Յօդուածներ

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն – Վերնախաւին Զգաստանալու Պահը

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ «Բոլոր մեծահարուստները պէտք է հասկանան, որ իրենց ունեցածը կարող է զրոյի վերածուել, եթէ հայրենիքը չպաշտպանուի: Այսօր մենք տեսնում ենք, որ հայրենիքը առաջնագծում պաշտպանում են հիմնականում անապահով խաւերի ներկայացուցիչները, զաւակները: Սա բոլորի համար պէտք է դաս լինի, ահազանգ լինի հէնց այդ անձանց համար, որ ամէն մի լուման պէտք է ուղղել բանակի պաշտպանունակութեան բարձրացմանը: Սերունդների կեանքն ապահովւում է ոչ թէ...

Զօրակցագիր

Զօրակցագիր

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը կը դատապարտէ համայն հայութեան թշնամի, արիւնարբու թուրքին եղբայր` Ազրպէյճանի գործած յարձակումը` արիւնով կերտուած Արցախ հայրենիքին վրայ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ դրախտավայր Արցախին, որ ի բնէ եղած է ու կը մնայ հայկական հող: Կը զօրակցինք Արցախի մարտնչող ժողովուրդին, աղօթող «Մամիկն ու Պապիկ»-ին, զէնք կրող կամաւորին, որ պատրաստ է կեանքը զոհելու հայրենիքի ազատութեան ու...

Մարտակերտը Կը Վերագտնէ Ինքզինք

Մարտակերտը Կը Վերագտնէ Ինքզինք

Թշնամիին  ռմբակոծումին ենթարկուած Արցախի Մարտակերտ քաղաքի ենթակառոյցներու վերականգման աշխատանքները ընթացած են բախումներու զուգահեռ: Արցախ գտնուող «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար` Վալատիկ Խաչատրեան պատմած է, որ հրթիռներէն մէկը 10 քիլովաթ/ժամ զօրութեամբ ելեկտրականութեան երկու սիւն վար առած է, սակայն քաղաքի ելեկտրական հոսանքը երեսուն վայրկեան ետք վերամիացուած է:  «Հակառակորդին անօդաչու սարքը տեղէն հանեց նաեւ 35 քիլովաթ/ժամ զօրութիւն ապահովող ելեկտրական...

Զօրաշարժուեցինք Դարձեալ Արցախով…

Զօրաշարժուեցինք Դարձեալ Արցախով…

Դ. Մ. Հայոց համընդհանուր պահանջատիրութեան 100-րդ հանգրուանով շեշտակիօրէն նուիրականացուած եռամիասնութեան` «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք»-ի առանցքը հանդիսացող արծուեբոյն Արցախը զօրաշարժի է ենթարկել ողջ հայաշխարհին: Արիւնարբու եւ կամազուրկ թշնամին ուզում է կոտրել նոյն այդ եռամիասնութեան ողնաշարը: Թշնամին յոյս է կապել` 1- Ռուսաստանից ձեռք բերուած նաւթատոլարային միլիառանոց զէնքերին, 2- Իր աւագ ու ՏԱՀԵՇ-ի կնքահայր Թուրքիայի զինական, քարոզչական, քաղաքական ու դիւանագիտական աջակցութիւններին, 3- Եւ առանձնայատուկ կերպով` իսրայէլա-սիոնիստական...

«Շատ Դիւրին Է Նկատել Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն»-  Չեխական Պարբերական

«Շատ Դիւրին Է Նկատել Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն»- Չեխական Պարբերական

Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու աշխուժացումը հետեւանքն է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած պայմանաւորուածութեան, որուն նպատակն է Ռուսիան ներքաշել այլ զինուած հակամարտութեան մը մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ չեխական պարբերականի «Czech Free Press» յօդուածագիր Լատիսլավ Քաշուքան: Անոր կարծիքով, շատ դիւրին է նկատել Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն: Առաջին, անցեալ տարուան նոյեմբերին ռուսական օդանաւի մը խոցումը...

Պարսելոնահայութիւնը Կը Զօրակցի Արցախին

Պարսելոնահայութիւնը Կը Զօրակցի Արցախին

Պարսելոնահայութիւնը եւս անմասն չմնաց արցախեան վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ աշխարհին մէջ կայացած նախաձեռնութիւններէն եւ  իր զօրակցական ցոյցով միացաւ տարբեր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող երթերուն` իր զօրակցութիւնը յայտնելով հայոց բանակին ու արցախահայութեան: Կիրակի, 10 ապրիլ 2016-ին նախագահութեամբ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի` Հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ` Սպանիոյ եւ Փորթուգալի, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ: Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ «Հանրապետական մաղթանք» Հայաստանի եւ Արցախին անսասանութեան համար...

ԼՕԽ-ականները Կ՛այցելեն «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

ԼՕԽ-ականները Կ՛այցելեն «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ կազմակերպած էր այցելութիւն Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: ԼՕԽ-ականներն եւ բարեկամուհիներ հոծ բազմութեամբ ուղղուեցան Ժիպէյլ: Նախ հաւաքուեցան ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի սրահ ուր, բացման խօսքով հանդէս եկաւ դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան` ըսելով. «Անցեալ շաբթուան զինուորական գործողութիւնը Արցախի մէջ, ազերիներու ահաւոր եւ յանկարծակի ներխուժումը աշխարհը ցնցեց. մենք` ԼՕԽ-ականներս կը մաղթենք...

Կազմակերպութեամբ Էլ. Էյ. Եու. Համալսարանի Հայկական Ակումբին. Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «Այսուհետեւ…» «Աֆթըր Տիս Տէյ» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ Էլ. Էյ. Եու. Համալսարանի Հայկական Ակումբին. Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «Այսուհետեւ…» «Աֆթըր Տիս Տէյ» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի (LAU) Հայկական ակումբին, ուրբաթ, 8 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ցուցադրուեցաւ հանրածանօթ եւ վաստակաւոր բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «Աֆթըր տիս տէյ» («Այսուհետեւ...») վաւերագրական ժապաւէնը, ներկայութեամբ հայ թէ օտար համալսարանականներու, դասախօսներու եւ մտաւորականներու: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով  Հրակ Տէտէեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը եւ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի մէջ նահատակուած մարտիկներու յիշատակը: Ապա ան ներկայացուց յայտագրին գլխաւոր...

Լեհաստանի Հայ Երիտասարդները Կազմակերպեցին Բողոքի Ցոյց` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն Առջեւ

Լեհաստանի Հայ Երիտասարդները Կազմակերպեցին Բողոքի Ցոյց` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն Առջեւ

Վարշաւիոյ մէջ Լեհաստանի Հայկական երիտասարդական միութիւնը 7 ապրիլին կազմակերպեց հաւաք մը Լեհաստանի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: Ցուցարարները պահանջեցին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները Ազրպէյճանը ճանչնան` իբրեւ յարձակող երկիր, եւ միջազգային պատիժի ենթարկեն վերջին օրերուն Արցախի մէջ անոր կատարած անմարդկային յանցագործութիւններուն համար: Ելոյթներէն ետք երիտասարդական միութիւնը Ռուսիոյ դեսպանութեան փոխանցած է նամակ,...

Փոլ Գրիգորեան Ազրպէյճանական  Բարբարոսութիւնները Դատապարտելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընին

Փոլ Գրիգորեան Ազրպէյճանական Բարբարոսութիւնները Դատապարտելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընին

Հինգշաբթի, ապրիլ 7-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան նամակով մը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն եւ միջազգային համայնքին, որ դատապարտեն ազրպէյճանական վերջին յարձակումը եւ ազրպէյճանական ուժերուն գործադրած բարբարոսական ոճիրները, միաժամանակ պատասխանատուութեան կանչելով Պաքուի իշխանութիւնները: Իր նամակին մէջ Գրիգորեան կը շեշտէ, թէ 1994-ին հաստատուած զինադադարէն ետք, Արցախի ժողովուրդը կրցած է ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար հանրապետութիւն մը հաստատել, հակառակ...

Իմ Անգին, Իմ Աննման Հայրիկ Հրայր Ծերունեան

Իմ Անգին, Իմ Աննման Հայրիկ Հրայր Ծերունեան

«Ազդակ» թերթին մէջ կարդացի իմ շատ սիրելի աննման կնքահայր Հրայր Ծերունեանի մեծարանքի մասին եւ շատ յուզուեցի: Լիբանանի հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիների հովանաւորութեամբ, 1992 թ. Արցախի ռմբակոծումներից գլուխս վիրաւոր 9 տարեկան եկել էի Պէյրութ բուժուելու: Ինձ հիւրընկալած հայ ընտանիքում փոքրիկ Յասմիկի եւ Անիի հետ փաթաթուած պառկում էի գիշերները լուսացնելով իմ անվերջ արցունքներով` կարօտ ծնողական սիրոյ: Լիբանանի հայերը ջերմ հոգատարութեամբ էին...

Միայն… Լիբանանի Մէջ

«Կաթիլ Մը Մեղր»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ 13 թուանշանը  չարագուշակ կը համարուի շատերուն կողմէ: Հրեաներուն քով շատ աւելի շեշտուած է այդ նախապաշարումը, մանաւանդ  երբ ամսուան 13-րդ օրը ուրբաթ օրուան մը հանդիպի: Այդ օր շատ զգուշ  կ՛ըլլան: Շատեր օդանաւով չեն ճամբորդեր, աւելի նախապաշարեալները նոյնիսկ տունէն դուրս չեն ելլեր: Ամերիկայի մէջ կարգ մը բարձր շէնքերու մէջ 13-րդ յարկերու չենք հանդիպիր: 12-րդ յարկին կը յաջորդէ 14-րդը: Կը խուսափին...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Ազրպէյճանէն Հայերու Բռնագաղթ Խուժանային Ցոյցեր Պաքուի Մէջ

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազրպէյճանէն Հայերու Բռնագաղթ Խուժանային Ցոյցեր Պաքուի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ազերի ղեկավարներուն ցեղապաշտ ծրագիրները օրըստօրէ կը բացայայտուէին, եւ Պաքուի վարիչները քսաներորդ դարու վերջին քառորդին սկսած էին գործադրութեան դնել մէկ տարբերակը Թուրքիոյ իրենց ազգակիցներուն այն ծրագիրին, որ գործադրուեցաւ առաջին աշխարհամարտի օրերուն: Ազերպէյճանի ղեկավարները կը հետեւէին հայերը գաղթի մղելու յստակ քաղաքականութեան մը եւ ցեղասպանութեան սպառնալիքով բացայայտօրէն հայերը կը մղէին հեռանալու ազրպէյճանական քաղաքներէն: Պաքուի մէջ առօրեայ հաւաքները բացայայտօրէն սարքուած էին սարսափի...

Խմբագրական.  1-5 Ապրիլ. Իրաւական Առանցք (Դ.)

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Իրաւական Առանցք (Դ.)

2 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ կայացած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նախագահը իր խօսքին մէջ կը յստակացնէր. «Ես համոզուած եմ եւ առաջարկում եմ քննարկենք, որ մենք մէկ քայլ առաջ պէտք է գնանք: Արտաքին գործերի նախարարութեանը, կարծում եմ, անհրաժեշտ է համագործակցել Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործերի նախարարութեան հետ եւ աշխատել Լեռնային Ղարաբաղի հետ ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է պայմանագրի...

Վատիկանեան Պատմական  Յայտարարութիւն

Վատիկանեան Պատմական Յայտարարութիւն

Հ. ԳԷՈՐԳ Ծ. ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ 2015.12 ապրիլ էր ամիսը: Հայոց աւագանին, կաթողիկոսներ, հոգեւորականներ, պետական, աշխարհական ու կուսակցական անձնաւորութիւններ` գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահին` Սերժ Սարգսեանին, ժամանած աշխարհի չորս ցամաքամասերէն փութացած էին Հռոմ` մասնակցելու քահանայապետական Ս. պատարագին, զոր պիտի մատուցէր Ֆրանչիսկոս պապը, 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յոբելեանին առիթով: Ամբողջ հայութեան միտքն ու սիրտը կեդրոնացած էին Ս. Պետրոսի Պազիլիքայի արուեստագէտ Պերնինիի հոյակերտ...

Ալիեւը Գիտի, Որ Ընդամէնը Մի Քանի Տարի Ունի Ղարաբաղի Հարցը Լուծելու Համար

Ալիեւը Գիտի, Որ Ընդամէնը Մի Քանի Տարի Ունի Ղարաբաղի Հարցը Լուծելու Համար

Պետրոս Թերզեանը` «Սիվիլնեթ»-ում դասախօսութիւն կարդալիս: 2015-ի տարեվերջին նաւթի միջազգային գները գահավիժեցին մինչեւ 35 տոլար: Ազրպէյճանում դա յանգեցրեց ազգային արժոյթի` մանաթի գրեթէ կրկնակի արժեզրկման: Ֆրանսական «Փեթրօսթրաթեժի» վերլուծական ընկերութեան տնօրէն Պետրոս Թերզեանի կարծիքով, Ազրպէյճանի վերջին օրերի յարձակողականը` պայմանաւորուած է նաեւ այդ հանգամանքով: «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցում Թերզեանը ներկայացրել է նաւթի միջազգային շուկայի միտումները եւ դրանց ազդեցութիւնը Ազրպէյճանի քաղաքականութեան վրայ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն թերզեան, ձեր...

ԼՂ Հարցում Լուծո՞ւմ Է Պարտադրւում

ԼՂ Հարցում Լուծո՞ւմ Է Պարտադրւում

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Ազրպէյճանի, Իրանի արտաքին գործերի նախարարների հետ Պաքւում հանդիպումից առաջ Ռուսաստանի արտաքին գործերի նախարար Սերկէյ Լաւրովը ԹԱՍՍ գործակալութեանը տուած հարցազրոյցում անդրադարձել է ղարաբաղա-ազրպէյճանական շփման գծում նախորդ օրերին ծաւալուած ռազմական գործողութիւններին եւ ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորմանը` բառացիօրէն ասելով հետեւեալը. «նախագահ Փութինը, իսկ մինչ այդ` նախագահ Մետվետեւն աշխուժօրէն առաջ են մղել տարբեր գաղափարներ, որոնք հնարաւորութիւն կը տան հանգուցալուծելու իրավիճակը Ղարաբաղի շուրջ տարածքների...

Մատաղիսի Գիւղապետը` Ազրպէյճանի Կողմէ Գիւղին Ռմբակոծման Մասին

Մատաղիսի Գիւղապետը` Ազրպէյճանի Կողմէ Գիւղին Ռմբակոծման Մասին

Ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ ռմբակոծման իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած եւ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ բուժուող Մատաղիսի գիւղապետ Զաւէն Աւանեսեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմած է, թէ ազերիները ինչպէ՛ս ռմբակոծած են Արցախի Մատաղիս գիւղը: Ան պատմած է, որ 1 ապրիլէն 2 ապրիլ լուսցող գիշերը ազրպէյճանական կողմէն կրակոցները չէին դադրեր, իսկ առաւօտեան ժամը շուրջ 6:30-ին տեղեկացած  է, որ հակառակորդը կը ռմբակոծէ դրացի Թալիշ...

Մատաղիս Աստիճանաբար Կը Վերականգնի, Բնակիչները Կը Վերադառնան

Մատաղիս Աստիճանաբար Կը Վերականգնի, Բնակիչները Կը Վերադառնան

Արցախի Մատաղիս գիւղը, որ ազրպէյճանական ռմբակոծման ենթարկուեցաւ, աստիճանաբար կը վերականգնի, ինչպէս նաեւ կը վերադառնան ապահովական պատճառներով հոնկէ հեռացած  բնակիչներէն ոմանք: Արցախ գտնուող «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը այցելած է Մատաղիս գիւղ, հետեւած է ընթացող վերականգնողական աշխատանքներուն եւ զրուցած բնակիչներուն հետ: Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն, այդ պահուն գիւղապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գեղամ Աղաջանեան նշած է, որ տարհանուած բնակչութեան մէկ մասը արդէն վերադարձած է գիւղ: «Նոյնիսկ...

Քանատահայոց Թեմը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Յարձակումները Արցախի Վրայ

Քանատահայոց Թեմը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Յարձակումները Արցախի Վրայ

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Քանատահայոց թեմի առաջնորդարանը իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ ու խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի աննախադէպ դաժան յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, որ սկիզբ առին ապրիլ 2-ին, եւ կոչ կ՛ուղղէ Քանատայի կառավարութեան եւ միջազգային կառոյցներուն` աներկբայ կերպով դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ խախտումը 1994-ի զինադադարին: Այս ոտնձգութիւնը ուղղակիօրէն արդիւքն է անցեալի երկդիմի քաղաքականութեան, որ առարկայականօրէն չպարզեցին, թէ Ազրպէյճանը եղաւ նախայարձակը եւ պատասխանատուն Արցախի...

Page 942 of 1110 1 … 941 942 943 … 1,110

Արխիւներ