Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարպել Սամուէլ Աունի «Գերեզմանաքաղաքը»… («Հող Էիր Եւ Հող Դարձիր»)

May 19, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mark-Hashem_51916

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Հակառակ ժամանակակից նորարար մը ըլլալուն` Շարպել Աուն չի հաւատար «Արուեստը յանուն արուեստի» ըմբռնումին: Ընդհակառա՛կը, ան յանձնառու կերպարուեստագէտ մըն է ու առանց տուրք տալու մերօրեայ գեղարուեստական պահանջներուն եւ գեղագիտական ճաշակներուն` կը շարունակէ ստեղծագործել յանուն մարդու եւ իր միջավայրի` բնութեան պահպանման եւ պաշտպանութեան:

Իր վերջին անհատական ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 28 ապրիլի երեկոյեան «Մարք Հաշեմ» ցուցասրահին մէջ (Կեդրոնական Պէյրութ) դրուած է Necropolis (գերեզմանոց) ընդհանուր խորագրին տակ: Ի դէպ, այս պարագային Necropolis բառը ճիշդ կ՛ըլլայ թարգմանել իր հին եւ բառացի իմաստով, որ կը նշանակէ գերեզմանաքաղաք: Ցուցադրութեան դրուած երկվեցեակ մը ստեղծագործութիւնները բոլորն ալ կը պատկերեն քաղաքացիական պատերազմի պատճառով լքուած եւ գերեզմանոցի վերածուած Կեդրոնական Պէյրութը, ուր կարծէք թէ չարագուշակ ուրուականներ կը թեւածեն: Անոնց գործած տպաւորութիւնը այնքան ճնշող է ու «նիհիլիստական», որ ակամայ կը յիշեցնեն մեր հողեղէն բնոյթն ու կ՛ազդարարեն` «Հող էիր եւ հող դարձիր»: Անոր իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը մորմոք եւ հոգեկան կոտտանք  առաջացնող յուշ մըն է կարծէք` փրցուած մօտիկ անցեալի աղէտներէն: Անոնք թէեւ նոյն ոգիով եւ նոյն ոճով իրագործուած եւ նոյնանման ստեղծագործութիւններ են, սակայն կը կարդացուին գիրքի մը նման եւ մէկ կողմէ զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ միւս կողմէ` կը տարբերին իրարմէ թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ՛ խորքով:

charbel_samuel_aoun_alors-on-descend-2015-installation-with-wild-seasonal-plants_4

Անոր գործերը քաղաքի մը աւերակներէն առաջ ու  անոնցմէ աւելի վեր կը դրսեւորեն մարդու հոգեմտաւոր ներաշխարհի «աւերակները», որոնց վրայ արուեստագէտը կը կառուցէ գերեզմանաքաղաք մը` իբրեւ յուշարձան եւ իբրեւ ածխացած յիշատակ եւ իբրեւ վկայ` մարդու անասնական բնազդներու դրսեւորման:

Այս տաղանդաւոր կերպարուեստագէտին ստեղծագործութիւնները նախ կը ցնցեն եւ ապա միայն զգաստութեան կը հրաւիրեն ակնդիրը` տաղելով անոր ներաշխարհն ու խիղճը, ու զայրոյթէ աւելի` մղելով զայն տարերային ըմբոստացման ընդդէմ չարին ու վատին… Անոր համար նոյնիսկ նորակառոյց շքեղ ու գեղեցիկ շէնքերը անմեղներու արեան եւ աւերակուած բնութեան վրայ զետեղուած դամբանաքարեր են, որոնք կառուցած են օր մը քանդուելու եւ կործանուելու համար` նոյնինքն մարդ արարածի ձեռքով ու որոշումով: Ան օգտագործած է պատերազմէն մնացած լքուած հետքերը: Հաւաքելէ ետք փայտի, ապակիի, երկաթի կտորներ, ժանգոտած գամեր, քարի փշրանքներ, խիճ, հող, փոշի եւ այլ անտեսուած «վկաներ», ան համադրելէ ետք զանոնք «զետեղման» (installation) յատուկ սկզբունքներով, իրարու կը միացնէ սիմենթով կամ  խէժերով: Եւ բացի սեւ եւ մոխրագոյն գոյներէն` գրեթէ ներկ չ՛օգտագործեր: Իր արհեստագիտական վարպետութեան եւ տաղանդի շնորհիւ անոր ստեղծագործութիւնները կոչուած են դիմանալու թէ՛ ժամանակի մաշումին եւ թէ՛ իբրեւ խորք ու գեղագիտական բովանդակութիւն պատգամելու մարդկութեան պատմական իր գործած ֆիզիքական թէ հոգեմտաւոր աւերները: Անոր արուեստը կը խարանէ մարդու անասնական բնազդները, ընչաքաղցութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը:

20140320_1_5_1_1_0_obj6078518_1

Շարպել Սամուէլ Աուն ծնած է 1980-ին, Լիբանան: Հակառակ անոր որ մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է, ան իր բնակարանին կից կառուցած է յատուկ պարտէզ մը, ուր կը ցանէ ու կը խնամէ իր ծաղիկներու, բոյսերու եւ ծառատեսակներու յատուկ «հաւաքածոն»: Այս բնապաշտ արուեստագէտը մասնագիտացած է «զետեղման» (installation) արուեստի մէջ: Անոր գործերը ընդհանրապէս թելադրական բնոյթ ունին եւ նպատակ մը կը հետապնդեն: 2009-ին անոր առաջին զետեղումը բաւականին աղմուկ ստեղծեց Պէյրութի մէջ եւ ընդունուեցաւ թէ՛ իբրեւ նորարարութիւն, թէ՛ իբրեւ իւրօրինակ խորք եւ թէ՛ իբրեւ յանձնառու արուեստ: Եւ բնաւ պատահական չէր, որ երբ իրեն առաջարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան առիթով յղացք մը կերտել, ան ոչ միայն անմիջապէս ընդունեց առաջարկը, այլեւ գեղեցիկ, մեծղի եւ բովանդակալից զետեղում մը իրագործեց «Պէյրութ էքսփօ սենթըր»-ի դիմաց, որուն ծանօթ են թէ՛ մեր ընթերցողները եւ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսի այցելուները:

Շարպել Սամուէլ Աուն ունի հնարամտութեամբ թաթաւուն ստեղծագործական լիցք, անհանդարտ եւ պայքարող  բնազդային մղում, ըմբոստ արուեստագէտի նկարագիր ու ի վերուստ «անիծուած» է` իբրեւ մարդկային անձեռնմխելի արժէքները գնահատող ու պաշտպանող ստեղծագործող:

Ան իր ստեղծագործութիւններով կ՛որոնէ, կը գեղարուեստականացնէ ու կը դրսեւորէ մարդկային այն բնորոշ արժէքները, որոնք անհպելի եւ անուրանալի են բոլոր բանական էակներու մօտ:

 

 

Նախորդը

«Խօսնակ»-ին Կազմակերպած Միջդպրոցական Արտասանական Եւ Նկարչական Մրցումը

Յաջորդը

Մեր Օրերու Բարեգործները

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.