Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԻԹՈՎ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ (ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ)

January 11, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ. Պ.   

Ուրախութեան եւ երախտագիտութեան զգացումով լի այս տօնական օրերուն, նաեւ պատեհութիւն կը ստեղծուի քրիստոնէական առհաւատչեայ ակունքներուն ընդմէջէն` փառաբանել մեր ազգային արժէքներն ու մշակոյթը:

Յայտնապէս հոգեթաթաւ կ՛ըլլան այն ձեռնարկները, որոնց դերակատարները մատղաշ տարիքի աշակերտներ են, որոնք փորձ մը կը կատարեն իրենց ծնողներուն եւ շրջապատին մատուցել գեղարուեստական շունչով պարուրուած հանդիսութիւն:

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 4 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, «Պէյթ Էլ Թապիպ» համալիրի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ` նուիրուած տօնական օրերու եւ վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան, որ ներկայացնելէ ետք Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդները,  կեդրոնացաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի իննսունամեայ պատմութեան, կտրած ուղիին, սերունդներու դաստիարակութեան մէջ անոր ցուցաբերած քրիստոնէական ու ազգային դաւանանքին, եւ առհասարակ տասնամեակներու ընթացքին անոր զարգացման ճանապարհին եւ ունեցած ազգանուէր առաքելութեան:

Ան յայտնեց նաեւ, որ աշակերտական այս ձեռնարկով մեկնարկը պիտի կատարուի վարժարանի 90-ամեակի նախաձեռնութիւններուն:

Ապա վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան աղօթքով մը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց առ Աստուած`  խնդրելով Անոր պաշտպանութիւնն ու օրհնութիւնը ներկաներուն եւ ամբողջ հայութեան համար, յատկապէս տօնական հոգեպարար օրերուն, եւ իր կարգին յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, հետագայ  բոլոր ծրագիրներու իրականացման մէջ:

Ձեռնարկը կ՛ընդգրկէր տարբեր ներկայացումներ:

Առաջին հերթին վարժարանի պատանեկան երգչախումբը, երկու բաժինով ներկայացուց Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի հոգեւոր մթնոլորտն ու ուրախութիւնը արտացոլող երգեր (հայերէն եւ անգլերէն), ղեկավարութեամբ վարժարանի երաժշտութեան դասատու Շողիկ Թորոսեանի եւ նուագակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի: Պէտք է ըսել, որ հոգեգրաւ կարգ մը երգեր արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութեան:

Ապա վարժարանի «Թատրոնի ակումբ»ը ներկայացուց «Փոքրիկ սրնգահարը» թատերական արար մը, ուր, կը փառաբանուէր Յիսուսի ծնունդը:

Խորքին մէջ, այս  թատերական ներկայացման ընդմէջէն միտում կար փոխանցելու այն պատգամը, թէ Յիսուսի ծնունդը սիրոյ, փրկութեան եւ խաղաղութեան առընթեր, կը խորհրդանշէր նաեւ` մարդկային ազնիւ զգացումներու եւ հաւատամքին առաւել կառչածութիւնը եւ անով սնանելու յոյժ կարեւորութիւնը:

Մենապարով մը հանդէս եկաւ Լոռի Եագուպեան, որ  մարմնաւորեց հայկական պարի հեզաճկուն կշռոյթը:

Հետաքրքրական յղացքով մը, վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտները «Վերադարձ» թատերական ներկայացումի մը ընդմէջէն, փորձ մը կատարեցին վերադառնալու անցեալի յիշատակներուն ու առօրեայ դպրոցական օրերուն, երբ արդէն անցած են աւելի քան երեսուն տարիներ, եւ կենդանի պատկերներու ուղեկցութեամբ մատնանշեցին ատենի իրենց կատարած «չարաճճի» վերաբերումներն ու արարքները` յատկապէս վեր առնելով վարժարանէն ստացած հայեցի ու քրիստոնէավայել դաստիարակութիւնը:

Տեղին է ընդգծել որ տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու առընթեր ակներեւ էր արուեստի դասատուներու, յատկապէս թատրոնի` յանձին Ռոպէրթ Առաքելեանի, պարուսոյց` Անի Կոստանեանի եւ երաժշտութեան դասատու Շողիկ Թորոսեանի տքնաջան աշխատանքը, ձեռնարկի  պատրաստութեան, մատուցման եւ յաջողութեան մէջ:

Ճիշդ է, որ նման առիթներով ցուցաբերուած  քաջալերանքը թէ  գուրգուրանքի արտայայտութիւններ իրենց նպաստը կ՛ունենան` այլապէս մղիչ ուժ հանդիսանալու եւ թիկունք կանգնելու յատկապէս աշակերտական մակարդակի նման ձեռնարկներու, այսուհանդերձ, շեշտելին ու փափաքելին կը մնայ այն իրականութիւնը, թէ հայ վարժարանի նուիրական առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ` արուեստասէր եւ մշակութանուէր սերունդներու պատրաստութիւնը:

Այլ խօսքով, գաղութահայ մեր կեանքի առաւել ուժեղացման եւ մշակոյթի պայծառացման համար անհրաժեշտ է ամէն քայլափոխի որոշապէս ընդգծելի դարձնել հայ արուեստին հանդէպ պաշտամունքի եւ հաւատամքի ընկալումը: Իսկ նման համոզումի թեւ ու թիկունք են լրջութիւնը, կարգապահութիւնն ու հետեւողականութիւնը, որոնց նկատմամբ հարկ է ցոյց տալ անկոտրում կամք եւ յստակատեսութիւն:

Արդ, հակառակ անոր որ հայ վարժարանները ունին արուեստի յատուկ պահեր, բայց հազուադէպ են այն ներկայացումները (աշակերտական), որոնք կ՛ամբողջացնեն արուեստի ընդունելի չափանիշեր:

Այս առումով, կը շեշտենք, թէ նմանօրինակ կացութիւներու դիմաց, ոչ թէ յանցաւոր կը փնտռենք, այլ ընդհանրապէս լուսարձակ կը սփռենք առկայ վարչակրթական հաստատուած մօտեցումներու եւ համոզումներու վրայ, որոնք արուեստի բնագաւառին նկատմամբ սոսկ թեթեւակի մօտեցում ունին:

Քաջ կը հաւատանք, թէ անուրանալի է հայ վարժարանին բացառիկ դերն ու անփոխարինելի դերակատարութիւնը` կրթականի առընթեր, նաեւ` արուեստի ուսուցման եւ մշակութասէր անհատականութիւներու ձեւաւորման մէջ:

Այս պարագային ողջունելի էր կազմակերպուած ձեռնարկը, սրահի բեմին վրայ զետեղուած պաստառը, լաւագոյնս կը խորհրդանշէր այս վարժարանին 90-ամեայ պատմութիւնը, ուր հաւատաւոր կրթամշակներու եւ պատասխանատուներու աննկուն կամքին եւ երախտարժան ներդրումին իբրեւ արդիւնք` ամուր սիւներու վրայ կը ծաղկէր վարժարանի ամբողջ պատմութիւնը:

Յայտնապէս, գնահատելին այս պարագային այն յանդուգն երեւոյթն էր, որ աշակերտներ հակառակ իրենց սիրողական մօտեցումներուն, կրցան յաղթահարել բեմի դժուար մարտահրաւէրներն ու պարտադրանքները: Յոյժ փափաքելին կը մնայ այն, թէ աշակերտութեան մօտ ամրապնդուի արուեստի սիրոյ զգացումն ու արհեստավարժութեան ձգտելու թանկագին ունակութիւնը:

Այս բոլորի նշումը` հետագայ առաջադրանքներու առաւել պայծառացումին եւ որակական ոստումի ակնկալութեան:

Վարձքը կատար բոլորին:

Հուսկ, բի˜ւր երախտիք իրերայաջորդ նուիրեալ սերունդներու եւ հայ վարժարանին շունչ ու հոգի մատակարարող հայորդիներու:

 

Նախորդը

ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՍ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԿՈՉ ՈՒՂՂԵԼՈՎ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԱՌԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՒ ՉԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՎՆԱՍԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ. «ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՁԵՐԲԱԶԱՏԷ ՍՈՒՐԻԱՆ ԻՐ ՏԱԳՆԱՊԷՆ» «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԼԵՒՈՆ Զ. ԵՏԱԼԵԱՆ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.