Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՂ ՊԱՏԳԱՄ «Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

January 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ աշխատանքի մը շաղախը յուսատու հաւատքն է, եւ զայն ամրացնողը խոչընդոտ չճանչցող հետեւողական վազքն ու լուռ հեւքը, արդարօրէն սպասելի է յաջողութեան պսակը, որուն պատգամը անպայման ճառագայթող է:

Գեղեցիկ էր նախորդ շաբաթը` Այնճարի եւ յատկապէս ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանին համար, գեղեցիկ` գեղարուեստական եւ դաստիարակչական առումներով:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 22 եւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Ս. Ծնունդը» թատերախաղը` հովանաւորութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան: Գեղարուեստական ղեկավարն ու բեմադրիչն էր հայրենի արուեստագէտ եւ վարժարանի գեղարուեստի դասատու Նարինէ Գրիգորեան: Դերակատարներն էին Ե., Զ., Է., Ը. դասարաններու բոլոր աշակերտները, որոնք հինգ արարներով հանրութեան հրամցուցին Քրիստոսի ծնունդն ու անկէ յառնող նուիրական լուսատու խօսքը` ուղղուած աշխարհին եւ մեղքի ծովուն մէջ թաթախուած մարդկութեան:

Ակներեւ էր բծախնդիր աշխատանքը` արարներու մշակումով, բեմայարդարումով եւ եղանակային մէջբերումներով, որոնց առթած խոր տպաւորութիւնը կը ցոլար իւրաքանչիւր հանդիսատեսի աչքերուն մէջ:

Հարկ է նշել, որ ձեռնարկի յաջողութիւնը կը կայանար յատկապէս այն իրողութեան մէջ, որ ներկայիս տիրող խայտաբղէտ հետաքրքրութիւններու եւ անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ, այսօրուան քմահաճ եւ պարտադրանքներ չընդունող աշակերտը հսկայ ճիգով մը կը մղուէր իրմէ հեռու պահած, բայց իրեն մեծապէս անհրաժեշտ արժէքներու գիտակցութեան եւ ընկալման:

Վարձքը կատար բոլորին:

Ընդունինք, որ այսօր վեհ արժէքներու առաջնորդող ուղին դժբախտաբար ընտրեալ չէ, բայց հաւատանք, որ անսակարկ ջանքը եւ ծափահարութեան կշռոյթը օրէ օր կրնան յղկել հոգիներ: Հաւատանք յանուն վաղուան ճշմարտութեան, յանուն վաղուան յոյսին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Նախորդը

ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ` ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ՀԱՄԵՐԳ

Յաջորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԱՅՍՊԻՍԻ՛ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋՆ ՈՒՆԻՆՔ ԱՆՅԱՊԱ՜Ղ …

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.