Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Աշակերտական Գծագրութիւններու Ցուցահանդէս

December 25, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանէն ներս 4 տարիէ գործող գծագրութեան ակադեմիայի աշակերտներու գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը:

Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդի նախագահ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի, վարդապետներու, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ Ատնան Ֆաքհանիի, ծնողներու, աշակերտներու, բարեկամներու եւ հիւրերու ներկայութեան, ցուցահանդէսին բացման ժապաւէնը կտրելէ ետք, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան:

Ան նշեց, թէ` «աշակերտական գծագրութիւններու այս ցուցահանդէսը կու գայ ապացուցելու արուեստի եւ ի մասնաւորի գեղանկարչութեան նկատմամբ հայ ազգին, հայ դպրոցին ու հայ աշակերտութեան սէրը եւ մեծ համարումը: Վարժարանը դրուատիքը հանդիսացաւ մանուկներուն եւ պատանիներուն մօտ նկարչութեան արուեստի նկատմամբ սէր ու ճաշակ հաղորդելու միտուած ջանքերուն: Եւ այս կէտէն մեկնելով` տնօրէնութիւնը հիմնած է գծագրութեան ակադեմիան, որ 4 տարիներէ ի վեր կը գործէ ֆինանսաւորմամբ Սաատ Հարիրիի գրասենեակին եւ ուսուցմամբ Վարդ Մեսրոպեանին»:

Ցուցահանդէսը նուիրուած էր հայկական եկեղեցիներուն, հետեւաբար Ռ. Պոյաճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայկական ներկայութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ դերին եւ նշանակութեան, որոնք` «մեզ կը կապեն մեր քրիստոնէական եւ ազգային արմատներուն, դարձած են մեր հաւատքի բարձր բերդը եւ իրենց մէջ կը կրեն մեր աւանդական սովորութիւններն ու արժէքները»:

Ապա վարժարանին անունով, 12-րդ դասարանի աշակերտ Սիմոն Մանուկեանի գծած եկեղեցիի եւ մզկիթի նկարը տրամադրուեցաւ Ֆաքհանիին, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսաւ, թէ երկու դաւանանքներու միջեւ այս համերաշխ պատկերն էր, զոր միշտ երազած էր տեսնել նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին: Ան գնահատեց այս ձեռնարկը եւ գծագրութեան ակադեմիային մաղթեց յարատեւութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Այնուհետեւ, սրբազան հօր, Ֆաքհանիի, Պոյաճեանի եւ գծագրութեան ուսուցչուհիին ձեռամբ կատարուեցաւ մասնակից աշակերտներու պարգեւատրում եւ լաւագոյն գծագրութիւններու մրցանակաբաշխութիւն:

Պաշտօնական բաժինէն ետք ներկաները դիտեցին մատղաշ արուեստագէտներու գծագրութիւնները, թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ զանոնք գնելով` գնահատեցին անոնց աշխատանքը եւ տաղանդը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1962)

Յաջորդը

Ամանորի Հանդէսը Ս. Խանամիրեան Վարժարանէն Ներս

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.