Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ծնունդը Հռիփսիմեանց Սիրասուն Մանուկներուն Հետ

January 5, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ամէն տարի, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի սիրասուն մանուկներուն հետ միասին աւանդութիւն դարձած Սուրբ Ծննդեան ուրախալի հանդիսութիւնը այս տարի եւս տարբեր հմայքով եւ իւրայատուկ ներկայացումով նշուեցաւ:

Վարժարանին հանդիսասրահէն ներս, կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ծնողներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ դիտելու Սուրբ Ծննդեան յատուկ հանդէսը:

Ծննդեան գեղեցկահունչ մեղեդիներով եւ շարականներով մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Յիսուս Մանուկի ծնունդը պատմող թատերակ մը` Աստուածամօր աւետումէն մինչեւ Քրիստոսի ծնունդը:

Հռիփսիմեանց մանկապարտէզի պատասխանատու մանկապարտիզպանուհին` Ծովիկ Ֆեթուլահեան, իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրեց վարժարանիս  տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ ջերմեռանդ բարեմաղթութիւններ յայտնելէ ետք,  գնահատեց ժրաջան ուսուցչուհիներուն անձնուրաց աշխատանքը եւ յատկապէս ծնողները, որոնք վստահելով Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի  իննսունամեայ առաքելութեան ու վաստակին`  իրենց սրտի հատորները յանձնած են այս պատմական կրթական ամրոցին, հայեցի ու քրիստոսավայել ուսումնական դարբնոց` Հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին:

Տնօրէնուհիին խօսքէն ետք, կենդանի մսուրին դիմաց Ծաղկոցի, Բողբոջի, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները գունագեղ տօնական զգեստներով հերթաբար բեմ բարձրանալով պարեցին տարբեր-տարբեր Կաղանդի երգերու եւ մեղեդիներու կշռոյթին տակ`  մեծապէս հաճոյք պատճառելով հանդիսականներուն, որոնք ծափերու տարափով զմայլած կակուղ թաթիկներով սիրասուն  փոքրիկներուն պարերն ու երգերը քաջալերեցին:

Հանդիսութեան աւարտին բոլորին հաճելի անակնկալն էր Կաղանդ մամային եւ Կաղանդ պապուկին ժամանումը, որ աւելի խանդավառեց եւ ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն եւ յատկապէս մանուկներուն մօտ:

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր տարի:

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Վեց Յունուար

Յաջորդը

Ամանոր

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.