Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

January 17, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ լրագրող եւ «Ազդակ»-ի աշխատակից Անուշ Թրուանց ներկայացուց հայկական աւանդական հարսանիքին վերաբերող աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով արտասանուած բացման խօսքով Լենա Գալուստեան շեշտեց հայկական աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները պատշաճ ձեւով յատկապէս ներկայիս ներկայացնելու կարեւորութիւնը, մանաւանդ որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայութիւնը մնայուն կերպով կը գտնուի իր ինքնութիւնը եւ աւանդական սովորութիւնները կորսնցնելու վտանգին ներքեւ: Լ. Գալուստեան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի դարերու խորքէն եկած արժէքներ եւ սովորութիւններ. այդպիսի ժողովուրդ է նաեւ հայութիւնը: Իրերայաջորդ աղէտներ եւ մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեծ հարուած հասցուցին հայկական մշակութային արժէքներուն, եւ ներկայիս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ անոնց պահպանման մարտահրաւէրը հետզհետէ աւելի կը շեշտուի:

Լ. Գալուստեան նաեւ յայտնեց, որ մերօրեայ երիտասարդութեան մօտ հայ մշակոյթէն հեռու ըլլալու իրողութիւնը կու գայ ոչ թէ անտարբերութենէն, այլ իմացութեան պակասէն, որուն վերջ տալու համար յանձնախումբը կը կազմակերպէ դասախօսական շարունակական ձեռնարկներ:

Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Տի. Վի. Տի.» մը, որ կը ներկայացնէր Սասնոյ շրջանի հարսանեկան սովորութիւնները:

Այնուհետեւ լրագրող Անուշ Թրուանց երկրորդ անգամ ըլլալով ԼՕԽ-ի լսարանին ներկայացուց հայկական աւանդական սովորութիւնները, որոշակիօրէն` հայկական աւանդական հարսանիքի սովորութիւններուն մասով: Բանախօսը նախապէս նոյն յանձնախումբին կազմակերպութեամբ ներկայացուցած էր հայկական «Ակլատիզ» տիկնիկին վերաբերող սովորութիւնները` հայկական, պատմական գաւառներուն մէջ:

Ա. Թրուանց յայտնեց, որ հայերը աւանդաբար միշտ փառահեղ կերպով կատարած են հարսանիքը, սակայն Մեծ եղեռնը եւ խորհրդային համակարգը մեծ հարուած հասցուցին հայկական արժէքներուն:

Անուշ Թրուանց ընդգծեց, որ հայկական անգիր բանահիւսութեան մէջ շատ ճոխ հարստութիւն կայ հարսանեկան սովորութիւններուն մասին: Հարսանիքը կը տեւէր եօթը օր եւ ամէն մէկ հայկական գաւառ ունէր իր իւրայատուկ սովորութիւնները եւ հարսանեկան հագուստը, ընդ որում` տղամարդու հագուստը աւելի աչքառու եւ ճոխ կ՛ըլլար, քան հարսինը:

Ըստ Ա. Թրուանցի, աւանդական հարսանեկան խնճոյքը եղած է շատ ճոխ` լի կեր ու խումով: Պսակադրութեան ժամանակ հարսը կը խոստանար հաւատարիմ ըլլալ իր ամուսնոյն, իսկ փեսան` պահապան իր կնկան:

Հայկական գաւառներուն մէջ, եթէ տան մը մէջ ամուսնանալիք աղջիկ մը ըլլար, փոքր տարիքէն անոր կը սորվեցնէին ասեղնագործութիւն, կաթ եւ հաց թխել, իսկ տղամարդը անպայման արհեստ մը պէտք էր ունենար: Կարեւոր էր նաեւ, որ հարսին հագուստը ձեռքով կարուած ըլլար: Հին ժամանակ հայերը փեսայի կուրծքին կապած են ուսկապ, որ կարմիր ու կանաչ խաչաձեւ կապուող ժապաւէն է: Իսկ Նարօտը բրդեայ գոյնզգոյն թելերով հիւսուածք մըն է, որ պսակուողներու գլխուն կը դնէին կամ ալ վիզը կ՛անցընէին, երբեմն ալ` ձեռքը: Նարօտը կը հիւսուէր ծիածանի եօթը գոյներով: Պսակէն ետք քահանան տուն կու գար, կը քակէր նարօտը, փեսային սուրը կը հանէր պատեանէն եւ հարս ու փեսային «ամուսնական առագաստ» մտնելու իրաւունք կու տար:

Անուշ Թրուանցի ներկայացումէն ետք ծպտեալ զոյգ մը, ընկերակցութեամբ հայկական տոհմիկ երաժշտութեան, ներկայացուց հարսանեկան հագուկապը` համաձայն հայկական սովորութիւններուն: Ծպտեալ զոյգին ներկայացումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Յաջորդը

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ. ԷՋԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.