Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Քրտական Հարցը Մուտք Գործած Է Նոր Հանգրուան` Թաղային Պատերազմ

Յունուար 20, 2016
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

pkk_012016

Կէօքհան Պաճըք թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ թրքական կառավարութեան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) միջեւ շուրջ երկու տարուան թրքավարի բանակցութիւններէն ետք հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ մէջ դարձել որոշ ձեւի պատերազմ մը գոյութիւն ունի: Բանակցութիւնները թրքավարի էին, որովհետեւ ռազմավարութիւն կամ մանրամասն ծրագիր մը գոյութիւն չունէր: Այսօր Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցը թեւակոխած է նոր հանգրուան` թաղային պատերազմ:

Հեգնականօրէն կառավարութիւնը կը փորձէ վերատիրանալ շարք մը բնակավայրերու, որոնք բանակցութեանց հանգրուանին անցած էին ՔԱԿ-ի առչնուած խմբաւորումներու ձեռքը: Այժմ ի յայտ կու գայ, որ ՔԱԿ-ը յաջողած է քրտական բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կառուցել դիմադրութեան արդիական ենթակառոյցներ: Քրտական հարցի նոր հանգրուանը աւելի ուշադիր վերլուծումի կը կարօտի: Թուենք գլխաւոր կէտերը.

1.- Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ ՔԱԿ-ի առնչակից խմբաւորումներ կը փորձեն տարածաշրջանին մէջ քրտաբնակ բնակավայրերու վրայ լայն վերահսկողութիւն հաստատել: ՔԱԿ աւանդաբար կը կիրարկէր «յարձակէ եւ նահանջէ» հայդուկային մարտավարութիւնը: Սակայն այսօր քրտական խմբաւորումները բնակավայրերու մէջ մարտահրաւէր կ՛ուղղեն կառավարութեան: Ուստի, ՔԱԿ-ի գործունէութիւնը այլեւս միայն գիւղական շրջաններու վերապահուած երեւոյթ չէ: Անիկա նաեւ քաղաքներու մէջ երեւոյթ է:

2.- ՔԱԿ տակաւին թաղային կռիւներուն մէջ ուղղակի մասնակցութիւն չունի: Պատերազմը կը մղուի հիմնականին մէջ անոր առնչուած քիւրտ երիտասարդներով համալրուած կազմակերպութիւններու կողմէ: Կը թուի, թէ ՔԱԿ այս թաղային կռիւը կը փորձէ որոշ հեռաւորութենէ մը:

3.- Եթէ ՔԱԿ-ի առնչուած կազմակերպութիւնները յաջողին քաղաքներու մէջ իրենց ճակատամարտը երկար ժամանակ շարունակել, այդ մէկը կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ին միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան փոփոխութիւն պիտի պատճառէ:

4.- Կառավարութեան համար ապահովական ուժերու ճամբով քաղաքներու մէջ կռուիլը դժուար է: Առաւել դժուարը այսպիսի պատերազմ մը աւարտելն է: Միջին Արեւելքի փորձառութիւնը կը թելադրէ, որ թաղային պատերազմները աւարտելը դիւրին չէ:

5.- Թաղային կռիւներու գինը հակամարտութեան նախկին հանգրուաններէն տարբեր է: Ատիկա ժողովրդագրական աւելի մեծ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ: Այսօր կը հաղորդուի, որ հազարաւոր քիւրտեր կը հեռանան իրենց քաղաքներէն` կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ի առնչակից խմբաւորումներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին թիրախներու չվերածուելու համար: Սակայն  հաւանական է, որ ժողովրդային այս տեղափոխութիւնները վատթարացնեն կացութիւնը: Սկիզբէն ի վեր  ժողովրդային այդ տեղափոխութիւնները մաս կազմած են քրտական հարցին: Տեղահանուած այդ մարդիկը շուտով մաս կը կազմեն տնտեսական եւ ընկերային լուրջ հարցերուն: Ուստի քրտական քաղաքներու միջեւ բնակչութեան տեղափոխութիւնները հաւանաբար ապագային ՔԱԿ-ին համակիր ժողովրդային նոր շարժում մը ստեղծեն:

6.- Քրտական հարցի տեսարանը կը փոխուի, ինչ որ շատ կարեւոր է թրքական հասարակութեան համար: Վերջինս առաջին անգամ ականատեսը կը դառնայ Թուրքիոյ մէջ քանդուած քաղաքներու տեսարաններուն` ճիշդ այնպէս, ինչպէս անոնց նմանները կային Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ: Դարձեալ, ասիկա առաջին անգամն է, որ անոնք կը տեսնեն հրասայլեր, որոնք քրտական քաղաքներու մէջ կրակ կը բանան: Այս իրողութիւնը պիտի խորացնէ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ գտնուող հոգեբանական վիհը:

Թրքական հասարակութիւնը կորսնցուցած է լուծումի մը նկատմամբ իր յոյսը: Թուրքերու մեծամասնութիւնը քրտական հարցը անշրջելի հանգրուան հասած ըլլալուն գիտակցելու ընթացքի մէջ է:

Այժմ քրտական հարցը կը ներկայանայ իբրեւ անյուսալի տագնապ մը: Այս հարցը կարելի չէ լուծել միայն ուժի կիրարկմամբ, իրողութիւն մը, որ անցնող 30 տարուան ընթացքին արդէն փաստուած է: Միւս կողմէ` Թուրքիան դաշնակցային դրութեամբ քիւրտերու հետ համակեցութեամբ ապրելու լուծում մը պիտի չընդունի: Թուրքիոյ համար Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող քրտական ինքնավար շրջանի մը ստեղծումը մեծապէս անհաւանական է, որովհետեւ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ հասարակական մշակոյթը այդպիսի գաղափարի մը նկատմամբ խիստ թշնամական վերաբերմունք ունին: Ուստի, ի՞նչ է անխուսափելի լուծումը: Ինչպէս անցնող 30 տարիները ցոյց տուած են, տրամաբանական ընտրանքը քրտական հարցի տարբեր ձեւաչափերով շարունակութիւնն է:

Նախորդը

2015. Թուրքիայի Գերյագեցած Տարին

Յաջորդը

Թուրքիան Կը Շարունակէ Ժողովուրդներու Դիակներուն Վրայ Ինքզինք Կառուցել

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?