Գաղութային

ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Ամավերջին հաշուած օրեր մնացած էին` շաբաթ մը միայն, իսկ ուսումնական տարին արդէն իսկ գոցած էր 2011-ի էջերը, երբ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի վարժարաններու աշակերտութեան ու անձնակազմին  համար  23 դեկտեմբերը յատկանշուեցաւ բարձր ու տօնական տրամադրութեամբ: Ուսումնական առաջին քառորդի փակումէն ետք, նոր քառորդին տաք ու եռուն շրջանը դպրոցի ու աշակերտութեան համար մեծ անակնկալով մը յատկանշուեցաւ: Հայ պատանիներուն համար այսօր աւելի քան երբեւէ կարեւոր...

ԼՕԽ-Ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ լրագրող եւ «Ազդակ»-ի աշխատակից Անուշ Թրուանց ներկայացուց հայկական աւանդական հարսանիքին վերաբերող աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով արտասանուած բացման խօսքով Լենա Գալուստեան շեշտեց հայկական աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները պատշաճ ձեւով յատկապէս ներկայիս ներկայացնելու կարեւորութիւնը, մանաւանդ որ սփիւռքեան...

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ ամանորի առիթով տեղի ունեցաւ խրախճանք: Սրահի մուտքին վարչութեան անդամները տոպրակով մրգեղէն հրամցուցին իւրաքանչիւրին: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի  ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան: Ան իր խօսքի սկզբնաւորութեան խնդրեց ներկաներէն, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեն վարչութեան անդամ Սիլվա Կէօքճեանի յիշատակը: Ապա...

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2011, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, որուն ընթացքին Յարութիւն սրկ. Շերնեզեան (Դ. ընծայարան) ներկայացուց Հայաստան կատարած իր ճամբորդութեան տպաւորութիւնները: Տիրացուն Հայաստան գտնուած էր մէկ ամիս` 25 յունիսէն 25 յուլիս 2011: Ան ընդգծեց, թէ Հայաստանը ներշնչարան մըն է հայուն համար: Ան ըսաւ. «Այս այցելութենէս ետք աւելի հասկցայ, թէ ինչո՛ւ մեր գրագէտներն ու երգահանները դարերու ընթացքին գովերգած...

ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՒ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ՓՈՐՁԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 9 նոյեմբեր 2011, դպրեվանքի մէջ սկսած էին երգչախումբի փորձերը, որոնք ամէն չորեքշաբթի կանոնաւորաբար կը շարունակուին տեղի ունենալ` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի ուսուցումով: Յայտնենք, թէ դպրեվանքի երգչախումբին մէջ ներառուած են 30 սաներ եւ երգչախումբը կը կոչուի «ԱՐՄԱՇ»: Արմաշի վանքը գտնուած է Նիկոմիդիոյ մօտ եւ հիմնադրուած` 1416-ին: Ան վանական ծաղկուն կեդրոն մը եղած է: 18-րդ դարուն վանքը վերակազմակերպուած է եւ ունեցած` իր...

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԻԹՈՎ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ (ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ)

Հ. Պ.    Ուրախութեան եւ երախտագիտութեան զգացումով լի այս տօնական օրերուն, նաեւ պատեհութիւն կը ստեղծուի քրիստոնէական առհաւատչեայ ակունքներուն ընդմէջէն` փառաբանել մեր ազգային արժէքներն ու մշակոյթը: Յայտնապէս հոգեթաթաւ կ՛ըլլան այն ձեռնարկները, որոնց դերակատարները մատղաշ տարիքի աշակերտներ են, որոնք փորձ մը կը կատարեն իրենց ծնողներուն եւ շրջապատին մատուցել գեղարուեստական շունչով պարուրուած հանդիսութիւն: Արդարեւ, չորեքշաբթի, 4 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական...

ԿԱՂԱՆԴԸ` ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳ. ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 դեկտեմբերին, Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ կը տիրէր տօնական ճոխ մթնոլորտ: Առաւօտուն աշակերտները ստացան Ս. հաղորդութիւն. Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանի կողմէ, որ փոխանցեց օրուան խորհուրդը եւ յիշեցուց աշակերտներուն` անպայման եկեղեցի երթալ եւ ներկայ գտնուիլ Ս. Ծնունդի նուիրուած արարողութիւններուն: Ապա, վարժարանի սրահին մէջ աշակերտները ընդունեցին Կաղանդ պապուկը, Կաղանդ մաման եւ ծաղրածու մը: Անոնք զրուցեցին Կաղանդ պապուկին հետ, պարեցին, երգեցին եւ...

ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿՆԵՐԸ ՏԱՆԻՔԷՆ ԻՋԱՆ

Ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2011-ը տօնական օր էր Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Աշակերտները իրենց նախասիրած հագուստներով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ առաւօտուն եկած էին դպրոց` միասնաբար տօնելու եւ դիմաւորելու Կաղանդ պապան: Առաւօտեան պատարագը մատուցեց եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նոր նշանակուած ժողովրդապետ  Նարեկ վրդ. Լուիսեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի կարեւորութեան, որոնցմով հայ ազգը...

ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՂ ՊԱՏԳԱՄ «Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Երբ աշխատանքի մը շաղախը յուսատու հաւատքն է, եւ զայն ամրացնողը խոչընդոտ չճանչցող հետեւողական վազքն ու լուռ հեւքը, արդարօրէն սպասելի է յաջողութեան պսակը, որուն պատգամը անպայման ճառագայթող է: Գեղեցիկ էր նախորդ շաբաթը` Այնճարի եւ յատկապէս ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանին համար, գեղեցիկ` գեղարուեստական եւ դաստիարակչական առումներով: Արդարեւ, հինգշաբթի, 22 եւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Ս. Ծնունդը» թատերախաղը`...

ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ` ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ՀԱՄԵՐԳ

Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնական համերգ` մասնակցութեամբ վարժարանի երգչախումբին, խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Ներկայ էին Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Տէր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Վարդան եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ` այլ հոգեւոր հայրեր, յարգելի հիւրեր, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ,  ծնողներ, աշակերտներ, բարեկամներ: Համերգի բացման խօսքով հանդէս...

ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2011, դպրեվանքի մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նախաձեռնութեամբ Միքայէլ սրկ. Սարգիսեանի (Դ. Ընծայարան) եւ  Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեանի (Գ. Ընծայարան), որոնք իրենց այցելութիւններուն լոյսին տակ ներկայացուցին Կոստանդնուպոլսոյ եւ Իրանի հայութեան վիճակը այսօր: Տիրացու Միքայէլ 30 օգոստոսէն 18 սեպտեմբեր Պոլիս գտնուած էր: Ան նախ անդրադարձաւ քաղաքին ծագման եւ պատմութեան ընթացքին ունեցած աշխարհա-քաղաքական կարեւորութեան: Ան մասնաւորաբար խօսեցաւ հոն գտնուող...

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՈԳԵՂԷՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011-ի իրիկուան ժամը 7-ին, Դպրեվանքի մէջ, Դ. Ընծայարանի երկու սարկաւագներու մտայղացումով, ներկայացուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքին վերջին հանգրուանը պատկերացնող կենդանի պատկեր մը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միքայէլ սրկ. Սարգիսեան, որ լուսարձակի տակ բերաւ Կոմիտասի կեանքը, գործը, եղեռական վախճանն ու արժանիքը: Խորհրդաւոր մթութեան մէջ Յարութիւն սրկ. Շէրնէզեան տուտուկով եւ դաշնակով նուագեց «Տըլէ եաման»ը եւ «Քելեր ցոլեր»ը: Երբ երաժշտութիւնը կը...

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԼՕԽ-Ի ՁԵՌԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ

Դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին մեր տուած արտադրոցական այցելութիւններուն կարգին սկսաւ դասուիլ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի ցուցահանդէսը: Մեզի ծանօթ այս միութիւնը կը գոյատեւէ կամաւորներու ջանքերով եւ ժրաջան աշխատանքով` նպատակ ունենալով աշակերտին, ծերին եւ հիւանդին: Այս բոլոր ծրագիրները իրականացնելու համար ԼՕԽ-ը կարիք ունի եկամուտի աղբիւրներու, որոնցմէ մէկը կը հանդիսանայ ձեռարուեստի ցուցահանդէսը: Մեր այցելութիւնը տպաւորիչ էր, հոն կային արուեստի նրբաշխատ հայկական ասեղնագործութիւններ, որոնց պատմականը լսեցինք ԼՕԽ-ականներուն...

ԼՕԽ-Ի «ԱՅԾԵՄՆԻԿ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՎԱՃԱՌՔԸ

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Թրիփոլիի ՀՅԴ «Նաւասարդ» ակումբի «Խաչիկ Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղին ցուցահանդէս-վաճառքը` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Լամա Ֆայսալ Քարամէի, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ օտար ներկաներու հոծ բազմութեան: Մասնաճիւղի ատենապետ Էլիզ Չաթոյեանի բացման եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք հայկական...

ԿԱՂԱՆԴԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԼՕԽ-Ի «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերի կէսօրին ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի (Պէյթ Գօգօ) վարչութիւնը Զալքայի «Մշարապիյէ» ճաշարանին մէջ կայացուց աւանդական դարձած Կաղանդի ձեռնարկ մը: Մասնաճիւղի աշխուժ եւ ժրաջան վարչութիւնը ոչ մէկ ջանք խնայած էր ձեռնարկը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար: Վարչականները ճաշարանի մուտքին ներկաները սիրալիր կերպով կ՛ընդունէին` անոնց յանձնելով Շողիկ Էլմայեանի կողմէ տրամադրուած զարդարուած տուրմը: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչներ...

ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանին, կիրակի, 25 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաքոյթ: Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհի Սիլվա Իփրաճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նկատել տուաւ, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեան բոլորած է 70-ամեակը, աւելցնելով, որ Կիրակնօրեայ դպրոցը հայ նոր սերունդին մէջ կը տարածէ Ս. Գիրքի ուսուցումը, կը ծանօթացնէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ արժէքները: ...

ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Յարգելու համար իր աւանդութիւնը` Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի ծնողական խորհուրդը կազմակերպած էր ամանորի հանդիսութիւն մը, վարժարանի սրահին մէջ, 20 դեկտեմբեր 2011-ին: Բազմաթիւ մայրեր եւ հիւրեր ընդառաջած էին հրաւէրին, սրահը լեցուած էր, եւ տօնական օրերու երաժշտութիւնը մթնոլորտը կը ջերմացնէր: Սեղան յարդարուած էին չիր ու չամիչով, որով կը փոխանցէր Կաղանդի խորհուրդը: Հանդիպումին բացման խօսքը ծնողական  խորհուրդին անունով ներկայացուց Իսկուհի Գափլանեան, բարի...

Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԻ 70 ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ «Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ»

Յաջորդական երկու օրերու ներկայացումով, հինգշաբթի 22 եւ ուրբաթ 23 դեկտեմբերին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, Ազգ. «Յառաջ-. Կիւլպէնկեան» քոլեճը ներկայացուց Ս. Ծնունդի խորագիրով թատերախաղ մը, որ գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը` իր բարձրորակ կատարումով ու մշակումով, իսկ ամէնէն աւելին` աշակերտական ձիրքերու արտայայտչական խաղարկութեամբ: Առաջին օրը աշակերտական ելոյթով ազդանշանը տրուեցաւ այս թատերախաղին, որ ընդգրկեց հինգ...

«ԿԵՆԴԱՆԻ ՄՍՈՒՐ»-ՈՎ ՍԿՍԱՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ

Ս. Ծննդեան մսուրի հոգեպարար եւ գեղեցիկ արարողութիւնը աւանդութիւն դարձած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի մեծ ընտանիքին համար: Իւրաքանչիւր տարի, Ս. Ծննդեան տօներու սեմին մանկապարտէզի սիրասուն փոքրիկներու ուժերով, հետեւողութեամբ դաստիարակ ուսուցչուհիներու, կը պատրաստուի իւրայատուկ բեմականացած, երգախառն ներկայացում մը, որ կը մատուցուի հաւատացեալներուն անմիջապէս Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ խորանէն: Բողբոջէն Ծաղիկ դասարաններու բոլոր փոքրիկները անխտիր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս հանդէսին,...

«ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ» ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Հովանաւորութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ քոլեճի Տիկնանց  ընկերային յանձնախումբին  ուրբաթ, 23 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտանեկան երեկոյ»: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավարը` Տիկնանց ընկերային յանձնախումբի անդամ Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ  երեկոյի ընթացքին տեղի պիտի ունենան անհատական խաղեր, ինչպէս` «սքրեպըլ», ճատրակ, նարտ, «Ունօ» եւ այլն, նաեւ` հաւաքական խմբային...

Page 111 of 114 1 … 110 111 112 … 114

Արխիւներ