Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Աշակերտական Գեղարուեստական Յայտագիր` Կաղանդի Ու Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօներուն Առթիւ

Յունուար 18, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

harach-(2)_11817

2016 տարին չբոլորած, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` Կաղանդի ու Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առթիւ:

Ներկայ էին գիւղին հոգեւոր պետերն ու ազգային երեսփոխանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» ու «Արամ» կոմիտէներու, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ու տիկնանց միութեան, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարանին խնամակալութիւնը, տնօրէնը, ծնողներ ու հարազատներ:

Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանէն Ալիք Սթամպուլեան, որ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց բեմին վրայ մատուցուելիք աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրին վրայ, որուն ընդմէջէն «գունագեղ երանգներու միաձուլումով պիտի հնչեն հայ երգն ու երաժշտութիւնը` հասնելով մինչեւ հայրենիք, մանաւանդ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապրող հայրենակիցին, որ իր յամառ պայքարով կը գոյատեւէ ու կը յաղթահարէ թշնամիին անխնայ ու անտեղի յարձակումներուն»:

Ա. Սթամպուլեան, շնորհաւորելով Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, կարեւոր նկատեց գիւղին ճակատը գտնուող այս ամրակուռ կառոյցը, որ կը հանդիսանայ վարժարանին յենարաններէն մէկը: Ապա Նոր տարուան բարեմաղթութիւններ ուղղեց ներկաներուն ու յատկապէս վարժարանի բարերարներուն, որոնց նիւթական ներդրումով վարժարանը իր յաղթական երթը կը  շարունակէ կրթական իր առաքելութեան ընդմէջէն. «Տայ Աստուած, որ վարժարանս մնայուն հպարտանք ու ներշնչարան դառնայ ո՛չ միայն իր 75-ամեայ երթով, այլ նաեւ` գալիք բոլոր տարիներուն»:

Օրուան հաղորդավարներ` ԺԱ. դասարանէն Բալիկ Գաբրիէլեան եւ Շանթ Փալազեան մերթ ընդ մերթ կատարած ելոյթներով յատուկ փայլք տուին գեղարուեստական մատուցումին` ներկաներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած պահելով բեմին վրայ:

harach-(3)_11817

Յայտագիրը ընթացք առաւ նախակրթարանի Դ.-Զ. երգչախումբի` ամանորեան երգերու մատուցմամբ, խմբավարութեամբ` վարժարանի երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի: Ապա, Ա.-Բ. դասարաններու պարախումբը (պարուսոյց Ժիրայր Քէչէճեան) հանդէս եկաւ «Թամուր աղա» պարով, Գ.-Դ. պարախումբը` հայկական ժողովրդական պարով, իսկ Ե.-Զ.` արաբական «Տալունա» պարով:

harach-(1)_11817

Օրուան պատգամաբերն էր Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան, որ այդ պահը նկատեց «հարազատ, քանզի դպրոց ու եկեղեցի իրարու թիկունք կանգնած` Յիսուսի ծննդեան աւետիսը կը փոխանցեն հանրութեան, մեր իրականութեան մէջ կրկնուած իբրեւ երեւոյթ»:

Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ, տէր Միւռոն յոյս յայտնեց, որ Պօղոս առաքեալին նման հայ ժողովուրդը ուժեղ անհատականութեամբ ու հաստատ կամքով պայքարի ու գոյատեւէ` իր եկեղեցիով ու վարժարանով:

Ան իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ բարեմաղթութեամբ. «Կաղանդի ու Սուրբ Ծննդեան ճոխ տօներուն` ճոխ սեղաններու կողքին չմոռնալ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի յոյսէն ու Բեթղեհէմէն սփռուած յաւիտենական լոյսէն աւիշ առնելու»:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Ա.-Գ. երգչախումբի տօնական երգերու մատուցմամբ, որմէ ետք աշակերտական նուագախումբը ներկայացուց երեք երգ` «Սանթա Քլոզ իզ քամինկ թու թաուն», «Մէրի Քրիսմըս էրիուան», «Հալէլուիա»:

harach-(4)_11817

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Թ.-ԺԱ. եւ Է.-Ը. պարախումբերու յաջորդաբար ներկայացուցած «Սալսա» եւ հայկական ժողովրդական պարերով:

Ներկաները իրենց ծափողջոյններով բարձր գնահատեցին աշակերտական տաղանդներն ու քուլիսային աշխատանքները եւ սրահէն մեկնեցան տօնական խորհուրդը տանելով իրենց հետ:

 

Նախորդը

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Յայտագիրներ

Յաջորդը

Բանակի 25-Ամեակի Եւ Մայրենիի Տօնի Վերաբերեալ Նամակ Համայքներին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?