Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 21, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) բացման նիստին յատուկ կերպով խօսք առնելով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց շրջանէն ներս եկեղեցիներու գործակցութեան նոր մղում ու ծաւալ տալու հրամայականը: «Հսկայ տագնապներու դիմաց է Միջին Արեւելքը. տագնապներ, որոնց անմիջականօրէն ենթակայ են նաեւ եկեղեցիները: Այս կացութեան դիմաց, սովորական գործակցութենէ անդին, անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել ներեկեղեցական ու միջեկեղեցական կեանքը ու ճշդել առաջնահերթութիւնները, որոնք ըլլան համահունչ ներկայ պայմաններուն», ըսաւ ան`  վեց կէտերու մէջ ամփոփելով իր խօսքը.

1.- Եկեղեցւոյ միութիւնը տեսական յղացք կամ աստուածաբանական համաձայնութիւն չէ շրջանէն ներս: Անիկա պէտք է ըմբռնուի որպէս համապարփակ գործակցութիւն եկեղեցիներու միջեւ: Այս ծիրին մէջ Յարութեան տօնը միասին տօնելը հրամայական է: Անհրաժեշտութիւն մըն է սա, որ պարզապէս կը կարօտի եկեղեցական տոմարի որոշ փոփոխութեան:

2.- Աստուածաբանական ու եկեղեցագիտական ծրագիրներէն առաջ ժամանակն է, որ թէ՛ ՄԱԵԽ-ը եւ թէ՛ եկեղեցիները առաջնահերթութիւն տան` քրիստոնէական դաստիարակութեան, հովուական առաքելութեան, ընկերային ծառայութեան եւ եկեղեցւոյ կեանքի այլ գործնական երեսներուն առնչուած ծրագիրներուն:

3.- Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներուն արտագաղթը նոր թափ ստացած է վերջին տարիներուն շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն ու յառաջացող տագնապներուն պատճառով: Առանց քրիստոնէական ազդու ու կազմակերպ ներկայութեան` Միջին Արեւելքը պիտի կորսնցնէ իր իւրայատուկ նկարագիրը: Այս երեւոյթը կրնայ իր ժխտական հետեւանքները ունենալ ողջ շրջանին համար: Հետեւաբար եկեղեցիներ միասնաբար պէտք է դիմեն ազդու միջոցներու` կասեցնելու համար քրիստոնեաներու արտագաղթը:

4.- Սփիւռքի եկեղեցիներուն հետ Միջին Արեւելքի մայր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը անհրաժեշտ է որ ծաւալի: Որեւէ ժամանակէ աւելի շրջանի եկեղեցիները կարիքը ունին սփիւռքի իրենց համայնքներու զօրակցութեան եւ օժանդակութեան, յատկապէս` կրթական ու ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս:

5.- Իսլամներուն հետ գոյակցութիւնը, իր աստուածաբանական երկխօսութենէն անդին, պէտք է դառնայ գոյութենական գործակցութիւն` երկու կրօնները իրարու միացնող հասարակաց արժէքներու ու մտահոգութիւններու շուրջ: Այս ուղղութեամբ խորհուրդը կոչուած է դիմելու կարեւոր նախաձեռնութիւններու շրջանի իսլամական գլխաւոր կեդրոններուն հետ:

6.- ՄԱԵԽ-ը եկեղեցիներէն դուրս կազմակերպութիւն մը չէ: Խորհուրդը եկեղեցիներն են: Հետեւաբար, ի՞նչ ձեւով կրնան եկեղեցիները աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել խորհուրդի աշխատանքներուն: Իսկ միւս կողմէն` ի՞նչ ձեւով կրնայ խորհուրդը դառնալ ծառայական ներկայութիւն եկեղեցիներու կեանքին մէջ:

Ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք վերոյիշեալ կէտերը, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ վերոյիշեալ մտահոգութիւններն ու ծրագիրները համապարփակ կերպով պէտք է քննարկուին թէ՛ խորհուրդին եւ թէ՛ եկեղեցիներուն կողմէ` նոր պայմաններու լոյսին տակ:

Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը շեշտեց ՄԱԵԽ-ը վերակազմակերպելու հրամայականը:

 

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Աստուածաշունչի Ընկերակցութեանց Միջազգային Համագումարին Անգլիոյ Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը

RelatedPosts

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան  Ներկայացուցիչները Այցելեցին  Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին
Գաղութային

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին

Յունիս 27, 2022
Շողիկ Թորոսեանի «Կաթիլ Մը Արցունք» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Շողիկ Թորոսեանի «Կաթիլ Մը Արցունք» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս

Յունիս 27, 2022
ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ Դասախօսութիւն` Սրբալոյս Միւռոնին Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ Դասախօսութիւն` Սրբալոյս Միւռոնին Մասին

Յունիս 27, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In