Օրը դեկտեմբեր 13-ն էր, հինգշաբթի: Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին լուսաւորուած դահլիճը տօնական տրամադրութեան մէջ էր: Աշակերտները բոլորն ալ իրենց տեղերը գրաւած` փսփսուքով կը զրուցէին ու ակնյայտ սպասման մէջ էին:
Բեմին վրայ ուրախ տօնածառը կը շողշողար, իսկ քուլիսներէն մէկուն միջնորմին վրայ, մեծ ու գեղեցիկ, կարծես ժանեակազարդ գիրերով գրուած էր` «Հանդիպինք երիտասարդ գրողին»…
Սպասումը երկար չտեւեց: Դպրոցին տնօրէնը` Մարալ Պալեօզեան սրահ մտաւ երիտասարդ ու հաճելի կնոջ մը ընկերակցութեամբ: Աշակերտները ոտքի ելան եւ ապա տնօրէնուհիին հազիւ նշմարելի ձեռքի շարժումին ենթարկուելով` կրկին գրաւեցին իրենց տեղերը:
– Սիրելի աշակերտներ,- իր խօսքը սկսաւ Մ. Պալեօզեան,- այսօր մեր դպրոցին հիւրն է գրող Թամար Խանճիհանեանը, որուն հետ, վստահ եմ, շատ հետաքրքրական ու հաճելի պիտի ըլլայ ձեր հանդիպումը: Տիկին Թամարը մանկական երկու հրատարակուած գիրքերու հեղինակ է, եւ դուք անձամբ իրմէ պիտի լսէք, թէ ինչպէս սկսած է գրել, ինչի մասին կը պատմեն իր գրքոյկները եւ, վերջապէս, ինչո՛ւ անգլերէնով գրած է… Բայց քանի որ մեր հիւրը առաջին անգամ է, որ կ՛այցելէ մեր վարժարանը, ուրեմն որպէս տանտէր` նախ պատշաճ բարի գալուստ մաղթենք իրեն…
Աշակերտները իրենց բարի գալուստը փոքրիկ եւ հաճելի գեղարուեստական յայտագրով մը արտայայտեցին: Նախ Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներով կազմուած երգչախումբը ամանորեայ զուարթ երգերու փունջ մը հրամցուց, ապա յաջորդաբար Զ. կարգի երեք աշակերտուհիներ անգլերէն լեզուով օրուան հիւրը ներկայացուցին:
Կարգը տիկին Թամարինն էր: Աշակերտները արդէն գիտէին, որ իրենց հիւրը գրող է եւ իր գիրքերը պիտի ներկայացնէ: Գիրքեր, որ ան գրած է իրենց տարիքի հայ դպրոցականներու համար…
Տիկ. Թամարը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ եւ հաճելի ընդունելութեան համար, ապա մեղմ, գործնական ու հաճելի, երեխաներուն սկսաւ ներկայացնել իր զոյգ գրքոյկները: Power point ծրագիրին օգտագործումը լուսապաստառի վրայ օգնեց, որ երեխաները ծանօթանան նաեւ գիրքերուն նկարազարդումներուն, անոնց միջոցով աւելի կլանուած հետեւելով ներկայացուող նիւթին:
«Ձեռք ձեռքի» եւ «Ճակատագրուած» խորագիրները կը կրեն Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանին մանկապատանեկան գրքոյկները, երկուքն ալ գրուած մեծ սիրով, մեծ սրտով ու հայրենի հողէն դուրս ապրող հայ մանուկը իր ազգային արժէքներուն ծանօթացնելու, ազգային պատկանելիութեան գիտակցումով զօրացնելու ազնիւ մտադրութեամբ:
Կարմիրեանցիները ուշադրութեամբ հետեւեցան ներկայացուած պատումներու գիծին եւ աւարտին բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին հեղինակին, որ իր սպառիչ պատասխաններով կրցաւ գոհացնել բոլորը:
Հանդիպման աւարտը մօտ էր, բայց դեռ սպասուող անակնկալ մը կար: Բոլոր աշակերտները, դասարան առ դասարան, իրենց անունները գրեցին նախապէս պատրաստուած թղթիկներու վրայ, յետոյ զանոնք պահ տուին փոքրիկ տուփի մը մէջ: Քիչ ետք, վիճակահանութեան սկզբունքի հետեւողութեամբ, իւրաքանչիւր դասարանի յատկացուած տուփերէն երկուական թղթիկ ընտրուեցաւ եւ բարձրաձայն կարդացուած անուններուն տէրերը որպէս անակնկալ նուէր` օրուան հիւրին գիրքերէն ստացան: Դպրոցի վեցերորդ դասարանցի աշակերտուհի մը բոլոր համադպրոցականներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդ գրողին, իսկ գիրք-նուէրով հարստացած ուրախ դպրոցականները նաեւ լուսանկար մը ունեցան Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանին հետ:
Ուրախալի է, երբ գաղափարը, նպատակն ու իրագործումը զիրար կը յաջորդեն անարգել եւ առանց աւելորդ ուշացման: Պօղոս Գ.Կարմիրեան վարժարանի դասարաններուն գրադարակները նոր երկու գիրքերով եւս համալրուեցան:
– Շատ պէտք է կարդալ- իր խօսքին մէջ երեխաներուն ըսած էր տիկին Թամարը,- նորագոյն սարքերը գիրքը չեն կրնար փոխարինել…
Եթէ դպրոցը կարենայ սկզբունքի վերածել այս մեկնակէտը, ապա լիուլի յաջողած կ’ըլլայ իր առաքելութեան մէջ:
ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


