Նոր Շունչ Ու Եռանդ` Աւագ Արեգականներու «Պեռնարտա Ալպայի Տունը » Թատրերգութեան Ընդմէջէն
Ն. Բ. Նախորդ շաբաթ «Ազդակ»-ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին լիբանանահայ իրականութեան մէջ իբրեւ բեմադրիչ իր դերն ու ներդրումը ունեցած Ռոպերթ Առաքելեան, խօսելով ուրբաթ 19 եւ շաբաթ 20 փետրուարին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Արեգ»-ի աւագ սերունդէն անդամներուն կողմէ լիբանանահայութեան հրամցուելիք Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատրերգութեան մասին` հաստատեց, որ աւագ արեգականները պէտք է ստեղծէին երիտասարդական նոր թատերախումբ մը, որ...



















