Յարձակում Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Ցուցահանդէսին Վրայ
Անյայտ անձեր յարձակած են Գերմանիոյ Աախըն քաղաքին մէջ բացուած` «1915-2015. հայկական ճարտարապետութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսի պաստառներուն վրայ` վնաս հասցնելով անոնցմէ քանի մը հատին: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատու կայքը կը գրէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անկէ առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն ստեղծած մշակութային ու ճարտարապետական ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսի լուսանկարչական եւ տեղեկատուական մեծածաւալ պաստառները պատռտուած են դանակներով եւ այլ սուր գործիքներով: Ցուցահանդէսը...



















