Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատագրում

March 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հովերուն հետ լուրը տարածուեցաւ… հովերը անցան հեռագրաթելերէն, հեռաւոր ճամբաներէն, համացանցի պաստառներէն, խօսեցան խոշորցած աչքերով ակնդիրին հետ իր լեզուով…

Ամպերը կանգ առին, օդային նեղուցները խցանուեցան:

Գիւղը ամբողջութեամբ ազատագրուած էր թշնամիներէն:

Անոնք, որոնք լուր չունէին, կայծակնահար եղածի պէս շշմեցան մնացին. մէկ ոտքը առջեւ, միւսը օդին մէջ` դիմեցին քայլի դէպի հայրենի տուն, դէպի հարազատ օճախ…

Մեծաւ մասամբ արաբ գաղթականներն էին, որոնք սահմանամերձ գօտիին երկայնքով կը սպասէին աւետիսին:

Շնչառութիւնը հողին վերածուեցաւ լսողութեան, բոլոր ձայները դադրեցան պահ մը, նոյնիսկ ճիճուներուն վզիկները մնացին օդին մէջ եւ չշարունակեցին իրենց էջքը` սողալու հողին վրայ… գամէն բան մնաց կախուած օդէն, ծառերուն վրայ տարուբերող ուխտի ժապաւէններէն:

Եւ յանկարծ կարծես կանգ առաւ մոլորակը, չշարունակեց իր պտոյտը. կանգնեցան ժամանակն ու տարածութիւնը. պատռուած էր վարագոյրը երկնքին. լսուած էին անբարբառ հառաչանքները. Տիեզերքի հեռաւոր կեդրոններէն մէկուն մէջ, սեւ հսկայ Ծակ մը, ոլորտ մը, կուլ տուաւ իր շուրջ պտտող հսկայ խոռոչը…

Չինաստանի մէջ շան միսէն եւ սողուններէն  ետք սկսան ուտել մարդկային սաղմեր…

Լռութիւն եղաւ. վերէն նայող ոսպնեակը զարմացաւ…

Վարը` երկրի վրայ փոքրիկ աննշան գիւղը, որուն անունը միայն համաշխարհային երրորդ պատերազմին ծանօթ դարձած էր մարդոց, ազատագրուած էր:

Գիւղը  դատարկ էր, թռչունները գաղթած էին, տուներուն կտուրները` վերացած:

Իշխանուհի մը իր ինկած բերդի տանիքէն կը հսկէր հեռակայ դատարկ անդաստանները` մտածելով, որ  այս չորրորդ անգամն էր, մարդկային պատմութեան ընթացքին, իր քաղաքը, որ հեռուէն դիտողին համար գիւղ մըն էր, գետնին հաւասարեցուած եւ վերականգնած էր: Մինչ Եւրոպայի մէջ երրորդ դարուն (Ն. Ք.) կ՛ապրէին հիւղակներու մէջ, հոս արդէն կայացած քաղաքակրթութիւն կար…

Հողին տակ քնացած պատմութիւն, օդին մէջ յիշողութիւն…

Փոշիներու տակ ամայի թանգարաններուն մէջ` հին քաղաքակրթութիւններու  ջարդուած, լռած պատմութիւն:

Տակաւին  երկինքը զարմացած կը դիտէր սառած աչքերով…

… Լռութիւն էր ամէն կողմ.

……………………………………………..

Յ. Գ.- Գիշերուան կէսին, ժամը 12:00-ին հրադադար է, երկար ատենուան արիւնահոսութեան վերջակէտը: Իսկ նոր տարիներուն գիշերուան 12:00-ին  էր, որ կը սկսէր հրավառութիւնը (շատ հեռաւոր ժամանակներու մէջ էր այդ): Երկու հակասութիւն` տասներկու թիւը իբրեւ խաղաղութեան, հրադադարի սկիզբ, կամ` նոր հրավառութեան ու պայթուցիկ ձայներու: Եթէ սահմանուած չէ ի վերուստ, ո՞վ է նկատի առնողը փոքրիկ կամ փոքրոգի մարդ արարածին որոշումները: Կրնայ չարիքը շարունակուիլ, կամ սկսիլ:

Մարդը անզուսպ չար է:

 

28 փետրուար 2016  
Հալէպ

Նախորդը

Հանրային Քննարկում` Մոսկուայի Տխրահռչակ Համաձայնագիրին Շուրջ

Յաջորդը

Մանուկներու Միջազգային Օրուան Առիթով` «Ձեզ Դիտելով Ես Ձեր Մէջ Կը Տեսնեմ Մեր Ժողովուրդի Ապագան» Ընդգծեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

RelatedPosts

Հայաշէն Թաղի Կազմութիւնը
Անդրադարձ

Հայաշէն Թաղի Կազմութիւնը

March 13, 2026
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Յարձակելով Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Վրայ` Մեծն Բրիտանիոյ Հանրային Կապերու Ընկերութիւնը Կը Վնասէ Իր Հեղինակութեան

March 13, 2026
Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում
Անդրադարձ

Արեւմտահայերէնը Դարձնել Նոր Սերունդի Ձայնը

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.