Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ստրուկի Մտայնութիւն

Յունուար 29, 2016
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

azap_012916

Պոլսոյ զբօսաշրջիկին համար աննկատելի չէ այս «Թըրքիշ կրաֆիթի»-ն… Իսկ լուսանկարիչի ոսպնեակի ետին, ձիւնածածկ սիւներուն տակ, պատահմամբ ցցուող այս գրութիւնը իր խոր իմաստը ունի:

Շատ պիտի գրուի այս երկու բառին` «Ազափ Էրմենիէ», այսինքն` տանջուած ու ստրուկ հային մասին:

Սակայն նոյնինքն այդ «կրաֆիթի»-ին գրչի ետին գտնուող անձը, կամ խմբակը ստրուկի մտայնութեան տէր հիւանդներ են:… Լուրջ հիւանդներ, որոնք իրենց իսկ սահմանափակ եւ ստրկամտութեան զոհերն են:

Այդ ցեղապաշտ գրութիւնը արձանագրուած է յունուար 19-ին, որ… հասկցողին շատ բարեւ` Հրանդ Տինքի մահուան 9-րդ տարելիցին առթիւ կատարուած է եւ այդ ալ` Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող «Գալֆայեան» հայկական դպրոցի ցանկապատին վրայ:

Թէեւ տանջուած ենք, սակայն երբեք ստրուկ չե՛նք… Եւ այդ մէկուն քաջատեղեակ պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ տարածքին բնակող ու շնչող ոեւէ էակ:

Ստրուկ չէ՛ Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած որեւէ փոքրամասնութիւն, ըլլա՛յ հայ, քիւրտ, ասորի, ալեւի, յոյն, թիւրքմէն…

Դեռ քանի մը օր առաջ, ծագումով հայ երեսփոխաններ, ամենայն յանդգնութեամբ արծարծած էին Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս:

Անոնք հպարտօրէն շեշտեցին, թէ իրենք ծագումով հայեր են եւ եկած են պաշտպանելու իրենց իրաւունքներն ու տէր կանգնելու արմատներուն:

Յառաջադէմ թուրքերու շօշափելի թիւ մը համակարծիք է եւ փոքրամասնութիւններու թիկունք կանգնելով` կը յայտնէ. «Ստրուկ չե՛ն եւ չե՛նք»:

Նոյնիսկ կրնան միեւնոյն ձեւով մտածել… հարիւր տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութիւնը մտայղացած ղեկավարութեան շառաւիղէն սերած տեղացիներ:

Այդ «կրաֆիթի»-ի ետին կանգնողը վոհմակ մըն է… «Գորշ գայլեր»-ու, նաեւ այդ ծայրայեղ ազգայնամոլ-կրօնամոլներու կողքին կանգնող, արդարութենէ եւ բարգաւաճումէ շատ հեռու, սուլթանութիւն երազող` նախագահ Էրտողան եւ իր հլու կամակատար վարչամեքենան:

Նոյնինքն ստրկացած եւ սնանկացած արարք մըն է պատահածը, որ բոլորովին անվայել եւ անյարիր կը նկատուի:

Միջազգային օրէնքներու հետ քայլ պահելով եւ տարիներ շարունակ պայքարելէ ետք, յառաջադէմ պետութիւններ եւ ոչ կառավարական հիմնարկներ արգիլած են ստրկութիւնը: Ստրկութիւնը արգիլող եւ թեր քուէարկող վերջին երկիրը… Ափրիկէի Սահարա անապատին խորքերը թաքնուած Մաւրիտանիան էր:

Եւ երեւակայել հեռաւոր Նուաքշոթի (Մաւրիտանիոյ մայրաքաղաքը) մէջ ստրկութիւնը արգիլուած է, իսկ զանազան մշակոյթներ եւ ցամաքամասեր կամրջող պատմութիւն կերտած քաղաք Պոլսոյ մէջ ցայսօր ստրկութիւն քարոզող նմանօրինակ գրութիւններ պարզապէս ահազանգ կը հնչեցնեն:

Այս պարագային, միակ ստրուկը այն անձն է, որ այս ստրկամտութեան տէր է եւ նմանօրինակ գաղափարաբանութիւն կը քարոզէ:

Պարզ ու ջինջ… ստրուկ չե՛նք եւ պիտի չըլլա՛նք:

Նախորդը

Փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ. «1915 Թ. Հայկական Ապստամբութիւնների Վերաբերեալ Պնդումը Սուտ Է» (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Սխալի Առաջնորդող Գաղափարական Եւ Յղացքային Շփոթներ Եւ Քաղաքական Միտքի Ճահճացում

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?