Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գ. Տեղեկագիր. Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Պուրճ Համուտի Ընկերաբժշկական Կառոյցներու Իրավիճակն Ու Գործունէութիւնը

August 15, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա.- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն

4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը շտապ օգնութեան հասաւ մեր հայրենակիցներուն: Կեդրոնի Տնօրէն խորհուրդին համար առաջնահերթութիւն էր հասնիլ վիրաւորներուն: Այդ գծով ալ նախ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ բուժուեցան  վիրաւորներ, աղէտէն քանի մը ժամ ետք կեդրոնը մաքրուեցաւ փշրուած ապակիներէն, ապա բացաւ իր դռները եւ ընդունեց իրեն դիմող բոլոր պարագաները առանց խտրութեան: Կեդրոնէն դուրս հաստատուած բուժօգնութեան թէ Շտապ օգնութեան բաժանմունքին մէջ գործեցին 6 վիրաբուժներ եւ 5 հիւանդապահուհիներ: Անոնց օժանդակեցին երիտասարդ կամաւորներ: Մութին, բջիջային հեռախօսներու լոյսին տակ,  կամ Շտապ օգնութեան բաժանմունքին մէջ, իւրաքանչիւր հիւանդ ստացաւ բժշկական թէ վիրաբուժական խնամք: Ներկայացող պարագաները ունէին ապակիի ծանր վնասուածքներ, ինչպէս նաեւ ոսկրային կոտրուածքներ: Այդ օրը մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը ԼՕԽ-ի անձնակազմը հասաւ աղէտէն փրկուած պարագաներուն, որոնք նաեւ կեդրոն ներկայացան յաջորդող օրերուն եւս` բժշկական հետեւողական հետապնդումներուն համար: Կեդրոնի հիւանդատար կառքը հիւանդանոց փոխադրեց նաեւ ծանր պարագաներ:

ԼՕԽ-ը մինչեւ օրս տակաւին կ’ընդունի պայթումին պատճառով մարմնական վնասներ կրած պարագաներ, որոնց թիւը հասած է 300-ի: Ինչպէս նաեւ վիրաբուժ բժիշկ մը եւ հիւանդապահ մը կ’այցելեն բնակարաններու մէջ գտնուող հիւանդներու եւ բժշկական սպասարկութիւններ կը մատուցեն անոնց: Աղէտէն փրկուած վիրաւորներուն կը հայթայթուին անվճար բժշկական թէ դեղորայքի ծառայութիւններ:

«Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի մատուցած ծառայութիւններուն կողքին, մնալով ժողովուրդին հետ, Շրջանային վարչութիւնը պնակ մը «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրէն բաժին ստացող 760 պարագաներուն թիւը բարձրացուց 1000-ի:

Բ.- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եւս կրեց նիւթական ծանր վնասներ: Վերականգնելու վճռակամութեամբ արկածի պահէն անմիջապէս ետք կատարուեցան հիմնական շինարարական աշխատանքները, եւ 24 ժամ ետք հաստատութիւնը վերաբացաւ իր բժշկական եւ ընկերային ծառայութեան բաժինները:

Շնորհիւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական գրասենեակին, միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններուն կարելի եղաւ հասնիլ մեր ժողովուրդի բժշկական եւ ընկերային կարիքներուն` իւրաքանչիւր օր ընդունելով աւելի քան 300 պարագաներ:

Բժշկական բաժանմունքին մէջ արդէն իսկ սկսան գործել բժշկական սենեակները (14 բժիշկներ` մասնագիտացած տարբեր մասնագիտութիւններով), վէրքերու անմիջական դարմանումի բաժինը, դեղարանը, տարրալուծարանը, հաստատութեան մէջ գործող բոլոր բժշկական այցեգիները, դեղարանի դեղերը եւ տարրալուծարանի քննութիւնները կը մատուցուին անվճար:

Ընկերային բաժանմունքը եւս լծուեցաւ գործի` հայթայթելով ուտեստեղէնի եւ մաքրութեան առարկաներու օժանդակութիւն եւ նիւթական օգնութիւն: Այս բոլորին կողքին նաեւ սկսաւ տրամադրել հոգեցնցման դարմանում մասնագիտացած հոգեբաններու կողմէ բոլոր այն մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ տարեցներուն, որոնք հոգեպէս տուժած են ահաւոր աղէտին հետեւանքով:

Գ.- «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկ

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը նոյնպէս կրեց վնասներ: Ան, ինչպէս միշտ, նաեւ այս ճգնաժամերուն մեր ժողովուրդին կողքին է:   Պէտքերուն համեմատ, «Ճինիշեան»` իր կարողութիւններուն ծիրին մէջ, օգտակար կը դառնայ: Գրասենեակները կը վերաբացուին 24 օգոստոսին:

Ընկերային ծառայութեան եւ դեղորայքի ծրագիրները կը շարունակուին` տրուած ժամադրութիւններու հիման վրայ:

Անհատներու եւ ընտանիքներու նիւթական այս ծանր պայմաններուն մէջ, յաւելեալ օգնութիւն պիտի տրուի յաջորդող 2 ամիսներուն:

Աշխատանքին վերսկսումէն ետք պիտի մշակուին յաւելեալ ծրագիրներ:

Դ.- Նարեկի Տիրամօր կեդրոն

Նարեկ Տիրամօր կեդրոնի հիմնական աշխատանքը եղաւ աղէտէն անմիջապէս ետք կեդրոնի վնասներուն վերացումը: Կեդրոնը արդէն կը գտնուի հիւանդները ընդունելու պատրաստ վիճակի մէջ: Կեդրոնի ընկերային ծառայութեան բաժինը, որ ծերերով կը զբաղի, «Քորոնա» ժահրին պատճառով արդէն փակ է, փոխարէնը` նոյն կեդրոնին մէջ կը պատրաստուի շաբաթօրեայ ճաշ:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկ
Նարեկի Տիրամօր կեդրոն
Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Շրջանային Թէ Միջազգային Ղեկավարներու «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն Կատարած Զօրակցական Այցելութիւններ

Յաջորդը

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար»

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.