Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Պատերազմէն Թելադրուած Միտքեր Եւ Մատներու Արանքէն Անգամ Չդիտուող «Փանթիւրքիզմ»-ը

Ապրիլ 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop-BalianՅ. ՊԱԼԵԱՆ

Պատերազմ է: Գերարդիական զէնքերով: Մահերով:

Ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրներու գաղափարական-քաղաքական չափանիշներով դիտել Արցախի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ոչ մէկ լուծման կ’առաջնորդէ: Իրաւունք, պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ այդ կարգի գեղահունչ բառեր նոյն իմաստը չունին ժողովրդավարական ազատ աշխարհին եւ թուրք-ազերիին համար: Այսքանը եթէ չհասկցուի ինքնակոչ իրաւարարներու եւ հաշտութեան համար երթեւեկողներու կողմէ, ոչ մէկ հարց կը լուծուի:

Բանակցելու համար արժէքներու հասարակ յայտարար պէտք է:

Այս հիմնական տարբերութիւնը ինչո՞ւ մենք չենք բացատրեր մարգարէական լուծումներ փնտռող, երթեւեկող եւ առաջարկող իրաւարարներուն:

Թուրքին եւ ազերիին համար, այս վերջինի դիմագիծը որոշ է գէթ արցախցիին համար, որ զայն կը կոչէ պարզապէս «թորք», ինչ որ բանագնացները չեն լսեր, թերեւս չեն լսած, ջարդել, կողոպտել, ուրիշի իրաւունքը խլել, ծինային մշակոյթ է: Թուրքին համար հակիրճ տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. «Ինչ որ իմ սեփականութիւնս է, ինծի կը պատկանի, ինչ որ քու սեփականութիւնդ է, ան ալ ինծի կը պատկանի»: Ըլլալով եկուորներ, այն բոլորը, որ այսօր կը ներկայացուի որպէս թրքական կամ ազերիական, ուրիշի սեփականութիւն են, բռնագրաւուած: Ինչպէ՞ս Թուրքիան կրնայ ըսել, որ Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին թրքական է, ինչպէ՞ս միջազգային հանրային կարծիքը կ’ընդունի այդ բիրտ բռնագրաւումը եւ կը հաշտուի զէնքի ուժով հաստատուած կատարուած իրողութեան հետ: Ինչպէ՞ս հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին կրնայ ըլլալ թրքական եւ անոր մայր տաճարը արձանագրուի որպէս թրքական մշակութային ժառանգութիւն:

Աշխարհի մեծերը եւ իրաւարարները այս պարզ հարցումներ կը պատահի՞, որ իրենք իրենց ուղղեն… բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելէ առաջ, որպէսզի արդար իրաւարար ըլլան:

Իրաւարար մը կ’ըլլայ արդար կամ անարդար:

Անարդար իրաւարարին ուրիշ անուն պէտք է տալ: Այդ անունները մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ գտնել բառարաններու մէջ, անոնք կրնան քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս վիրաւորական ըլլալ: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ կեղծ իրաւարարներուն կորաքամակ շռայլանք պէտք չէ շնորհել, երբ իրաւարարի պարեգօտ կը հագնինք:

Ասկէ առաջ ալ գրած եւ ըսած եմ, որ իսկական միջազգային պատմահետախուզական քննութիւն պէտք է կատարել գիրքերու մէջ` Արցախի տէրերը ճշդելու համար: Արցախի ամբողջ տարածքին պատմահետախուզական աշխատանք պէտք է կատարեն իրաւարարները` քննելու համար պատմական յուշարձանները, ճշդելու համար, թէ ո՞ր ժողովուրդի գործերն են անոնք, պատմութեան ո՞ր ժամանակէն ի վեր:

Եթէ ուժ ունենանք կարենալ ազդելու հանրային կարծիքին եւ միջազգային որոշումներուն վրայ, կրնա՞նք մենք մեզ տէր հռչակել Փերուի, Ալասքայի կամ Թասմանիոյ… Եթէ նման որոշում կայացուի, այդ արդարութի՞ւն կ’ըլլայ:

Այսօր այդպէս է թուրքին տիրապետութիւնը բռնագրաւուած Հայաստանի պարագային, ան նման տիրապետութիւն կ’ուզէ ձեռք բերել Արցախի վրայ:

Ինչո՞ւ այսքան անկուշտ ախորժակ ունին թուրքերը:

Եթէ մեծ դիւանագէտներ չեն ուզեր այս հարցման պատասխան տալ, մենք եւ մեր իրաւ բարեկամները ինչո՞ւ չենք խօսիր թուրքի հետապնդած բացորոշ կերպով յայտարարուած նպատակի մասին:

Ոչ ոք կը խօսի փանթիւրքիզմի մասին: Ինչպէս հայ քաղաքական գործիչ մը օր մը ըսաւ, որ փանթիւրքիզմը քաղաքական խրտուիլակ մըն է, զոր հայերը կը շինեն իրենք զիրենք վախցնելու համար:

Բայց «փանթիւրքիզմ»ը խրտուիլակ չէ, իսկական միջազգային վտանգ է:

Միջազգային հանրային կարծիքը եւ քաղաքական գործիչները չեն ուզեր տեսնել վտանգը, կարճ յիշողութեամբ կը մոռնան ըսուածները եւ դէպքերը:

Թուրքիոյ նախագահներէն մին` Սուլէյման Տեմիրէլ, յայտարարած էր, որ թրքութիւնը կը տարածուի Եգէական ծովէն մինչեւ Չինաստան: Այս յայտարարութիւնը խօսքի սահմանէն անդին անցաւ, երբ Թուրքիան սպառնալիքի տակ պահող Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ, Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուեցաւ թրքալեզու ժողովուրդներու խորհրդաժողով` միացման առաջին քայլ առնելու պէս: Այդքան ալ հին չէ այս պատմութիւնը: Ուրիշ նախագահ մը` Թուրկութ Օզալ, արցախեան ազատամարտի առաջին օրերուն հայերուն սպառնաց` յիշեցնելով 1915-ի դասը:

Ֆրանսացիները կ’ըսեն, թէ իրողութիւնները յամառ են (les faits sont têtus): Յստակ միտում ունեցող յայտարարութիւնները պէտք չէ մոռնալ, հարկ է զանոնք յիշել եւ յիշեցնել եւ ըստ այնմ առաջնորդուիլ ու գործել:

Հայաստան եւ հայութիւն կը գտնուին այդ «փանթիւրքիզմ»-ի կառուցման ճամբուն վրայ, սեպ կամ պատնէշ, անոր իրականացման համար Հայաստան եւ հայութիւն պէտք է ջնջուին:… Պէտք է երբեմն դիտել քարտէսին վրայ գծուածները:

Այս յիշեցումները նախ մեզի կը վերաբերին, որպէսզի մեր բարեկամներուն եւ նուազ բարեկամներուն հետ մեր խօսքը յստակ ըլլայ: Այդ յստակութիւնը օգտակար կ’ըլլայ նաեւ իրենց` անմիջականի ճնշումէն անդին անցնելով իրենց` այսօրուան եւ վաղուան քաղաքականութիւնը ճշդելու համար:

Արցախեան հարցը միջազգայնացնելու համար զայն պէտք է որ կարենանք շրջանային խնդիր ըլլալու սահմաններէն դուրս հանել, այդ պարագային է, որ միջազգային հանրային կարծիքը կը լուսաբանուի, եւ քաղաքական առաջնորդներ իրենց նախաձեռնութիւններուն կու տան հեռանկարային բովանդակութիւն:

Շրջանին մէջ Հայաստանի գործակից Ռուսիոյ պէտք է յիշեցնել այս տուեալները, եթէ արդէն իր ղեկավարները այդ չեն գիտեր, ըսել, թէ ի՛նչ կ’ըլլան հետեւանքները, երբ կը զինեն Ազրպէյճանը:

Այդ զէնքերով Ազրպէյճան պիտի չկռուի ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Վրաստանի եւ այսօր ո՛չ ալ Ռուսիոյ հետ:

Հայաստանի դէմ կռուելով` Ազրպէյճան կը նպաստէ «փանթիւրքիզմ»-ին` վտանգելով նոյնինքն Ռուսիան:

12 ապրիլ 2016, Նուազի-լը-Կրան

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումի Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Հնգօրեայ Պատերազմ(ները) Եւ Զէնքի Վաճառականը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?