Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԻ 70 ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ «Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ»

December 29, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաջորդական երկու օրերու ներկայացումով, հինգշաբթի 22 եւ ուրբաթ 23 դեկտեմբերին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, Ազգ. «Յառաջ-. Կիւլպէնկեան» քոլեճը ներկայացուց Ս. Ծնունդի խորագիրով թատերախաղ մը, որ գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը` իր բարձրորակ կատարումով ու մշակումով, իսկ ամէնէն աւելին` աշակերտական ձիրքերու արտայայտչական խաղարկութեամբ:

Առաջին օրը աշակերտական ելոյթով ազդանշանը տրուեցաւ այս թատերախաղին, որ ընդգրկեց հինգ արար: Ելոյթին իւրայատուկ փայլ տուաւ նաեւ «փրոճեքշըն»ի ճամբով Ս. Ծննդեան տեսերիզի կարգ մը հատուածներու ցուցադրութիւնը` կենդանի հաղորդում ստեղծելով հանդիսատեսին ու թատերական ներկայացումի հոլովոյթին միջեւ:

Ժողովրդային ներկայացումը կայացաւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ներկայութեամբ` գիւղի քահանայ հայրերուն, քաղաքապետին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, «Ուըրլտ վիժըն» կազմակերպութեան, խնամակալութեան, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ուսուցիչներու, ծնողներու ու հայրենակիցներու:

Բացման խօսքով տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց ներկաները, որոնք ականատեսը պիտի դառնային կարճատեւ ժամանակի ընթացքին կատարուած ժրաջան աշխատանքի արդիւնքին` հետեւողական փորձեր, անընդհատ պատրաստութիւններ, համադրական ժողովներ եւ ծնողներու համբերատար սպասումներ…

Տնօրէնը յայտնեց, որ թատերախաղին հեղինակն ու բեմադրիչն է հայրենի վաստակաշատ արուեստագէտ, վարժարանի գեղարուեստի դասատու Նարինէ Գրիգորեան, որ բեմադրութեան կողքին, թատերախաղի գեղարուեստական իւրաքանչիւր բաժինի (բեմայարդարում, տարազներու ձեւաւորում, երաժշտութիւն, լուսաւորում, տեսերիզի համադրութիւն) մշակումը կատարած է: Ան նաեւ նշեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած սոյն ներկայացումին համար յառաջացած յանձնախումբ-աշխատակազմի մասին, որ քուլիսներու մէջ ամէն կերպով իր կարելին ըրած է փարատելու համար դժուարութիւնները եւ օգտակար հանդիսանալու ձեռնարկի յաջողութեան:

«Մեր ներկայացման նպատակը մսուրին ուղղութեան հետեւիլն է. միասնաբար մսուրին եւ անոր խորհուրդին շուրջ համախմբուիլը. առաւել եւս, ներքնապէս մսուրին պարզութեան մէջ մեծութեան փնտռելն ու գտնելը: Իսկ արտաքին ճակատի վրայ, աւելի քան 1700-ամեայ մեր հաւատքէն մեկնած` մեր արդար պահանջն է աշխարհէն, որ մսուրը եւ անոր աղօթքը իր ցեղասպանեալ ժողովուրդով վերադառնայ մեր բռնագրաւեալ ու սրբացուած եկեղեցիներուն», ըսաւ ան:

Ան վեր առաւ նաեւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ պատմական առաքելութիւնը գիւղին մէջ եւ իբրեւ վարժարանի` շեշտեց անոր առաքելութեան կրթական ասպետը մնալու յանձնառութեան վրայ:

Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Ուըրլտ վիժըն» կազմակերպութեան` այս ձեռնարկին իր նիւթական օժանդակութեան համար: Տնօրէն Ա. Թաշճեան շնորհաւորեց բոլորին Ամանորն ու Ս. Ծնունդը եւ իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ մաղթանքով. «Տայ Աստուած, որ ինչպէս այս տարեվերջը, նաեւ գալիք տարին Հայ դատի առումով հայ ժողովուրդին պարգեւէ նորանոր յաջողութիւններ, եւ ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ամբողջ երկրագունդի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական պատասխանատուութիւն ենթադրէ»:

Վարագոյրը բացուեցաւ ու բեմին վրայ երեւցաւ Մարիամ, որ հրեշտակապետին փոխանցած «մեծ» խորհուրդը ընդունեց եւ իր կարգին զայն փոխանցեց Յովսէփի:

Յաջորդաբար բեմը «ծաղկեցուցին»` թագաւորին մունետիկը, հրեշտակները, հովիւները, մոգերը, թագաւորն ու իր պալատականները, որոնք երաժշտութեան ու լուսաւորման ստեղծած «եղանակներուն» զուգահեռ, պահ մը ներկաները փոխադրեցին յուզական աշխարհ` ըմպելու մաքրամաքուր զգացումներն ու հոգեկան գոհունակութիւնը, ականատեսը դառնալու Յիսուսի ծննդեան, եւ վերջին արարով լսելու Յիսուսի պատգամը` յղուած ժողովուրդին:

Տեսարաններու շաղկապումը` աւետիսի փոխանցման կողքին, այլազան էր. քանի մը առիթով յայտնուեցաւ հրեշտակապետը` հրեշտակներու ընկերակցութեամբ, որպէսզի խորհուրդ տայ Յովսէփին` հաւատարիմ մնալու Մարիամի հանդէպ իր սիրոյն, հովիւներուն,  որպէսզի երկինքի մէջ փայլող աստղին հետեւելով գտնեն ճամբան Յիսուսի ծննդավայրին: Տպաւորիչ մէկ այլ տեսարան մըն էր նաեւ մոգերու հանդիպումը Հերովդէս թագաւորին հետ, որ չէր ուզեր հաւատալ Յիսուսի ծնունդին: Մոգերը` հետեւելով երկինքին մէջ պարզուած լուսաւոր աստղին, կ՛ուղղուին Բեթղեհէմ եւ մսուրին մէջ իրենց սրտաբուխ նուէրները կը յանձնեն Տիրոջ:

Վերջին արարին մէջ կը յայտնուի ժողովուրդը, որ մատնացոյց կ՛ընէ եւ կ՛ողջունէ Յիսուսը, որ արդէն Իր առաքելութեան մէջ էր եւ պատուիրաններ կը փոխանցէր:

Եօթանասուն դերասաններ մէկտեղուած ըլլալով բեմին վրայ` իւրաքանչիւրը իր կարգին մասնակցութիւն բերաւ` իր ստանձնած դերով յատուկ փայլ տալու Ս. Ծննդեան առթիւ մատուցուած թատերախաղին:

Բեմադրիչին գեղարուեստական մօտեցումները, լուսաւորման, երաժշտութեան եւ տեսերիզի համադրուած միջամտութիւնները բեմայարդարման եւ տարազներու ներկայացման հետ, դերակատարներու սիրուն խաղարկութեամբ թատերախաղի մատուցման տարբեր եղանակ եւ որակ ստեղծեցին, ինչ որ մեծապէս գնահատուեցաւ յաջորդական երկու օրերու հանդիսատեսներուն կողմէ:

Նախորդը

«ԿԵՆԴԱՆԻ ՄՍՈՒՐ»-ՈՎ ՍԿՍԱՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ

Յաջորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.