Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհանգիստ` «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Բարերարին Ու Անոր Ընտանիքի Անդամներուն Յիշատակին

December 18, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2012-ին Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլ, Լէյլա եւ Հաուըրտ Գարակէօզեաններու:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Գեղամ արք. Խաչերեանի, հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամներուն, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց հաստատութեան պատմականն ու մինչեւ օրս կատարած մարդասիրական ծառայութիւնները, ապա հրաւիրեց հաստատութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Ռոպովթ Չորպաճեանը, որպէսզի ուղղէ վարչութեան խօսքը:

Իր խօսքին մէջ տոքթ. Չորպաճեան ըսաւ. «Մեր ունեցած նիւթական օրհնութենէն ուրիշին, կարօտեալին տալը աստուածային պատուէր է: Գարակէօզեան ընտանիքը Հաուըրտի կորուստը վերածեց հազարաւորներու առողջութեան եւ զարգացումին:

«Գարակէօզեանները տուին հայ ժողովուրդին ոչ իրենց աւելցուքէն, այլ` իրենց ամբողջ ունեցուածքը. Լէյլան տուաւ ամէն բան: Այս հաստատութեան ամբողջ անձնակազմը կը ձգտի ծառայել անխտիր հաւատարմութեամբ ամէնուն:

«Այս հանդիպումը նաեւ տխուր եւ յուզիչ հանգամանք ունի: Ալիծ Պարսումեան մեզմէ բաժնուեցաւ մարմինով: Բայց իր յիշատակը յաւէտ դրոշմուած պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:

«Այսօր մեր մտածումը կ՛երթայ նաեւ դէպի մեր դրացի երկրին մէջ ապրող մեր հարազատները: Աղէտը ահռելի է, տագնապը անտանելի: Կ՛աղօթենք, որ Աստուած իր խաղաղութիւնը տայ եւ հանդարտեցնէ մոլեգնած կիրքերը:

«Ամէն պարագայի, այս հաստատութեան դռները բաց կը մնան բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կարիքը ունին անոր մատուցած ծառայութիւններուն: Բարերար ընտանիքին յիշատակը յաւերժացնող այս ձեռնարկը պիտի շարունակէ ջերմ եռանդով, յարատեւ կամքով եւ անսասան հաւատքով»:

Հանդիպումին եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Գեղամ արք. Խաչերեանը:

Սրբազան հայրը բարձրօրէն դրուատելով Գարակէօզեան ընտանիքին եւ հաստատութեան բարեսիրական աշխատանքները, ինչպէս իր քարոզին մէջ, նոյնպէս հանդիպման ընթացքին շեշտը դրաւ եւ աւետարանական այն ճշմարտութեան վրայ, որ Քրիստոս տուաւ անպտուղ թզենիին եւ պտղատու ծառին օրինակով. «Այս երրորդ տարին է, որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ: Ուստի կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ» (Ղկ. 13:7): «Ցորենի հատիկը երբ պարարտ հողի մէջ իյնայ, մէկի փոխարէն երեսուն, մէկի փոխարէն վաթսուն եւ մէկի փոխարէն` հարիւր պտուղ կու տայ» (Մր. 4.8):

Սրբազան հայրը հաստատեց, թէ Գարակէօզեան ընտանիքը իր հիմնադրած հաստատութեան ընդմէջէն եղաւ այն պտղատու ծառը, որ նոյնիսկ իր  յաջորդներով եւ պաշտօնեաներով 90 տարիներ եւ աւելի տուաւ իր պտուղը` ճիշդ ժամանակին հասնելով անկեալին ու կարօտեալին, ամոքելով ցաւերը եւ հանդիսանալով  պատսպարան` մանուկին, անօգնական ծերին, այրիին եւ որբին:

Նախորդը

Գիտական. Աշխարհի Տարածքին Բեւեռային Հսկայ Սառցակոյտերը Սկսած Են Արտասովոր Արագութեամբ Կծկուիլ` Ընդհանրական Ջերմացման Պատճառով

Յաջորդը

Երկու Լուսանկար

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.