Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. – Կատարողական

Մարտ 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Արեգ» մանկապատանեկան խումբի աւագ սերունդը 19-26 փետրուարի ընթացքին չորս ելոյթներով ներկայացուց  Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը»` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Յօդուածին Ա. մասը անդրադարձած էր թատրերգութեան հեղինակին եւ սպաներէն բնագիրին: Յօդուած Բ.ով լուսարձակի տակ առնուեցան որմազդը, բեմայարդարումը, տարազները, երաժշտութիւնն ու լուսաւորումը, լեզուական հարցերը:

Տիպարներ եւ խաղարկութիւն.-  Պեռնարտայի դուստրերն են` Անկուսթիաս, Մակտալենա, Ամելիա, Մարթիրիօ եւ Ատելա. ոմանք նկատած են, որ դուստրերու անուններուն սկզբնատառերը կը կազմեն  «Ա ՄԱՄԱ»  ձօնը: Կ՛ենթադրեն, որ Լորքա կ՛ակնարկէ իր մօր:

Bernarda7_32316Թատրերգութեան անտեսանելի հերոսն է գնչու Փեփէ էլ Ռոմանօ (25 տ.): Սպանիոյ գնչուները (ժիթաններ) (1), կը պատկանին «ռոմանի» ցեղախումբին: Թերեւս ինքզինք կոչած է «Էլ Ռոմանօ» (հռոմէացին), որպէսզի աւելի յարգելի դառնայ: Փեփէ ոչ թէ լիարիւն կերպար է, այլ` խորհրդաւոր միջազդող (քաթալիսթ) ուժ մը, որ կը հրահրէ դուստրերուն բախումը: Փեփէի հետ ամուսնութիւն` կը նշանակէ ազատագրում բռնակալ Պեռնարտայի կուսանոցէն: Բայց Լորքայի բոլոր կերպարներու նման` այստեղ եւս կան հակասութիւններ: Փեփէ կը խորհրդանշէ նաեւ արական սանձարձակութեան արտօնագիր: Նոյն ուժը կը ներկայացնեն առոյգ հնձուորները (2): Թատրերգութեան կին տիպարները կը փորձեն հաշտուիլ այդ «իրականութեան» հետ:

Նախորդ ակնարկներուն մէջ համեմատաբար փոքր տեղ տուած եմ խաղարկութեան: Այս պարագային պարտադրուած եմ ծանրանալ, որովհետեւ դերակատարները, մէկ բացառութեամբ, ուղղակի սկսնակ աղջնակներ են: Ներքեւի դիտողութիւնները գլխաւորաբար հիմնուած են առաջին ելոյթին վրայ: Աւելի արդար գնահատելու համար հարկ էր տրամադրութեան տակ ունենալ ելոյթին տեսագրութիւնը: Այս կէտը յատկապէս էական է այսպէս ըսած` «երկրորդական» տիպարներու պարագային: Կանխաւ ներողութիւն կը խնդրեմ անբաւարար դիտումի տեղի տուած հաւանական թերի դատումներու համար:

Սպասուհի.- 50 տարեկան: Անուն չունեցող կերպարներու մասին մօտիկ անցեալին անդրադարձած եմ (3): Հասարակ կին մըն է, որուն հիմնական աշխատանքը տան մաքրութիւնն է: Կը զբաղի տարաձայնութիւններով: Հարկադրուած է դիմել կեղծիքի, նոյնիսկ` մուրացկանութեան: Անցեալին պարտադրուած եղած է նաեւ իր սեռային ծառայութիւնները մատուցելու Պեռնարտայի ամուսինին: Շատ լաւ գիտէ «իր տեղը»: Այս միակ կերպարն էր, որուն հագ ու կապը համահունչ էր Լորքայի նշած սեւ ու սպիտակ գունային տարազին: Դերը վստահուած էր Պեթի Սուլեանի: Դերասանուհին բաւական յաջող կերպով ներկայացուց բացման սուտ ողբի զաւեշտական տեսարանը: Ինծի թուեցաւ, որ իր խաղարկութիւնը որոշ  չափով ազդուած է այն «ճարպիկ» սպասուհիներու կարծրատիպէն, որ կը տեսնենք  ֆիլմաշարերուն մէջ:

Bernarda8_32316

Ամելիա.- (27 տ.) Կը նշանակէ` ժրաջան: Հոգեպէս ամէնէն հանդարտ եւ բարի քոյրն է:  Հաշտուած է սպանացի կնոջ ճակատագիրին հետ, կը քնանայ «գերանի նման» (ելոյթը կը գործածէ թրքախօս սրամտութիւնը` ըսելով «մեռելի պէս»), երբ քոյրերը զիրար կը հետապնդեն: Կը հոգայ, որ Մարթիրիօ կանոնաւորապէս առնէ (ելոյթին մէջ` «խմէ») իր դեղերը: Ան իսկապէս մտահոգուած է ի տես զարգացող հակամարտութեան: Մտահոգուած է յատկապէս Մարթիրիոյի նախանձոտ վարմունքով: Ամելիա հաշտարար է,  կը փորձէ հեռացնել աղէտը: Տիպարը ունի շատ սակաւ տողեր: Դերակատարը ուրեմն պիտի «խօսի» գրեթէ բացառապէս իր մարմնով:  Բալիկ Թեքելեան բաւական յաջող «խօսեցաւ» իր դիմախաղով եւ մարմնով: Կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք, որ ան հազիւ նկատելի թեքած է դէպի քոյրը եւ թեթեւ սեղմած` բռունցքները: Ինչպէս դէմքը, այնպէս եւ բռունցքները ցոյց կու տան մտահոգութիւն եւ վախ: Շա՛տ բարի: Ապագային հարկ է, որ ուշադիր ըլլայ բոլոր մանրամասնութիւններուն եւ առոգանութեան:

Bernarda9_32316

Մակտալենա.- (30 տ.) Թատրերգութիւնը գրուած է ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հոգեբանութիւնը եւ արուեստի դպրոցներ (օր. գերիրապաշտութիւն) անսակարկ կերպով կը հետեւէին ֆրոյտանման տեսութիւններու: Լորքա, ցաւօք, տուրք տուած է մոտայիկ գաղափարներու: Կերպարը կը մարմնաւորէ այսպէս կոչուած «Էլեքթրայի բարդոյթը», որ հնարուած է Ֆրոյտի աշակերտ Ք. Եունկի կողմէ:  Հոմերոսի Իլիականին մէջ Էլեքթրա Ակամեմնոնի այն դուստրն է, որ սպաննեց իր մայրը: Այսինքն Օտիփուսի իգական տարբերակն է, ունի տոհմապղծական երանգ, մանաւանդ` նկատի առած հօր արատաւոր բարոյականը: Բացման տեսարանին մէջ կ՛իմանան, որ եկեղեցւոյ մէջ թաղման կարգի ընթացքին Մակտալենա ուշաթափուած է: Ան կործանած է, կը զգայ ահաւոր մինակութիւն, բայց կը պահէ հոգեկան կորովը: Այո՛, Լորքայի կերպարները բարդ են: Ամուսնանալու որեւէ յոյս չունի, դուրս է մրցակցութենէն: Մօտիկութիւն ցոյց կու տայ Ատելայի: Դերասանուհին` Էմմա Քէշիշեան, այնքան սիրուն էր, որ անհնար էր համոզուիլ, թէ անհրապոյր տունմնայ մըն է (տես կողքի բաղդատականը)(4): Անոր խաղարկութեան մէջ կարելի էր տեսնել կործանումը եւ մինակութիւնը: Շա՛տ բարի:  Հաւանաբար իրեն տրուած թելադրանքներու պատճառով կը բացակայէր, սակայն, հոգեկան կորովը: Անժելինա Սարգիսեանի ելոյթը չկարողացայ դիտել:

Bernarda12_32316Անկուսթիաս.- (39 տ.) Կը նշանակէ` անձկահար, տառապահար: Պեռնարտայի առաջին ամուսինէն ունեցած դուստրն է: Ժառանգը գրեթէ ամբողջութեամբ կը պատկանի անոր: Տգեղ է եւոսին: Ակնյայտ է, որ անատակ է ծննդաբերութեան: Կը տեսնէ, որ Փեփէ հետաքրքրուած է ոչ թէ իրմով, այլ` իր հարստութեամբ: Փեփէ հրապուրած է գիւղի բոլոր աղջիկները, կրնայ «տիրանալ» անոնցմէ ոեւէ մէկուն: Անկուսթիաս անապահով է, յաճախ կը դիմէ մօր պաշտպանութեան: Չարացած ու ամբարտաւան: Դերը վստահուած էր Լիլիթ Գույումճեանին: Բայց կարելի չէ երեւակայել, որ գտնուի աղջնակ մը, որ խանդավառուի այս վանողական դերով:

Ատելա.- (20 տ.) Կը նշանակէ` առաջ անցնիլ, գլել: Ատելա գլեց անցաւ կիներու համար տնօրինուած սահմանը եւ իր արարքին համար վճարեց կեանքի գնով: Պեռնարտայի դուստրերուն ամէնէն կենսունակ եւ գեղեցիկն է, ունի շփացած մանուկի մը հոգեբանութիւնը, անզուսպ է եւ անգութ, չի վարանիր խլելու քրոջ խօսեցեալը: Իր կանաչ հագուստով ազատութեան յոյս կը բերէր քոյրերուն: Հինգ դուստրերուն ամէնէն պարզ տիպարն է, գրեթէ` մէկ տարածաչափային: Դերը վստահուած էր Մարգարիտա Միքայէլեանին, որ պարզապէս չափազանց փոքր է տարիքով: Ունի ֆիզիքական կերպընկալութիւն, որովհետեւ հետեւած է պարարուեստի: Բայց ձայնը կազմաւորուած չէ տակաւին: Տուաւ այն, ինչ որ կարող էր տալ: Բարի՛: Հետագայ ելոյթներուն հարկ է, որ ուշադրութիւն դարձնէ դիմախաղին:

Bernarda11_32316

Մարթիրիօ.- (24 տ.) Կը նշանակէ` մարտիրոսուհի: Դուստրերուն ամէնէն խելացին է, բայց կորաքամակ է եւ հիւանդոտ: Պեռնարտա մերժած է փեսացու մը, որովհետեւ զայն արժանի չէ գտած Ալպա տան: Որոշած է խոչընդոտել Ատելայի եւ Փեփէի ապօրէնի սեռային կապերը: Կը ձեւացնէ` պաշտպանել տան պատիւը: Բայց մղուած է նախանձէ: Երկրորդ հրացանը առած, կը հետեւի մօրը` սպաննելու համար Փեփէն: Մարթիրիօ ամէնէն ցցուն ներկայութիւնը ունի: Շատ յաճախ կը գտնուի բեմին կեդրոնը: Դերը վստահուած էր Բալիկ Հապոյեանին, որ կը թուի ըլլալ իսկապէս խելացի, բայց «ցաւօք»` չափազանց քաջառողջ: Ունի նաեւ բեմական ներկայութիւն: Փաստեց, որ ատակ է արտաբերել յարիր դիմախաղեր: Շա՛տ բարի, բայց ափսոս որ ելոյթի գրեթէ ամբողջ ընթացքին պահեց մաղձոտ դիմակ մը: Կուզ ձեւանալու ջանքը, ցաւօք, կը խանգարէր մարմնով արտայայտուելու հնարաւորութեան: Կարելի էր անտեսել թատերական ասքին համար ոչ այնքան անհրաժեշտ «կուզութիւնը»:

Մարիա Հոզեֆա.- (80 տ.) Պեռնարտայի «խելակորոյս»  մայրը թատրերգութեան երկրորդ ըմբոստն է: Պեռնարտա զայն կը պահէ կալանքի տակ: Բնագիրին մէջ ան գուշակուհի մըն է, «Քասանտրա» մը,  որ կը զգուշացնէ բոլորը` մօտեցող աղէտէն: Անոր խօսքերը առերեւոյթ խելագարի խօսքեր են, բայց խորքին մէջ` լի իմաստութեամբ: Հոզեֆա սրբազան խենթ մըն է, որ կը ձգտի դէպի լայն ծովափ: Իմա` ազատութիւն: Ելոյթին մէջ, ցաւօք, խեղուած եւ կրճատուած էր տիպարը: Սղուած էր յատկապէս անոր «Օվահեթա» երգը: Ափսո՛ս: Տատիկը ֆիզիքապէս առողջ է, բայց ոչ թէ կը ցանկայ ամուսնանալ Փեփէի հետ, այլ` դառնալ մայր: Պեռնարտա մայրութիւնը զլացած է Հոզեֆայի: Դերը վստահուած էր Շուշի Գոճայեանին, որ կը կատարէր իրեն տրուած ցուցմունքները: Կերպարը ողբերգական է, եւ ոչ` զաւեշտական: Անտեղի էին անոր լուսնոտ շարժումները, որովհետեւ կ՛իմանանք, որ Հոզեֆա առողջ, ուժեղ եւ ճարպիկ է: Հարկ է, որ դէմքը արտայայտէր «խելագարի իմաստութիւն»:

12516458_1717006748546348_873099424_nՊեռնարտա եւ Փոնսիա.- Երկու տիպարներուն վերը անդրադարձած եմ: Բնագիրին մէջ անոնք կը մղեն յարատեւ «մենամարտ»: Փոնսիայի գերազանցութիւնը դիմագրաւելու միայն մէկ զէնք ունի Պեռնարտա. բռնի ուժ: Աւելի քան ակնյայտ է, որ Պեռնարտա կը մարմնաւորէ անբանական բռնատիրութիւնը: Լորքայի տիպարները երբեք մէկ տարածաչափային չեն: Պեռնարտա-կինը կը տառապի առանձնութենէ: Ունեցած է երկու ամուսին, բայց` ոչ մէկ  տղամարդ, որ զինք սիրէր: Երկրորդ ամուսինը եղած է կնամոլ: Պեռնարտա չարացած է: Անցեալին ան մերժած էր սպանացի փեսացու մը, բայց կը յօժարի ընդունիլ ռոտին գնչու մը: Ալպա տունը անկում կ՛ապրի:

Պեռնարտա ունի կարճատեւ «ելոյթներ»: Բեմին վրայ տիրական, մնայուն ներկայութիւն ունի Փոնսիա: Այդ «կամուրջ»-ն է, որ ընտանիքը կը կապէ իրարու եւ արտաքին աշխարհին: Փոնսիա ունի մեծ փորձառութիւն եւ սուր միտք: Կը նախատեսէ Ատելայի կործանումը: Դուստրերուն կը բացատրէ, որ ամուսնութիւնը արագ յուսախաբութիւն պիտի բերէ: Դերը վստահուած էր Լիլիթ Յովհաննիսեանին, որ ունի ակնյայտ դերասանական ձիրք եւ աւելի քան բաւարար ձայնային տուեալներ: Շա՛տ բարի: Թերի էր, սակայն, մեկնաբանութիւնը: Ելոյթի Փոնսիան աննշան, նոյնիսկ փողոցային կին մըն էր: Անոր շարժուձեւերն ու կերպարանքը հազիւ կը զանազանուէին Պեռնարտայի դուստրերէն: Վարուելակերպը չէր արտայայտեր իմաստութիւն: Պեռնարտայի առջեւ ան  ոչ թէ հաւասար ախոյեան էր, այլ` շփոթահար աղջնակ մը:

Պեռնարտայի դերը վստահուած էր Փաթիլ Մկրտիչեանին: Առաջին հերթին պէտք է նշել, որ անհամեստ հագուկապը յստակօրէն կը խանգարէր կերպարի մեկնաբանութեան: Փաթիլ ինքզինք պահեց կայտառ, գրեթէ երբեք չյենեցաւ ձեռնափայտին: Բայց Պեռնարտա իսկապէս ուժեղ չէ, բռնակալ վարչաձեւ մը ամուր հիմեր չի կրնար ունենալ, կը կարօտի յենակի: Խաղարկութիւնը կը պահանջէր մեծ վարպետութիւն: Ճիշդ է, որ տիպարը թունոտ է, խիստ եւ գրեթէ միշտ զայրացած: Բայց չի բաւեր կրել պռստած դիմակ: Վարպետութիւնը պիտի կայանար այդ արտայայտութեան բազմաթիւ նուրբ երանգները դրսեւորելու մէջ:

Վերջաբան եւ մեկնաբանութիւն.- Առաջին հերթին կան ոչ էական նշումներ. ընթրիքի տեսարանը համարեա զաւեշտական էր: Թէյի ումպ մը առնելէ ետք Պեռնարտա կանգնեցաւ եւ չափազանց  ծանրակշիռ  յայտարարեց ընթրիքի աւարտը: Բնագիրին մէջ Մարթիրիօ հրացանը ձեռքին` չի հետեւիր մօր, ինչպէս տեսանք ելոյթի ընթացքին: Չիմացանք, սակայն, թէ կրակե՞ց արդեօք Փեփէի ուղղութեամբ: Ինչո՞ւ վերադարձան հրացանները քաշկռտելով: ՉԷ՞ որ յաջողած էին անդարձ վտարել ամբարտաւան փեսացուն: Ութ յաւելեալ տարիներու սուգը պարզապէս գերիրապաշտ է: Կրտսերագոյն դուստրը` Մարթիրիօ 16 տարի ետք պիտի դառնար 42 տարեկան եւ այլն:

Հիմնական շեղումներ էին Հոզեֆայի եւ  Պեռնարտայի աւարտական ելոյթները: Առաջինը զաւեշտականօրէն կը վարկաբեկէր իմաստուն խենթի ողբերգական կերպարը: «Օվահիթա» երգի անտեսումը գեղարուեստական իմաստով մեծ կորուստ էր: Պեռնարտայի մենախօսութիւնը քաղաքական իմաստով հիմնովին անհասկնալի է: Ինչո՞ւ բռնակալը ինքզինք պիտի խարանէր անբարոյ կիներու փշապսակով: Զեղչուած էր բնագիրի բանալի բառը, զոր Պեռնարտա ոչ նուազ քան հինգ անգամ կը կրկնէ` խօսքը ուղղելով Ալպա տան բոլոր բնակիչներուն: Ֆրանքօ խօսքը կ՛ուղղէ բոլոր սպանացիներուն.

«Լռութի՛ւն,  լռութի՛ւն, զիս լսեցի՞ք, լռութի՛ւն, լռութի՛ւն կ՛ըսեմ»:

Լռութիւն` կը նշանակէ խօսքի ազատազրկում: Ելոյթը չէր անդրադարձած քաղաքական տողատակին:

Ռոպեր Առաքելեանի փորձը ողջունելի է: Ընտրած էր, սակայն, թատրերգութիւն մը, որ կը սարսափեցնէ նոյնիսկ արհեստավարժ խումբերը: Աւելի՛ն. բնագիրի լեզուն գրեթէ անթարգմանելի է: Գրադարանները լեցուն են ձախող փորձերով: Բարդ թատրերգութիւնը մատչելի դարձնելու մտահոգութեամբ զանց առնուած էին մեծ հատուածներ: Այդ ոչ միայն կ՛աղճատէ թատրերգութիւնը, այլեւ անհասկնալի կը դարձնէ մնացեալ մասերը: Հիմնականին մէջ պահպանուած էին քոյրերու վէճերն ու մակերեսային դիպաշար: Լորքայի քաղաքական, բանաստեղծական այլաբանական հոյակապ երկը վերածուած էր տունմնայ աղջիկներու քաշկռտուքի:

Կը կրկնեմ, ողջունելի է նորահաս սերունդը դէպի բարձր արուեստ մղելու առաջադրանքը: Ողջունելի է մանաւանդ դեռատի դերասանուհիներու զարմանալիօրէն լուրջ մօտեցումը, աշխատասիրութիւնը:

Կը թելադրեմ, որ յաջորդ թատրերգութիւնը աւելի մատչելի երկ մը ըլլայ: Բարի՛ երթ, շնորհալի՛ աղջնակներ:

————————

(1) Գնչուները թուխ են: Gitane եւ Gypsy հնչունային աղաւաղումներն են «եգիպտացի» բառին:
(2) Յիշել Համաստեղի «Համբոյրը» պատմուածքը, «Գիւղը եւ անձրեւը» 1925:
(3) Տես «Յատակի բնակիչները», «Ազդակ» 23 եւ 24 փետ. 2016:
(4) Առնուած է «Los Personages, la Casa de Bernarda Alba» գործէն, J. J. F. Munoz, 2009»:

(Վերջ)

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հանրային Քննարկում` Մոսկուայի Տխրահռչակ Համաձայնագիրին Շուրջ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?