Գաղութային

Սուրբ Ծնունդը Հռիփսիմեանց Սիրասուն Մանուկներուն Հետ

Ինչպէս ամէն տարի, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի սիրասուն մանուկներուն հետ միասին աւանդութիւն դարձած Սուրբ Ծննդեան ուրախալի հանդիսութիւնը այս տարի եւս տարբեր հմայքով եւ իւրայատուկ ներկայացումով նշուեցաւ: Վարժարանին հանդիսասրահէն ներս, կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ծնողներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ դիտելու Սուրբ Ծննդեան յատուկ հանդէսը: Ծննդեան գեղեցկահունչ մեղեդիներով եւ շարականներով մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Յիսուս Մանուկի...

Ամանորի Տօնակատարութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին, կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Աբգարեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ունեցաւ ամանորի առիթով տօնակատապրութիւն: Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Կիրանօրեայ վարժարանի տեսչուհի Սիլվա Իփրաճեան: Ան բացատրեց Կիրակնօրեայ վարժարանին դերը, որ նոր սերունդին մէջ կը տարածէ Ս. Գրոց ուսումը: Ան կոչ ուղղեց նոր բսերունդը առաջնորդել կիրակնօրեայ վարժարան եւ անոնց ջամբել լաւագոյն...

Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս

Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս աւանդութիւն դարձաւ Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ մեծադիր մսուրին բացումը, որ հետզհետէ դուրս գալով իր նեղ ծիրէն` վերածուեցաւ ժողովրդային տօնախմբութեան: Այս տարի 21 դեկտեմբերը ճշդուած էր մսուրի բացման հրաւէրներուն վրայ` յղուած պատկան մարմիններուն, ծնողներուն, դպրոցի բարեկամներուն: Րաֆֆի Պարսամեանը` վարժարանի ուսուցիչներէն, հիմնական «ճարտարապետն» էր, որուն համակրանքը եւ հաւատքը այս նախաձեռութեան հանդէպ` կը մղէին զինք նոր յղացքներու, մանրամասնութիւններու, ուսուցչական կազմի անմիջական...

Անարատ Յղութեան Տօնին Առիթով Հանդիսութիւն Հայ Կաթողիկէ Ս. Ագնէս Վարժարանին Մէջ

7 դեկտեմբեր 2012-ին Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանին մէջ մեծ շուքով տօնեցինք  Աստուածամօր անարատ յղութեան եւ հայ քոյրերու միաբանութեան տօնը: Այս տարի Անարատ յղութեան տօնը զուգադիպելով 1988 դեկտեմբեր 7-ի մեծ աղէտին, յայտագրի առաջին բաժինը տրամադրուեցաւ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի ոգեկոչման: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն յաջորդեց բացման խօսքը, որուն մէջ յիշուեցաւ, որ 7 դեկտեմբերի ահաւոր երկրաշարժը սարսափի մատնեց հայրենիքի եւ սփիւռքի...

Լիբանանի Հիւանդապահներու Միութիւնը (Order) Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 10-ամեակը

ՍՕՍԻ Ա. ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանի Հիւանդապահներու միութիւնը տօնեց իր հիմնադրութեան 10-ամեակը, երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2012, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, «Հիւանդապահութիւնը, լրատուութեան եւ համբաւաւոր հիւանդապահներու միջեւ» խորագրով: Տոքթ. Ուալիտ Ամմար` ընդհանուր տնօրէն առողջապահութեան նախարարութեան, երեսփոխաններ, ուսումնական, արհեստակցական ընկերութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հիւանդապահներ, ծնողք եւ բարեկամներ: Հանդիսութիւնը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով, որմէ ետք հանդիսավար Հիամ Ապու Շըտիտ...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Հանդիպինք Երիտասարդ Գրողին…

Օրը դեկտեմբեր 13-ն էր, հինգշաբթի: Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին լուսաւորուած դահլիճը տօնական տրամադրութեան մէջ էր: Աշակերտները բոլորն ալ իրենց տեղերը գրաւած` փսփսուքով կը զրուցէին ու ակնյայտ սպասման մէջ էին: Բեմին վրայ ուրախ տօնածառը կը շողշողար, իսկ քուլիսներէն մէկուն միջնորմին վրայ, մեծ ու գեղեցիկ, կարծես ժանեակազարդ գիրերով գրուած էր` «Հանդիպինք երիտասարդ գրողին»... Սպասումը երկար չտեւեց: Դպրոցին տնօրէնը` Մարալ Պալեօզեան սրահ մտաւ...

Ամանորի Հանդէսը Ս. Խանամիրեան Վարժարանէն Ներս

Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճէն ներս 14 դեկտեմբեր 2012-ին տիրած էր տօնական խանդավառ մթնոլորտ, երբ տեղի կ՛ունենար աւանդութիւն դարձած Ամանորի հանդէսն ու «պազար»-ը: Ներկայ էին` վարժարանի բարերարուհի Միրէյ Խանամիրեան, Ֆանարի Ս. մատրան տիկնանց յանձնախումբը, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը, ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» ու «Արազ» մասնաճիւղերուն ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ վարժարանի բարեկամներ: Հանդէսին իրենց ներկայութիւնը բերին մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներ, որոնք...

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Աշակերտական Գծագրութիւններու Ցուցահանդէս

Վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանէն ներս 4 տարիէ գործող գծագրութեան ակադեմիայի աշակերտներու գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը: Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդի նախագահ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի, վարդապետներու, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ Ատնան Ֆաքհանիի, ծնողներու, աշակերտներու, բարեկամներու եւ հիւրերու ներկայութեան, ցուցահանդէսին բացման...

ԼՕԽ-ի Գործունէութենէն. ԼՕԽ-ի Քարոզչական Յանձնախումբ

ԼՕԽ-ի Շրջա­նա­յին քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին հետ գոր­ծակ­ցա­բար, «Ազ­դակ» կը սկսի հրա­տա­րա­կել ԼՕԽ-ի էջ` ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ: ԼՕԽ-ի գոր­ծու­նէ­ու­թեան վե­րա­բե­րող օրին կա­տա­րուող լրա­տուու­թիւն­նե­րուն եւ թղթակ­ցու­թիւն­նե­րուն առըն­թեր ամ­սա­կան էջով պի­տի ներ­կա­յաց­ուի հա­մադ­րու­մը ԼՕԽ-ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան, քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ ընդ­հան­րա­պէս ԼՕԽ-ի մաս­նա­ճիւ­ղա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեան: «Ազ­դակ» կա­րե­ւոր կը նկա­տէ յատ­կա­պէս ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն ԼՕԽ-ի բա­րե­սի­րա­կան բնոյ­թի գոր­ծու­նէ­ու­թեան լի­ար­ժէք լու­սա­բա­նու­մը: «Ա.» ա) ԼՕԽ-ի  Շրջանային քարոզչական  նորակազմ յանձնախումբը օգոստոս 2012-ին...

ԼՕԽ-ի Կրթանպաստի Յանձնախումբ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի  յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 13 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան»  սրահին  մէջ: Բացման խօսքը կատարեց  յանձնախումբէն  Շաքէ Գարայեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ. «ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութեան դաշտը  հսկայական է, ան իր մասնաճիւղերով ու  յանձնախումբերով անշահախնդիր աշխատանք կը տանի` հասնելու ժողովուրդին ծով կարիքներուն»: «Ընկերայինի ու առողջապահականի կողքին, ԼՕԽ-ը առաջնահերթ  կարեւորութիւն կ՛ընծայէ...

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ  «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, 13 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ  ընկերային հանդիպում-նախաճաշ «Ռուբէն» ակումբի սրահին  մէջ: Ներկայութեամբ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ  Սօսի  Քէօյլեանի, քոյր մասնաճիւղերու  ներկայացուցիչներու, տիկնանց միութիւններու, հրաւիրեալներու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի  համակիրներու, բացումը կատարուեցաւ  ձեռնարկին` յոտնկայս երգելով ԼՕԽ-ի քայլերգը:  Ապա  մասնաճիւղի ատենապետուհի Զեփիւռ  Պռնըեագրապեան ողջունեց ներկաները` հակիրճ ձեւով ներկայացնելով օրուան յայտագրին գլխաւոր կէտերը: Ապա ան խօսքը...

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ

Երեքշաբթի,  27  հոկտեմբեր  2012-ին,  ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի աւելի քան ութսուն անդամներու,  «Գարեգին  Նժդեհ»  ակումբին  մէջ  տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան»  մասնաճիւղին նոր տարեշրջանի առաջին  ձեռնարկը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի  Շրջանային  վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի  Սարգիսեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը  կատարեց վարչութեան ատենապետուհի Արաքսի Գըլըճեան: Ան բարի  գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով վարչութեան  յառաջիկայ գործունէութեան մասին: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի Մարլէն ...

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղ

Հովանաւորութեամբ  ԼՕԽ-ի  Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին (Նոր Ամանոս), հինգշաբթի,  20 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան  առաջին  ձեռնարկը` դաշտագնացութիւն դէպի  Զըքրիթի Մար Ապտա ուխտատեղիի եկեղեցին  եւ Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, հրաւիրեալներու,  համակիրներու եւ 90 ԼՕԽ-ականներու: Իսկ Ժըհիթայի պատմական քարայրին մէջ անոնք  նաւակով շրջեցան  տեսարժան վայրին մէջ: Կէսօրուան ճաշի դադարը տեղի ունեցաւ քարայրին...

ԼՕԽ-ի«Աղթամար» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան  յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած  դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 2 հոկտեմբեր  2012,  ուրբաթ կ. ա. ժամը 11:00-ին, մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ: Օրուան դասախօսն էր դեղագործ Գալէ  Տէր  Գալուստեան,  որ խօսեցաւ «Դեղերու ճշգրիտ  գործածութիւնը եւ դեղերու տարբերակները» նիւթին շուրջ: Յարգելի դասախօսը  ներկայացուց  դեղերու  ճշգրիտ օգտագործման կերպերը, սխալ  օգտագործումի ժխտական հետեւանքը, դեղերու փոխազդեցութիւնը, դեղերու հանդէպ  գերզգայնութիւնը, մնայուն ու երկարատեւ հիւանդութեանց պարագան տարեցներուն...

ԼՕԽ-ի «Նանոր Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Առօրեայէն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութիւնը վայելող «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները անցուցին հարուստ եւ ճոխ յայտագրով ամառնային  շրջան մը:   Յանձնախումբի ատենապետին եւ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ անոնց համար նախապէս պատրաստուած եւ ծրագրուած յայտագիրը իրագործուեցաւ շատ յաջող կերպով, ամէնօրեայ  դրութեամբ: Եռամսեայ այդ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր   արժեւորել հայ գիրքը, սիրցնել   ընթերցանութիւնը, ամառնային դասեր,  ընդհանուր զարգացման գիտելիքներ, մտային եւ դաստիարակչական խաղեր, գծագրութիւն,  ձեռային աշխատանք, թատրոն,  համակարգիչի ...

Հոգեհանգիստ` «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Բարերարին Ու Անոր Ընտանիքի Անդամներուն Յիշատակին

Նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2012-ին Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլ, Լէյլա եւ Հաուըրտ Գարակէօզեաններու: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Գեղամ արք. Խաչերեանի, հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամներուն, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան...

Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Կ՛արժանանայ «Պիաֆ»-ի Մրցանակին

27 նոյեմբեր 2012-ի գիշերը մեծարանքի երեկոյ մը, տեղի ունեցաւ Պէյրութի «Պիէլ» կեդրոնի «Փաւիյոն Ռուայեալ» ընդարձակ եւ գեղեցիկ սրահին մէջ, աւելի քան հազար հրաւիրեալներու ներկայութեան, կազմակերպութեամբ «Պէյրութ էնթերնասիոնալ մեծարանքի փառատօն»-ին (Biaf), մասնակցութեամբ Լիբանանի Կրթութեան եւ գեղարուեստի նախարարութեան: Նոյն առիթով ներկաներուն մատուցուեցաւ տոհմիկ ընթրիք: Մեծարուողները թիւով` 15 հոգի, գիտութեան եւ արուեստներու մէջ հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ էին: Յարութիւն Թորոսեան միակ հայն էր եւ...

Լիբանանի Անկախութիւնը Թորոսեան Վարժարանին Մէջ. Անկախութիւն…

Բառը ինքնին արդէն մեծ իմաստ կը պարփակէ իր մէջ: Խիստ կարեւոր է փոքրիկներու մտքին մէջ յստակացնել ու ամրապնդել անկախութեան գաղափարը եւ անոր կարեւորութիւնը: Այս կէտը ի մտի ունենալով` Թորոսեան վարժարանը, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս  յատուկ ոճով եւ շուքով  յիշատակեց Լիբանանի անկախութեան տօնը: Տօնակատարութիւնը եղաւ յատուկ` որովհետեւ աշակերտներու պատրաստած  յայտագրին կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու  խմբակ...

«Տիրամայր Հայաստանի» Երգչախումբը Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ

Մայր հայրենիքէն ժամանած «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը Լիբանան կեցութեան վեցօրեայ շրջանի վերջին օրը հիւրը եղաւ Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտներուն: Հինգշաբթի, 29 նոյեմբերի առաւօտուն,  մանկապարտէզի ու ծաղկոցի բաժիններուն այցելութեամբ եւ երեխաներու հետ մօտէն շփման մէջ գտնուելու նպատակով երգչախումբին անդամները որոշակի կապուածութիւն մը ցուցաբերեցին մանկապարտէզի երեխաներուն հետ` երգելով ու զուարճանալով: Նոյն օրը վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններու աշակերտութիւնը իւրայատուկ հանդիպում մը ունեցաւ...

Միջդպրոցական «Պայան» Մրցանքի Առաջին Դիրքը Գրաւեց Մեսրոպեանական Սանտրա Չէօլմեքեան

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ երէկ` ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2012-ին, «Կոկիկեան» հիմնարկին կազմակերպած արաբերէն շարադրութեան «Պայան» մրցանքին առաջին դիրքը գրաւեց Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհի Սանտրա Չէօլմեքեանը, որ գրած էր փտածութեան երեւոյթին մասին տպաւորիչ գրութիւն մը: Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին  լիբանանահայ 12 վարժարաններէ աշակերտներ: Նշեալ իրագործումը արդիւնքն է աշակերտ - ծնողք - ուսուցիչ - տնօրէնութիւն գործակցութեան եւ կազմակերպուած ու հետեւողական աշխատանքին: Նշեալ...

Page 96 of 114 1 … 95 96 97 … 114

Արխիւներ