Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

May 19, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տարիէ մը ի վեր շարունակուող տնտեսական, քաղաքական անապահով պայմաններն ու համաճարակին ստեղծած անսովոր կացութիւնը հայութիւնը եւս դրին դժուարին մարտահրաւէրներու առջեւ  եւ  մեծապէս  դժուարացուցին  մեր աւանդական ու հաւաքական երթը` մեր ազգային, կրթական, մշակութային, թէ այլ մարզերուն մէջ, շատ յաճախ անել կացութեան մատնելով մեր կեանքը:

Հակառակ արտակարգ պայմաններուն`   Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները լայնօրէն բացին իրենց դռները  եւ վերստեղծեցին մշակութային աշխուժութիւն, եւ մեր երկու կեդրոնները յաճախող աշակերտութեան թիւը արձանագրեց  աճ մը` գերազանցելով 740-ը:

Հետամուտ ըլլալով ծրագիրներու արդիականացման եւ վերաորակաւորման, վարչութեան ճիգերով աշխատանքը շարունակուեցաւ` յարմարելով օրուան պայմաններուն, իսկ մասնագիտական թէ հաւաքական դասապահերու բոլոր ուսուցիչները, ի գին մեծ զոհողութիւններու,  ջանք ու եռանդ չխնայեցին բերդը կանգուն պահելու, որպէսզի նոր սերունդները հեզասահ կերպով շարունակեն հետեւիլ ազգային թէ համամարդկային արուեստներու մէջ հմտանալու իրենց  նպատակներուն: Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող ու զօրակցող մեր բարեկամները տարբեր միջոցներով շարունակեցին աջակցիլ այս աշխատաքներու յաջողութեան:

Մշակութային առաքելութիւնը լուսաւորող Գեղարուեստի դպրոցներու  միաւորներն  ու  աշակերտները, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի աւարտին   կ՛ունենան իրենց տարեկան հանդէսները, երաժշտական եւ ընկերային  ձեռնարկները, ելոյթներն ու  ցուցահանդէսները. սակայն  Լիբանանի տնտեսական անբարենպաստ եւ դժուարին կացութիւնը պարտաւորեց համակերպիլ երկրին մէջ տիրող դրութեան: 2021-2022  կրթական տարեշրջանի  աւարտին, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները պիտի նախաձեռնեն առցանց աւարտական ելոյթ-յայտագիրներու` նախ աշակերտներուն ամենայիշարժան պահը ըստ արժանւոյն գնահատելու համար, ինչպէս նաեւ իրազեկ դարձնելու մեր`  Համազգայինի ժրաջան  գործունէութեան մասին:

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները հայ պատանիին ճաշակին ու հոգիին հնոցն են: Պէտք է կռանել այդ դարբնոցը, որպէսզի անոնք կարենան սլանալ դէպի նոր հորիզոններ: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի աշակերտները պիտի ներկայացնեն իրենց աշխատանքի արգասիքը` վկայականաց բաշխման հանդիսութեան օրը, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2022-ին: Ի Դէպ, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի եւ Երեւանի կերպարուեստի ակադեմիաներու գործակցութեան պաշտօնական համաձայնագիրը պիտի կնքուի հանդիսութեան օրը` ներկայութեամբ ակադեմիայի նախագահ Արամ Իսափէկեանին:

Վստահ ենք, որ բոլորին օժանդակութեամբ 2022-2023  կրթական տարեշրջանին  մեր դռները լայն բանալով պիտի շարունակենք դասաւանդութիւնները եւ առիթը ունենանք  ամավերջի հանդէսներն ու աւարտական ելոյթ-յայտագիրները կատարելու ներկայութեամբ:

Շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն:

Առցանց յայտագիրներուն կարելի է  հետեւիլ հետեւեալ ժամանակացոյցով:

 

Նախորդը

Պետական Շահը Ընդդէմ… Ազգային Շահի՞ն

Յաջորդը

Խոսրով Ասոյեանի Ասքը

RelatedPosts

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը
Գաղութային

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

January 17, 2026
Ժան Մոմճեան` Մեթնի  Թաղապետներու Լիկայի Հաշուապահ
Գաղութային

Ժան Մոմճեան` Մեթնի Թաղապետներու Լիկայի Հաշուապահ

January 17, 2026
Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.