ԱԶԳ. ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՏՀՈՒՐ ՇՈՒԷՅՐԻ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ
Կենսոլորտի պահպանման համար ի գործ դրած իր դաստիարակչական ծրագիրներու շարքին, շաբաթ, 11 փետրուարին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ «Շուէյր էվըրկրին» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան գործակցութեամբ կազմակերպուած ծառատնկումի աշխատանքին: Քոլեճին երկրորդականի բաժինէն աշակերտներ, Տհուր Շուէյրի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած երկրագործական գործիքներով եւ կենսոլորտի նախարարութեան ներկայացուցիչին ցուցմունքներով, 200 ծառեր ցանեցին գիւղաքաղաքին կեդրոնական հրապարակին մօտակայ բլուրի մը վրայ, որ...
