Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

Օգոստոս 18, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 12 եւ ուրբաթ, 14 օգոստոսը իւրայատուկ օրեր էին Լիբանանահայ օգնութեան խաչին համար:

Նախաձեռնութեամբ Լիբանան գտնուող կիպրական պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէին Եւրոպական խորհրդարանի անդամ տոքթ. Էլենի Թէոխարուս եւ հիւանդապահուհիներ Աննա Ֆարմաքի եւ Նիքոլեթթա Մաքրի,  աջակցութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամուհիներուն, չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, ԼՕԽ-ի պարտէզ-գրադարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հեղուկ կաթի բաշխում Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի թաղամասերու կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն անխտիր: Կաթի բաշխումը կատարուեցաւ տոքթ. Էլենի Թէոխարուսին կողմէ, իսկ անոր ընկերակցող հիւանդապահուհիները առիթ ունեցան զրուցելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ցնցուած եւ սարսափած երեխաներուն հետ: Հիւանդապահուհիները նաեւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ կատարեցին երեխաներուն, որպէսզի անոնք կարենան շրջանցել  տագնապը:

Պատուիրակութիւնը նոյն օրն իսկ այցելեց «Արաքսի Պուլղուրճեան»  ընկերաբժշկական կեդրոն, ծանօթացաւ կատարուած գործունէութեան եւ մեծաքանակ դեղորայք, «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու անհրաժեշտ իրեր նուիրեց:

Ուրբաթ, 14 օգոստոս 2020-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ` «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին մէջ պատրաստուեցաւ իւրայատուկ ճաշ: Աւանդութիւնները պահպանելու նախանձախնդրութեամբ, Շրջանային վարչութիւնն ու խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիները, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով պատրաստեցին աւանդական հերիսան: Հինգշաբթի օր կամաւոր խաչուհիներ գործի լծուեցան ու եփեցին մատաղը, իսկ ուրբաթ օր «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանին մէջ  տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք քահանայ հայրերու ձեռամբ: Մատաղօրհնէքին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ  Նելլի Վէքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ յանձնախումբի ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ բարերար Պերճ Կիւրեղեան: Մատաղի եւ խաղողի օրհնութենէն  ետք ընկերուհիները պատրաստեցին 800 ծրարներ`  բաշխելու համար կարիքաւոր պարագաներու:

Պէտք է յիշել, որ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը այդ օր ուղիղ սփռումով կը ներկայացնէր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի աշխատանքները: Լրագրողը այդ առիթով այցելեց նաեւ «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոց եւ ներկայացուց ճաշի բաշխումին աշխատանքները:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?