7 յուլիս 2022-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ յիշեալ խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ խորհուրդներուն մէջ գործող բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Այցելութեան նպատակն էր վեհափառին հետ խորհրդակցիլ միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու շուրջ: Կաթողիկոսը իր ունեցած երկար տարիներու միջեկեղեցական փորձառութեան լոյսին տակ պարզեց իր տեսակէտները:
Յայտնենք, որ պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն ետք վեհափառ հայրապետը առանձին տեսակցութիւն ունեցաւ ԵՀԽ-ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. հայր Եոան Սաուքայի հետ: