Եգիպտոս. «Մենք` Եգիպտահայերս» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը
Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 19 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ հայ համայնքին եւ օտար հրաւիրեալ լրագրողներու եւ մտաւորականներու համար ցուցադրուեցաւ «Մենք` եգիպտահայերս» վաւերագրական ժապաւէնը: Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ եւ երկու տարուան աշխատանքի արդիւնք այս ժապաւէնը առաջին անգամ ցուցադրուած էր Գահիրէի միջազգային ժապաւէնի փառատօնին ու` հռչակ ձեռք բերած: Անիկա արդիւնքն է ժապաւէնի բեմադրիչ Ուահիտ Սոպհիի,...


















