Գաղութային

Ատենամարզանք` Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին

Երաժշտահան, երաժշտագէտ, երաժիշտ-բանահաւաք, երգիչ, խմբավար, մանկավարժ Կոմիտասը հայ ազգային երաժշտական դպրոցի հիմնադիրն է: Անոր գործունէութիւնը նկատելի ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ արեւելեան այլ ժողովուրդներու երաժշտութեան զարգացման վրայ: Հայ մշակոյթի մեծ արժէքներէն եւ թանկագին գանձերէն մէկուն` Կոմիտասին նուիրուած ատենամարզանքով վարժարանի աշակերտութիւնը հանդիսութեամբ մը պատուեց երաժշտութեան անզուգական մեծ վարպետը, որուն ի պատիւ տեղի ունեցած հանդիսութիւններու, ձեռնարկները միշտ պարտական կը մնան անոր բազմաբեղուն գործունէութեան...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աւանդական Տօնավաճառի Բացում

Երեքշաբթի, 11 դեկտեմբերի  առաւօտեան ժամը  10:00-ին, «Սիրան  Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան  քոլեճի Տիկնանց  յանձնախումբին կազմակերպած աւանդական  տօնավաճառի բացման պաշտօնական  հանդիսութիւնը`  նախագահութեամբ Նայիրի  Մանուկեանի: Տօնավաճառի բացման ժապաւէնը կտրուելէ  ետք,  խօսք առաւ քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբի  ատենապետ Սոնա Ասատուրեանը: Ան նախ բարի  գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու իր խօսքին  մէջ  ըսաւ, թէ Տիկնանց յանձնախումբը յենելով  դպրոցի ծնողներուն ու բարեկամներուն բարի ...

Կաղանդի Տօնավաճառ Կերթմենեան Վարժարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանին, երէկ, 6 դեկետմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Կաղանդի տօնավաճառի բացում: Տօնավաճառին ներկայացուած էին Կաղանդի զարդարանքներ, զամբիւղներ, ձեռագործներ, ձեռային աշխատանքներ, զարդեղէններ, ուտելիքներ, անուշեղէններ եւ այլն: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 6-րդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակի հսկողութեամբ սուրճ, նեսքաֆէ, թէյ, սահլէպ, բակլայ կը հրամցնէին այցելուներուն:

Բերքահաւաք Ազգային Արուեստից Քոլեճի Արագ Ուսման Յատուկ Դասընթացքներ

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Ազգային արուեստից քոլեճի 2010-2011 եւ 2011-2012 երկամեայ տարեշրջաններու արագ ուսման յատուկ դասընթացքներու կանոնաւորաբար հետեւողներու վկայագրերու բաշխումի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 19 նոյեմբեր 2012-ին, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային քոլեճի սրահին մէջ: Իր բացման խօսքին մէջ դասընթացքներու վարիչ-պատասխանատու Մակի Խաչերեան յայտնեց, որ 2004 թուականին հաստատուած արագ ուսման յատուկ դասընթացքները, որոնք սկզբնական շրջանին...

Հայ Գիրքի Անդրանիկ Տպագրութեան Նուիրուած Ոգեւորիչ Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական խմբակին, ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն` մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սէրլի Պեսիլ, որ նշեց, թէ հայ տպագրութենէն 500 տարի ետք, հակառակ հաղորդակցութեան նոր միջոցներուն, համացանցին եւ այլ սարքերուն, գիրքերուն արժէքը կը մնայ անփոխարինելի:...

«Կամաւոր Աշխատանքի Օր»-ը Եւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը

Քաղաքակիրթ աշխարհը ըմբռնած ըլլալով կամաւոր աշխատանքին արժէքը եւ օգուտը մարդկային կեանքին մէջ` անոր նուիրած է յատուկ օր մը, 5 դեկտեմբերը: ՄԱԿ-ը որդեգրած է այս տօնը, հրաւիրելով յարգել կամաւոր աշխատանքի նուիրուած անձերը: Մարդկային ընկերութիւնը զգացած է կամաւոր աշխատողներուն օգտակարութիւնը, մասնաւորաբար բարեսիրական, կրթական եւ հանրօգուտ հաստատութիւններու գործունէութեան յառաջընթացին համար ամէն տարի կը հրաւիրէ նուիրեալ կամաւոր աշխատողները` շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի...

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբին Նոր Ներկայացումը

Շաբաթ, 1 դեկտեմբեր 2012-ին «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Արմենեան» սրահին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտներուն, նոյնանունն թատերախումբի դերասաններուն եւ ծնողներուն հանդիպումը` գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի, կեդրոնի տնօրէն Կարպիս Գապասագալեանի եւ խնամակալութեան «Արեգ»-ի ներկայացուցիչ Վազգէն Նիւրբեթլեանին հետ: Տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան ներկաներուն բացատրեց հանդիպման նպատակը, ապա յայտնեց, որ «Արեգ»-ի նոր ներկայացումը պիտի կայանայ 2013-ի Ապրիլ 24-ին եւ նախորդող օրերուն: Տնօրէնին առաջարկով...

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Ի Պատիւ Ուսուցիչներու Երկարամեայ Վաստակին

Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակի յոբելենական տարեշրջանի ծիրին մէջ ուսուցիչներու վաստակը եւ նուիրումը գնահատելը համարեա առաջնահերթութիւն մըն է վարժարանիս տնօրէնութեան մօտ, քաջ գիտակցելով, թէ սերունդներու դաստիարակութեան ընդմէջէն է, որ ապագայ տիպար երիտասարդը պիտի ուրուագծուի, կոփուած` վսեմ արժանիքներով: Դաստիարակը իր լիիրաւ դերակատարութեամբ հայ երիտասարդին հայեցի ազգային քրիստոնէաշունչ գիտելիքներ ջամբելով պիտի յաջողի կերտել օրինակելի մարդը: Այս...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Արժանավայել Նշում Լիբանանի Անկախութեան Տօնին

Մարդ անհատին ընձեռուած անկախութիւնը ենթակային, կը շնորհէ հոգեկան անդորրութիւն եւ ինքնավստահութիւն: Իսկ հաւաքականութեան պարագային, երկնակամարի տակ ապրող ժողովուրդի մը տրուած խաղաղութիւնը հիմնականին մէջ կու տայ պատկանելիութեան գիտակցութիւն եւ որպէս անհատ ինքզինք փաստելու բացարձակ իրականութիւն: Ի զուր չէ, որ ժողովուրդներ պատերազմ կը մղեն անկախութիւն ձեռք ձգելու առումով, երբեմն նոյնիսկ ի գին մեծ զոհողութիւններու` իրենց կեանքին: Հիմնականին մէջ անկախութիւնը ժողովուրդի մը ապահով...

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պասքեթպոլի Յանձնախումբ

Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբը կազմակերպեց ճաշկերոյթ-պարահանդէս` Ժիպէյլի «Օշըն պլու» ճաշարանին մէջ: Ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին հովանաւոր «Քոնթինենթըլ» հաստատութեան ներկայացուցիչը, Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի ընտանիքը, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց (2012-2013 տարեշրջանի) խումբին ներկայացումը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Իշխան Եղիայեանի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մօտ ՀՄԸՄ-ի...

Հայեցի Առողջ Մթնոլորտ Նոր Ատանա Թաղամասին Մէջ

Անցնող շաբաթավերջին Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասը արտակարգ եռուզեռ մը ապրեցաւ շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով: Եկեղեցւոյ թաղականութեան շուրջ բոլորուած ազգային միաւորները` Ազգային Աբգարեան վարժարանը, եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, Ատանայի հայրենակցական միութիւնը, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» եւ «Կարինէ» մասնաճիւղերը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի սկաուտները, «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնը, ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» եւ «Րաֆֆի» մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի գրատարածը, «Հայ Ֆուտ»-ը եւ «Բարեւ փոքրիկներ» մանկապատանեկան...

Լուրեր Դպրեվանքէն. Դպրեվանքի Նկարներու Եւ Քանդակներու Մնայուն Ցուցահանդէսը Կը Շարունակուի Եւ Կը Ճոխանայ

1 փետրուար 2012-ին դպրեվանքի տեսչութեան դպրեվանքէն ներս նկարներու եւ քանդակներու մնայուն ցուցահանդէս ունենալու կոչին ընդառաջեցին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրող հայ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ եւ արուեստասէրներ: Յայտնենք, որ մնայուն ցուցահանդէսը կը շարունակուի եւ ուրախ պիտի ըլլանք արուեստի նոր գործերով առաւել ճոխացնելով մեր հաւաքածոն, որ ժամանակագրական կարգով ցարդ հետեւեալ պատկերը կը պարզէ. Աշոտ Թազեան, գեղաքանդակ, «Յիսուս» Տիգրան Տատրեան, գեղանկար, «Միջերկրականը» Հերի Գունտագճեան, լուսանկարներ` ...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին Կողմէ Անկախութեան Իւրայատուկ Նշումը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութիւնը Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը նշեց իւրայատուկ  կերպով` ամբողջ դպրոցական օր մը անցընելով Ղոսթաի զօրանոցին մէջ, բանակի «մուժաուքալ» զօրամասին հետ: Արդարեւ, քոլեճի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց դասատուներուն ընկերակցութեամբ, ուրբաթ, 16 նոյեմբերի առաւօտուն ուղուեցան լիբանանեան բանակի Ղոսթայի զօրանոցը, ուր դիմաւորուեցան բանակի սպաներուն կողմէ: Քոլեճին անունով երկրորդական բաժինէն 2 աշակերտներ ծաղկեպսակ զետեղեցին բանակի նահատակներուն նուիրուած յուշաքարին առջեւ,...

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Լիբանանի անկախութեան առիթով տեղի ունեցած տօնակատարութիւններէն անմասն չմնաց նաեւ Գ. Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը, որ չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին ներկայացուց կոկիկ յայտագիրով հանդիսութիւն մը, որուն նախորդած էր արդէն օրուան ընթացքին հայրենասիրական երգերու սփռումը` վարժարանի շրջափակէն ներս: Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք, մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, միանալով վարժարանիս երգչախումբին, պատանի երգիչ Նիքոլա Տըպսի ընկերակցութեամբ երգեցին «Շու տինաք»...

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Աւանդաբար Լիբանանի անկախութեան տօնը իւրայատուկ իմաստ ու թելադրականութիւն կը զգենու հայ վարժարանին համար, որովհետեւ հայ աշակերտութիւնը իր մասնակցութիւնը բերելով այս առիթով կազմակերպուած դպրոցական ձեռնարկին, խորքին մէջ իր քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու երախտագիտական զգացումն է, որ կ՛ուզէ յայտնել հիւրընկալ Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին: Այս առումով, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յատուկ...

Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Եզակի Տօնակատարութիւն

Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին` կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան իւրայատուկ հանդիսութիւն` մասնակցութեամբ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու դիմադրութեան ջոկատին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի գաղտնի սպասարկութեան Լեռնալիբանանի պատասխանատու դերգնդապետ Փիեռ Սաապի, դիմադրութեան ջոկատի քափիթեն Ռոժէ Շըտիտի, Երեսփոխանական գրասենեակի պատասխանատու պրն. Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի, կրթական պատասխանատուներու ու...

Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Թէքէեան Վարժարանի Եւ «Զարթօնք»ի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Արտաւազդ Մելքիսէթեան Ուրբաթ, 23 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թէքէեան մշակութային միութեան, «Հրաչեայ Սեդրակեան» կեդրոնին մէջ (Ժմմէյզէ) տեղի ունեցաւ յոբելենական յատուկ հանդիսութիւն: Թէքէեան մշակութային միութեան 65-ամեակը, Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանի 60-ամեակը եւ «Զարթօնք» օրաթերթի 75-ամեակը նշող եռեակ յոբելեաններուն նուիրուած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ապա, «Զարթօնք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Պայծիկ Գալայճեան` ողջունելով ներկաները բեմ հրաւիրեց Թէքէեան վարժարանի...

Իբրեւ Պատրաստութիւն «Պէյրութ Չանթս» Փառատօնին. Համազգայինի «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբը` Քջակ-ի Մէջ

Հինգշաբթի, 22 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 5:00, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը, խմբավար Զաքար Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ եւ  Սիրվարդ Պոյաճեանի դաշնակի նուագակցութեամբ, արդէն աւանդական դարձած աշխատանքային օր մը ունեցաւ Հայ աւետ. ՔՋԱԿ-ի մէջ երգչախումբը սոյն օրուան ընթացքին հաճելի խաղերու եւ երաժշտական զարգացումի մթնոլորտի մը  մէջ պատրաստեց շարք մը նոր երգեր, որոնք պիտի հնչեն  այս տարուընէ սկսեալ` եւրոպական միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ...

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Շեփորախումբին Մասնակցութեամբ` Լիբանանի Անկախութիւնը Նշուեցաւ Ռաշայայի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը անգամ մը եւս բարձր պահեց  Այնճարի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան անունը` ընդառաջելով «Իթթիհատ պալատիեադ Ժապալ Շէյխի» քաղաքապետութեանց հրաւէրին: Ներկայ էին նախագահին ներկայացուցիչն ու այլ պաշտօնական հիւրեր: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին` առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ռաշայայի հրապարակին վրայ: Պաշտօնական բացումը կատարեց բանակի շեփորախումբը, որ կատարեց դրօշակի արարողութիւն, ապա ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը նուագեց լիբանանեան քայլերգը: Նուագներէն ետք խօսք...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կը Հաստատուի Նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներու Միութիւն

Ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին` Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամները ուրբաթ երեկոյեան հաւաքուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, վեհափառ հայրապետին շուրջ: Խօսք առնելով` նախկին ՀԵՀՈՄ-ական Յակոբ Հանտեան անդրադարձաւ անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն ՀԵՀՈՄ-ի կատարած աշխատանքին: Իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ ան շեշտեց համալսարանական ուսանողները քով-քովի բերելու եւ մեր գաղութի կեանքին մէջ անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու գծով ՀԵՀՈՄ-ի կարեւոր դերը, եւ...

Page 97 of 114 1 … 96 97 98 … 114

Արխիւներ