ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Անցնող երկու շաբաթավերջերը յատկանշական եղան Այնճարի հայութեան այն հատուածին համար, որ կրցաւ ներկայ գտնուիլ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած զոյգ դասախօսութիւններուն, որոնցմէ առաջինը նուիրուած էր հայկական մանրանկարչութեան իսկ երկրորդը` հայկական ազգային տարազներուն:
Արդարեւ, հայրենիքէն հրաւիրուած երիտասարդ արուեստի մասնագէտ եւ Երեւանի մէջ գործող «Տէրեան» կեդրոնի պատասխանատուներէն Անի Մարգարեանը ներկայացուց վերոյիշեալ զոյգ դասախօսութիւնները` լուսանկարներու եւ շօշափելի նմուշներու օժանդակութեամբ: Ան յաջողեցաւ նիւթերը ներկայացնել մասնագիտական եւ արդի մօտեցումով` մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ: Աւելի՛ն. ան կրցաւ փաստերով ցոյց տալ, թէ մեռած կարծուած հայկական մանրանկարչութիւնը զարթօնքի մէջ է այսօր` որպէս կիրարական արուեստի տիրապետող ուղղութիւն:
Անի Մարգարեանը ներկայացուց հայ մանրանկարչական արուեստի այլազան նկարներու ու զարդանաշխերու օգտագործումը մեր ժամանակներուն: Ան ցոյց տուաւ, թէ անոնք ինչպէ՛ս տեղ կը գտնեն հագուստներու, պայուսակներու, խտասալիկներու, գիրքերու, ծանուցումներու եւ այլազան իրերու վրայ` վերակենդանացնելով մեր անցեալի արուեստի նմուշները:
Յատկանշական էր մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ Մարգարեան լաւապէս տիրապետած էր նիւթին եւ լաւապէս կրցաւ «գրաւել» ներկաները:
Նոյնը կարելի է ըսել երկրորդ դասախօսութեան մասին: Նիւթը ներկայացուեցաւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով` հետաքրքրական վերլուծումներով: Ներկաները զգացին դասախօսին մեծ սէրը ազգագրական նիւթերու հանդէպ եւ գիտելիքներու այն մեծ շտեմարանը, որուն ան կը տիրապետէր: Նեկայացուեցան ազգային կարգ մը տարազներ կենդանի կերպով: Փաստօրէն միս ու ոսկոր ստացան մեր անցեալի ազգային տարազները,որուն վերակենդանացման աշխատանքին մէջ մեծապէս դերակատար կը թուի ըլլալ Երեւանի «Տէրեան» կեդրոնը:
Դասախօսը կրցաւ հաստատել, թէ` անոնք, որոնք համոզուած են, թէ մեր մանրանկարները անցեալին կը պատկանին եւ այլեւս հետաքրքրական չեն մեր ժամանակներուն, կը սխալին: Ան ցոյց տուաւ նաեւ, թէ կը սխալին նաեւ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ մեր ազգային տարազները մոռացութեան մատուած են:
Ուրախացուցիչ էր իմանալ, որ հայրենիքի մէջ մեծ զարթօնք կայ թէ՛ հայկական մանրանկարչութեան եւ թէ՛ հայկական ազգային տարազներու հանդէպ: Կը մնայ շնորհակալութիւն յայտնել հայրենի երիտասարդ մասնագէտին` զինք Լիբանան հրաւիրած Յովհաննէս Պէլեանին, եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար»-ի ձեռարուեստի յանձնախումբին, որ այս առիթը ստեղծեցին Այնճարի հայութեան համար:


