Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

December 29, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանին, կիրակի, 25 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաքոյթ:

Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհի Սիլվա Իփրաճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նկատել տուաւ, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեան բոլորած է 70-ամեակը, աւելցնելով, որ Կիրակնօրեայ դպրոցը հայ նոր սերունդին մէջ կը տարածէ Ս. Գիրքի ուսուցումը, կը ծանօթացնէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ արժէքները:  «Եթէ կ՛ուզենք վաղուան հայ եկեղեցին լեցուն պահել, այսօրուան նոր սերունդը առաջնորդենք Կիրակնօրեայ վարժարան», հաստատեց Սիլվա Իփրաճեան` աւելցնելով, որ անոնք հոն պիտի ստանան հոգեւոր լաւագոյն կրթութիւն: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին: Յայտագիրը կը բովանդակէր երգեր, արտասանութիւններ եւ թատրոն: Ցուցադրուեցաւ նաեւ 2011 թուականին տեղի ունեցած Կիրակնօրեայ վարժարանի գործունէութիւնները պատկերացնող տեսերիզ մը: Վստահաբար Ամանորի հաւաքոյթ չէր կրնար ըլլալ առանց Կաղանդ պապայի: Այս պարագային չորս կաղանդ պապաներ ժամանեցին սրահ եւ խանդավառեցին մթնոլորտը եւ անշուշտ նուէրներ բաժնեցին բոլոր աշակերտներուն:

Աւարտին խօսք առաւ Ս. Քառասնից Մանկանց հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան, որ բարձր գնահատեց: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ  ուսուցչակազմին տարած աշխատանքը: Ան շեշտեց, որ մեր զաւակները իրենց ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը կը գտնեն Կիրակնօրեայ վարժարանի մէջ: «Եթէ կ՛ուզես, որ մանուկդ առողջ մեծնայ, պէտք է նուիրես Քրիստոսի, եթէ կ՛ուզես, որ մանուկդ խաղաղ մեծնայ, պէտք է նուիրես եկեղեցւոյ, եթէ կ՛ուզես, որ մանուկդ սէրով մեծնայ, պէտք է յանձնես Քրիստոսի», եզրափակեց Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԿԱՂԱՆԴԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԼՕԽ-Ի «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.