Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տիրամայր Հայաստանի» Երգչախումբը Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ

December 17, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայր հայրենիքէն ժամանած «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը Լիբանան կեցութեան վեցօրեայ շրջանի վերջին օրը հիւրը եղաւ Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտներուն:

Հինգշաբթի, 29 նոյեմբերի առաւօտուն,  մանկապարտէզի ու ծաղկոցի բաժիններուն այցելութեամբ եւ երեխաներու հետ մօտէն շփման մէջ գտնուելու նպատակով երգչախումբին անդամները որոշակի կապուածութիւն մը ցուցաբերեցին մանկապարտէզի երեխաներուն հետ` երգելով ու զուարճանալով:

Նոյն օրը վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններու աշակերտութիւնը իւրայատուկ հանդիպում մը ունեցաւ երգչախումբի անդամներուն հետ: Երբ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ մայեսթրօ Ռոպերթ Մլքէեան աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը արթնցուց հայկական իւրայատուկ երաժշտութեան վրայ` շեշտելով կարեւորութիւնը Կոմիտասի հանճարին եւ յատկապէս հայկական քառաձայն ու բազմաձայն երգեցողութեան տարբերութիւնը բացատրելով, աշակերտներուն գործնական կերպով եւ երգերու ընդմէջէն յստակ բացատրութիւններ տալով երեւան հանելու հայկական երաժշտութեան եւ հայ երգի  հանճարը:

Գեղեցիկ երգերու եւ պարերու փունջ մը վայելելէ ետք, վարժարանի աշակերտները, ղեկավարութեամբ իրենց երգուսոյց Մանուէլ Քէշիշեանի, երգեցին ազգայնահունչ երգեր ապա միջնակարգի աշակերտութիւնը շուրջպարով միացաւ «Տիրամայր Հայաստանի» խումբին, եւ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ մը:  Հանդիպման աւարտին քոյր Արուսեակ Սաճոնեան խորին շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանին եւ մնացեալ քոյրերուն` իրենց սիրալիր ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց,որոնք զիրենք գրկաբաց ընդունեցին եւ ոչինչ զլացան ու խնայեցին խումբին կեցութիւնը լաւագոյնս ապահովելու համար:

Բարի երթ կը մաղթենք խումբին` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Միջդպրոցական «Պայան» Մրցանքի Առաջին Դիրքը Գրաւեց Մեսրոպեանական Սանտրա Չէօլմեքեան

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութիւնը Թորոսեան Վարժարանին Մէջ. Անկախութիւն…

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.