Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ միւռոնօրհնէքի առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, շաբաթ, 2 յուլիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Պէյրութ` լոյսի օրրան» խորագիրով ցուցահանդէսին: Ներկայ էին միւռոնօրհնէքին առիթով Լիբանան հասած հիւրեր, լիբանանահայ արուեստագէտներ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:
Այս ցուցահանդէսը կը համախմբէ անցնող քանի մը տարիներուն առողջապահական ճգնաժամի ընթացքին եւ այլապէս իրենց մահկանացուն կնքած լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտներու` Կիւվտէրի, Ռոզվարդ Սիսեռեանի, Զաւէն Խտըշեանի եւ ցուցասրահի բարերար Լիւսի Թիւթիւնճեանի գործերէն հաւաքածոյ մը: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ լիբանանահայ կերպարուեստի վաստակաշատ ու տաղանդաշատ ներկայացուցիչներ Հրայր, Միսաք Թերզեան, Գրիգոր Ակոբեան, Ժաքլին Օհանեան, Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեան, Րաֆֆի Թոքաթլեան եւ Միրէյ Կոկիկեան:
Ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ այս ցուցահանդէսի նպատակին եւ յայտնեց, որ անցնող տարիներուն Լիբանանի ապրած ընկերային-տնտեսական ու առողջապահական ճգնաժամէն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ու անոր պատճառած ահաւոր աղէտէն ետք, ահաւասիկ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը վերանորոգ թափով եւ կամքով կը վերսկսի ցուցահանդէսներու կազմակերպման եւ յոյսով է, որ նոր աշխուժութիւն եւ կենսունակութիւն կը ներդրէ լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ:
Հաւաթեան իր խօսքը շարունակեց հաստատելով, որ ամբողջ հայաշխարհը անցնող երեք տարիներուն մասնակից դարձաւ լիբանանահայութեան վերականգնումի հաստատակամ ճիգին, եւ այսօ՛ր արտասահմանէն ժամանած այս ցուցահանդէսի հիւրերուն ներկայութեան, թարգմանը հանդիսանալով լիբանանահայու ապրումին, շնորհակալութիւն կը յայտնէ, ի շարս այլ զօրակցական նախաձեռնութիւններու, կրթական եւ մշակութային բնագաւառին մէջ նաեւ ցուցաբերուած անվերապահ աջակցութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հայորդիներուն, որոնք ներդրում ունեցան լիբանանահայութեան վերականգնումի հոլովոյթին մէջ:
Ապա Հաւաթեան հրաւիրեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ- արուեստագէտներ Մկրտիչ Միքայէլեանը եւ Գէորգ Քէշիշեանը, որոնք հանդէս եկան նուագի գեղեցիկ կատարումով մը:
Այս առիթով Հաւաթեան անդրադարձաւ նաեւ Համազգայինի Լիբանանի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին եւ ընդհանրապէս գեղարուեստի դպրոցներուն ծաւալած կարեւոր աշխատանքին` նորահաս սերունդներու մշակութային կազմաւորման առաքելութեան առումով:
Բացման հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան իր ուրախութիւնը արտայայտեց այս ցուցահանդէսի կազմակերպման առիթով` հաստատելով, որ լիբանանահայ կեանքի հանգրուանային բնականոնացման հոլովոյթին մէջ, ահաւասիկ արուեստի այս օղակը նաեւ մասնակից է այդ հաւաքական ճիգին ու կը վերադառնայ իր աշխուժ գործունէութեան: Ան ողջունեց արտասահմանի հիւրերու ներկայութիւնը` վստահեցնելով, որ մշակոյթի այս հարազատ օճախը պիտի շարունակէ իր ճառագայթումը: Անդրադառնալով կեանքին հրաժեշտ տուած լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտներուն` առաջնորդ սրբազանը իր խօսքի աւարտին կարեւոր նկատեց այսպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կը յաւերժացնեն անոնց մեծ վաստակը եւ յիշատակը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 յուլիս: