Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատութի՛ւն Սեւան Նշանեանին

Մարտ 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սեւան Նշանեան
Սեւան Նշանեան

«Գիտնամ, որ երկու տարիով պիտի ազատիմ,  խնդիր չէ, կ՛երթամ, կը լրացնեմ այդ պատիժը: Բայց տակաւին բազում դատեր կը շարունակուին իմ դէմ: Բանտարկութենէս ետք յանկարծ եթէ անոնք ալ պատիժով աւարտին, կրնամ կեանքիս մինչեւ վերջը բանտը մնալ»:

Այսպէս ըսած էր Սեւան Նշանեան, «Ակօս» իր վերջին այցելութեան ընթացքին: Դատախազը երկրէն դուրս ելլելու արգելք չէր դրած: Արդէն ինքն ալ քանի մը օրուան համար արտասահման գնաց ու ապա վերադարձաւ: Վերադարձաւ, որպէսզի փորձանք ըլլայ իր հակառակորդներուն գլխուն:

Որպէս երկիրը ճանչցող մտաւորական` չէր սխալած իր կանխատեսումներուն մէջ: Բանտ մտնելէն կարճ ժամանակ ետք սկսան իրերայաջորդ վճիռներ արձակուելու իրեն դէմ: Ներկայ դրութեամբ, ան արդէն դատապարտուած է աւելի քան 11 տարիներու բանտարկութեան: Եւ դատերը տակաւին կը շարունակուին…Չարագուշակ ենթադրութեամբ մը, Նշանեանի դէմ բանտարկութիւնը կրնայ հասնիլ 25 տարիի:

Պարզ ու պարկեշտ միտքով եթէ դատենք, կասկած չկայ, որ Սեւան Նշանեանի բանտարկութիւնը մե՛ծ ամօթ մըն է Թուրքիոյ հաշուոյն: Նշանեան մեծութիւն մըն է: Ստեղծագործ պայծառ միտք է Սեւան Նշանեանը: Այդ իսկ պատճառով` իր ձեռնարկած բոլոր գործերէն յաջողութեամբ դուրս եկած:

Շիրինճէ գիւղը, որ Զմիւռնիոյ մերձակայ զբօսաշրջային կարեւոր կեդրոն մը կը համարուի այսօր, ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր այն օրերուն, երբ Նշանեան առաջին անգամ այցելեց հոն: Հին յունական գիւղ մըն էր Շիրինճէ, որուն բնակիչները բնակչութեան փոխանակման ծրագիրով պարտադիր գաղթի ենթարկուած եւ ղրկուած էին Յունաստան: Նոյն պարտադիր գաղթով Յունաստանէն եկած թուրքերն ալ բնակեցուած էին Շիրինճէ: Սակայն այս վերջինները ոչ մէկ կերպով համակերպած էին այս պատմական գիւղին: Անոնք շուտով լքեցին իրենց տրամադրուած այդ գիւղը եւ բնակութիւն հաստատեցին մօտակայ Սելչուկի եւ Զմիւռնիոյ մէջ:

Սեւան Նշանեան իր կնոջ հետ միասին կիսափուլ տուն մը գնեց եւ սկսաւ այդ տունը իր բնօրինակին համապատասխան կերպով վերակառուցելու: Արդիւնքը զարմանք պատճառեց բոլորին: Ան ապա գնեց երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ տուներ, բոլորն ալ վերանորոգեց` առաջին օրինակին հետեւելով: Սկսաւ տուները հիւրանոցի նման շահագործել: Գիւղի սակաւաթիւ բնակիչները ուրախ էին այս զարգացումէն, քանի որ անտեսուած այս վայրը հիմա կ՛արժանանար այցելուներու ուշադրութեան:

Անոնցմէ ոմանք համեստ ճաշարաններ սարքեցին, ոմանք` գիւղական արտադրութիւն վաճառող փոքրիկ խանութներ, եւ այսպիսով եռուզեռ գոյացաւ այդ ամայի գիւղէն ներս:

Սեւան Նշանեանի միտքի թռիչքը անսահման է: Իր վաղեմի բարեկամին` թուաբանագէտ փրոֆ. Ալի Նեսինի հետ հիմնեց «Ուսողութեան գիւղ» մը: Գիւղը իսկոյն արձագանգ գտաւ թուաբանութեան համաշխարհային շրջանակներէն ներս: Բազմաթիւ օտար գիտնականներ կապ հաստատեցին Նշանեանի եւ Նեսինի հետ` գիւղը այցելելու եւ այնտեղ թուաբանութիւն դասաւանդելու համար:

Վրայ հասաւ ուրիշ նախաձեռնութիւն մը` «Թատրոնի լսարան»: Ան կը սիրէր իշխանութիւններուն կեղծ սրբութիւններուն հետ ծիծաղիլ: Իր անունով աշտարակ մը կառուցեց եւ` ժայռափոր գերեզման մը: «1000 տարի ետք Թուրքիոյ Հանրապետութիւն չի մնար, բայց իմ աշտարակն ու գերեզմանը կը մնան»: Լեզու երկարած էր իսլամներու մարգարէին` ըսելով, թէ`  «չեմ կրնար սուրբ համարել իր առեւտրական շահերուն եւ կնամոլութեան համար Աստուծոյ անունով պատգամներ փոխանցող մէկը»:

Պետութիւնը այս ելոյթներուն համար չէր կրնար պատժել Նշանեանը, ուստի դիմեց զարտուղի միջոցներու…Մեղադրեց ապօրինի շինութեան յանցանքով: Սեւան սա պահուն թէ՛ կը բոլորէ բանտի դաժան պայմանները եւ թէ՛ զրկուած է իր գրական ու գիտական աշխատութիւններէն:

Բոլորիս կը վիճակուի իշխանութիւններուն մօտ ճնշում բանեցնել` Նշանեանի ազատութիւնը ապահովելու համար:

pakrates@yahoo.com

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Կայսերական Ախորժակները Եւ Հաճոյակատարներու Կամաւոր Կուրութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի . Մարտ Ա.- Քաղաքացիական Պարտաւորութիւն Եւ Իրաւունք

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?