Երրորդ Տարին Ըլլալով Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Մրցումը Կայացաւ Առողջ Մրցակցութեան Եւ Քաջալերական Մթնոլորտի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, շաբաթ, 16 փետրուար 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, երրորդ տարին ըլլալով, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը: Մրցումին բարի գալուստի խօսքը խմբակին անունով արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Հ. Տինքի յիշատակին, որովհետեւ լրագրողը, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրը Հայոց ցեղասպանութեան հարցը հետապնդելու աշխատանքին...
