ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով` այս տարի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան զոյգ տօները դժբախտաբար տեղի չունեցան աւանդութիւն դարձած իրենց հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ, ինչպէս` ուխտի շաբթուան նուիրուած քարոզախօսութիւններ եւ աղօթասացութիւններ, ուխտերթ, մատաղի պատրաստութիւն եւ Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ Ս. խորանին վրայ մատուցուող Ս. եւ անմահ պատարագը:

Արդարեւ, կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագիչն էր մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան:

Պատարագիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի քարոզեց` բնաբան ունենալով «Այսօր եկեղեցւոյ զաւակները եւս երկրի վրայ ուրախութեամբ կը տօնեն Ս. Կոյս Մարիամին վերին Երուսաղէմ քաղաք փոխադրուիլը» Ս. Աստուածամօր նուիրուած շարականին հատուածը: Սրբազանը նշեց, որ Վերափոխման տօնը յաւիտենական կեանքի Աստուածային խոստումին հաստատումն է, որ յոյս կը ներշնչէ եւ սրտերն ու հոգիները մխիթարութեամբ կը պատէ: Ս. Կոյս Մարիամին մարմինով երկինք փոխադրութիւնը շօշափելիօրէն վաւերացումը դարձաւ մարմիններու յարութեան եւ փրկութեան գրաւականին, որ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին տեղի պիտի ունենայ: Խօսելով Աստուածամօր յատկութիւններուն մասին` սրբազանը ընդգծեց հաւատքով եւ վստահութեամբ Աստուծոյ խոստումին կառչելու հրամայականը, որուն համար Ս. Կոյսը արժանի դարձաւ աստուածային խոստումին կատարումին: Հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու եւ ընդօրինակելու Աստուածամօր նկարագիրը, սրբազան հայրը կեդրոնացաւ Աստուածածինի հանգամանքներէն երեքին վրայ: Ան յայտնեց, որ Ս. Կոյսը կրեց եւ աշխարհին հայթայթեց քաղցրահամ Պտուղը, որմէ ճաշակելով մենք անմահացանք. ընդունեց կենսատու հացն ու մատակարարեց մեզի. եւ վերջապէս, բովանդակեց ու ճառագայթեց կեանքի Լոյսը:

Աւարտին, սրբազանը աղօթք բարձրացուց եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց, որպէսզի իր օրինակով խոնարհինք Աստուծոյ առջեւ, փշրենք մեր «ես»-ը եւ յանձնուինք Աստուծոյ կամքին:

Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, ձեռամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որ կը բովանդակէ արտին երախայրիքը Աստուծոյ ընծայելու խորհուրդը:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետին փափաքով, այս տարի փոխան մատաղի պատրաստութեան, Ս. Աստուածածինի ուխտի օրուան առիթով կատարուած նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուին բարեսիրական հաստատութիւններու:

Նախորդը

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին Ընկերակցութեամբ Կատարած Իր Այցելութեան Ընթացքին. «Պէյրութ Պիտի Վերականգնի Շնորհիւ Իր Երիտասարդներու Բազուկներուն» Ընդգծեց Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.