Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն 1. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

August 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեց իր երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին ճշդեց յառաջիկայ փուլի աշխատանքներուն բնոյթն ու ընթացքը:

Ներկայացուցչական հանգամանքով, նշեալ մարմինի աշխատանքներուն կը մասնակցին.

– Հայ առաքելական համայնքէն` Գառնիկ Մկրտիչեան
– Հայ կաթողիկէ համայնքէն` Արամ Գարատաղլեան
– Հայ աւետարանական համայնքէն` Ներսէս Պաղտոյեան
– Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն` Յակոբ Հաւաթեան
– Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութենէն` Վանիկ Տաքեսեան
– Ռամկավար ազատական կուսակցութենէն` Վազգէն Ժամկոչեան
– Հայ բարեգործական ընդհանուր միութենէն` Սիլվա Լիպարիտեան
– Լիբանանահայ օգնութեան խաչէն` Նազելի Աւագեան
– Հայկական կրթական բարեսիրական միութենէն` Արամ Մալեան

Ժողովական կարգով, մարմինը շեշտեց, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ճշդած առաջնահերթութեան կարգով, լիբանանահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ նախապատուութիւն պիտի տրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով աւերակուած բնակարաններու, խանութներու եւ կառոյցներու վերականգնումին, որ պիտի իրականացուի մասնագէտներու հսկողութեամբ: Մարմինը նաեւ պիտի հսկէ, որ լիբանանահայութեան համար եղած նպաստները իր խողովակով ստանձնուին եւ հաւասարապէս բաժնուին մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն:

Այս առիթով ճշդուեցաւ, որ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի շէնքին մէջ մարմինի աշխատանքներուն համար յատկացուած է մասնաւոր գրասենեակ եւ տրամադրուած 76-401700 թիւով բջիջային հեռաձայն:

Մարմինի ե-նամակի հասցէն է leb.arm.rehabilitation@gmail.com, իսկ ֆէյսպուքի էջը` www.facebook.com/LebArmRehCom:

Յայտնենք, որ մարմինը իր անդրանիկ նիստին դիւանը կազմելով, ատենապետ ընտրած է Գառնիկ Մկրտիչեանը, ատենադպիր Նազելի Աւագեանը, իսկ հաշուապահ` Արամ Մալեանը:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

13 օգոստոս 2020

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Որեւէ Թշնամական Արարք, Ներառեալ Թուրքիոյ Կողմէ, Լուրջի Կ՛առնենք

Յաջորդը

Թրամփ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն Ու Իսրայէլը Այսօր Խաղաղութեան Պատմական Համաձայնութիւն Գոյացուցին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.