Յօդուածներ

Զօրակցինք Արցախին

Զօրակցինք Արցախին

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ Հերոսական Արցախը հոգեկան անքակտելի կամուրջով կապուած է բոլոր հայերուն հետ եւ ազգային տեսլականներու եւ ակնկալութիւններու հարազատ հայելին է: Արցախը համայն հայութեան ներշնչման աղբիւրը կը հանդիսանայ: Այսօր աշխարհի հայերու սրտին մէջ կ’արտացոլայ արցախեան հայրենիքի վիշտը, քանի Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը, անտեսելով 1994-1995 ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրը, կը խախտէ ՄԱԿ-ի, Եւրոպական միութեան, Եւրոպայի խորհուրդի, Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ միջազգային բազում կազմակերպութիւններու խաղաղասիրական...

Հայ Բեմի Խոստմնալից Անուն Մը` Անժելինա Սարգիսեան

Հայ Բեմի Խոստմնալից Անուն Մը` Անժելինա Սարգիսեան

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Միջդպրոցական մրցանքները կարեւոր են եւ օգտակար: Անոնք կը յայտնաբերեն շնորհալի նոր դէմքեր, որոնք յարատեւելու եւ իրենք զիրենք կատարելագործելու պարագային կրնան լաւ ապագայ խոստանալ մշակութային մեր կեանքին: Այս իմաստով, վերջին տարիներուն միջդպրոցական մրցանքներուն յաճախ յայտնուած անուն մըն է Անժելինա Սարգիսեանը, որ ասմունքի եւ մենակատարութեան փայլուն կարողութիւններուն կողքին, կ’երգէ, կը պարէ եւ մնջախաղի վարպետ մըն է: Անժելինա Համազգայինի «Արեգ» թատերական...

Մրցանակաբաշխութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» Մրցանքներու (2015-2016)

Մրցանակաբաշխութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» Մրցանքներու (2015-2016)

«Հայ Դպրոցը Մեր Ներկան Է Ու Մանաւանդ` Մեր Ապագան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին կազմակերպած հայոց լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 15 մայիս 2016-ի կէսօրին: Վեհարանի ընդարձակ դահլիճը լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ: Հոն էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ, Խաչիկ Պապիկեանի...

«Նոր Երգ» Խումբին Զոյգ Համերգները` «Ուրախութեան Ձայն Բարձրացուցէք» Խորագիրով

«Նոր Երգ» Խումբին Զոյգ Համերգները` «Ուրախութեան Ձայն Բարձրացուցէք» Խորագիրով

Հայ աւետարանական եկեղեցիներու քրիստոնէական Ջանից միութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, «Պաշտէ» ձայնասփիւռի կայանին հովանաւորութեամբ, շաբաթ 7 եւ կիրակի 8 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Պէյթ Էլ Թապիպ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր երգ» խումբին համերգը` «Ուրախութեան ձայն բարձրացուցէք» խորագիրով: Վերապատուելի Ներսէս Պալապանեանի ջանքերով կազմուած եւ գոյատեւող այս խումբը ծնունդ առած է 1993-ին, ելոյթներ տուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ (Ֆրանսա, Սուրիա, Լիբանան,...

Ապրիլ 24-ը Եւ Ա. Վռամեանի Մարգարէական Կանխատեսումը

17 Մայիս 1907. Աղթամար Կղզի Ապաստանած Ֆետայիներուն Յաղթական Կռիւը Եւ Թրքական Զօրքի Բարբարոսական «Պատասխան»-ը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 17 մայիսին, 109 տարի առաջ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզի ապաստանած դաշնակցական ֆետայիներ, թրքական զօրքի ռազմանաւերուն կողմէ երկու օր պաշարման տակ իյնալէ եւ անհաւասար ուժերով կենաց-մահու կռիւ մղելէ ետք, հերոսական գրոհով յաջողեցան ձկնորսական նաւակով ճեղքել թշնամիին ռազմական ուժը եւ անվնաս` ծովուն բացերը դուրս գալ: Երկու օր շարունակ թրքական ռազմական նաւերէն ռումբերու եւ փամփուշտներու տարափով կրակ բացուեցաւ դաշնակցական ֆետայիներուն վրայ,...

Բարի Ճանապարհ…

ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ Բարի ճանապարհ ձեզի, Հալէպէն մեկնող հալէպահայեր, ձեր կեանքը դալար եւ ձեր աշխատանքը պտղաբեր ըլլայ: Որովհետեւ հայ էք, պիտի շէնցնէք այն հողը, ուր կայք պիտի հաստատէք: Որովհետեւ հայ էք, պիտի հմտանաք այն գործին մէջ, որուն պիտի նախաձեռնէք: Որովհետեւ հայ էք, պիտի ստեղծագործէք եւ արժանանաք բարձր գնահատանքի ու գովասանքի: Սակայն, սիրելինե՛ր, զգուշացէ՛ք ձեր մեկնումի պահուն կամ մեկնելէ ետք պղտորել այն...

Համախմբուածութիւնը Մեծ Ուժ Է,  Որ Չափազանց Կարեւոր Է Յատկապէս  Նման Իրավիճակներում»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ  Արծրուն Յովհաննիսեան

Համախմբուածութիւնը Մեծ Ուժ Է, Որ Չափազանց Կարեւոր Է Յատկապէս Նման Իրավիճակներում» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յատուկ «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ լրատուամիջոցներուն ունեցած մեծ ու կարեւոր դերակատարութեան մասին` շեշտելով, որ ոեւէ լուրի հրապարակման պարագային պէտք է զգուշ ըլլալ, յատկապէս արցախեան վերջին զարգացումներուն վերաբերող, որպէսզի ի նպաստ հակառակորդին գործած չըլլանք: Հայաստան- Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը իսկական ուժ նկատելով, Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ լրատուական դաշտին մէջ եւս պէտք է համախմբուած...

Անդարձ, Բայց Միշտ Կենդանի

Անդարձ, Բայց Միշտ Կենդանի

Դժուար, սակայն քաղցր պարտականութիւն է հարազատի յիշատակին արտայայտուիլ, ակամայ մեր մտածումները կ՛երթան մեր մանկութեան ու պատանեկութեան օրերը` մեր մէջ թարմացնելով փայփայուած յիշատակներ, որոնք վայլեր էինք մեր հօրեղբօր տաքուկ գիրկը: Հօրս անակնկալ մահը հարուածած էր մեր ընտանիքը, երբ տակաւին պատանի էի: Ճակատագիրի դաժան պայմաններուն պարտաւոր էինք համակերպիլ: Հօրեղբօրս ներկայութիւնը մասամբ պիտի ամոքէր մեր վիշտը եւ բնազդաբար իմ ապաւէնը եւ իր հայրական...

Սուրէն Չէքիճեան (1943-2016)

Սուրէն Չէքիճեան (1943-2016)

Փոքր տարիքէն իր բազմակողմանի հետաքրքրութիւնը եւ տաղանդը, ընթերցասիրութիւնը, գիտութեան, արուեստի, արհեստի եւ գրականութեան ծարաւը մղեցին զինք կարդալու տան մէջ մօրս անգլերէն եւ հայերէն բոլոր գիրքերը, յաճախած դպրոցի` Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի գրադարանի բոլոր գիրքերը, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբի գրադարանի գիրքերուն կարեւոր մէկ մասը: Մտաւորական-արուեստասէր խառնուածքի կողքին, ան եղաւ աշխուժ ու կենսախինդ, հնարամիտ, փորձարկող, շինարար ու ստեղծագործող անձ մը: Պատանի տարիքին...

Հողը Թեթե՜ւ Գայ, Ընկե՛ր Սուրէն

Հողը Թեթե՜ւ Գայ, Ընկե՛ր Սուրէն

Երբ Թորոնթոյէն լուրը ստացայ, չուզեցի հաւատալ: Գառնիկը նոր տեղեկացուցած էր իմ եւ ընկերներուս շատ սիրելի ընկեր Սուրէն Չէքիճեանի մահուան մասին: «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի հիմնադիր եւ երկարամեայ տնօրէն, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ գրող ընկեր Սուրէնը մեզի ընկեր էր բառին բուն իմաստով` Ջիւանիի նկարագրած «բարի, գեղեցիկ, առաքինի», իսկապէս «հաստատակամ ու ճշմարիտ» ընկեր էր: Թէեւ մեզմէ տարիքով մեծ էր, բայց միշտ կ՛ոգեւորէր մեզ...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Ինչո՞Ւ Միշտ Մեզ Սթափեցնողը Թշնամին Պիտի Ըլլայ (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) – Ե.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Փառք հայ զինուորին, որ թիկունքում կանգնած ծնողքն ու հայրենիքը չնոյնացրեց իշխանութեան հետ: ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ (Շիրակի թեմի առաջնորդ) Հայ սրտցաւ ու յանձնառու կղերականին հոգեցունց այս արտայայտութիւնը, զոր ան ունեցաւ վերջերս իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խորքին մէջ մեծագոյն ապացոյցն է այն իրականութեան, թէ հայրենի պետական շրջանակներու թէ իշխանական մակարդակներու վրայ գոյութիւն ունեցող փտածութիւնը, կաշառքը, հովանաւորչութիւնը, ընկերային ու...

Բարի Լոյս

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Բարեկամիս` Յակոբ Հաւաթեանի «Բարի լոյս» յօդուածաշարքին հետ ոչ մէկ կապ ունի այս գրութիւնս: Այս մէկը լոսանճելըսեան «Բարի լոյս» մըն է, որ այնքան հազուադէպ կը լսենք: Ամէն առաւօտ, տակաւին արեւը չծագած, արդէն իսկ մայրուղիներու վրայ եմ: Գործատեղիիս շէնքի մուտքին, պահակին կողմէ ժպտուն «կուտ  մոռնինկ» մը իրարու ըսելէ ետք, վերելակին մէջ, հանդիպած քանի մը պաշտօնեաներուն, նոյն մաղթանքը տալով ու ստանալով,...

«Սեն Ժոզեֆ»-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած  Հրապարակային Քննարկում Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զարգացումներու Ներկայացում

«Սեն Ժոզեֆ»-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հրապարակային Քննարկում Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զարգացումներու Ներկայացում

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի եւ նախաձեռնութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, «Հայոց ցեղասպանութիւն - պատմութիւն եւ մարդկային իրաւունք» խորագիրի տակ հրապարակային քննարկում մը տեղի ունեցաւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Ֆրանսուա Պասիլ» սրահին մէջ: Քննարկումին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, մտաւորականներ, մամլոյ եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներ եւ միութենականներ: Արայժի իր խօսքին մէջ դիտել...

Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

Արամ Սեփեթճեանի «Հանդիպումներ»-ը

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ Քանի մը ամիս առաջ էր, երբ Արմենակ Եղիայեանը` Պէյրութէն, իր հերթական «Ի պէտս զարգացելոց»-ով գրեթէ անզսպելի բարկութեամբ կը չախէր կարգ մը թերթերու խմբագիրներն ու աշխատակիցները` իրենց անհոգութեան համար հայերէնի հանդէպ: Կը նմանէր  ուսուցիչին, որ յատուկ զայրոյթով կը սաստէր անփոյթ ու ծոյլ աշակերտ մը: Կ՛ակնարկեմ Արմենակի զայրոյթին, որովհետեւ անմիջականօրէն կապ ունի այսօրուան քննարկուող գիրքի հեղինակին` Արամ Սեփեթճեանի հետ:  Պահու...

Նշմար.  Վիեննայի Համաձայնութեան  Գործնական Արժէքը Հարցականի Տակ

Նշմար. Վիեննայի Համաձայնութեան Գործնական Արժէքը Հարցականի Տակ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 16 մայիսին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը, որուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին կողքին մասնակցեցան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Արլեմ Տեզիր: Համանախագահող երկիրներու նախարարները առաջին անգամ ըլլալով ներկայ եղան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Վերնիսաժը` Երեւանի Զարկերակը

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Վայր, որտեղ ժամանակի զգացողութիւնը կարծես անհետանում է, կաթիլ առ կաթիլ զօրացող անձրեւը գրեթէ չի նկատւում, իսկ գոյների եւ ձեւերի բազմազանութիւնը բոլորովին մէկ այլ աշխարհ է տեղափոխում մարդուն: Այնտեղից սովորաբար հեռանում են նորից եւ կրկին վերադառնալու ներքին որոշմամբ, յոյսով եւ փափաքով: Աշխարհի որեւէ անկիւնում անկարելի է գտնել մի վայր, որն ունենայ մեր հին ու նոր Վերնիսաժի իւրատեսակ գեղեցկութիւնն...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Զարգանալ Եւ Յաղթել

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Մայիսը  յաղթանակներու ամիս է. ամէն տարի հազարաւոր հայեր այդ ամսուան 9-րդ օրը Ղարաբաղ կ՛այցելեն տօնելու համար հայ ժողովուրդի նորօրեայ կարեւորագոյն յաղթանակներէն մէկը` Շուշիի ազատագրումը: Այդ օրերուն, գործընկերոջս` Անդրանիկ Գասպարեանին հետ ճամբայ ելանք դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, բայց ո՛չ միայն մասնակցելու համար Յաղթանակի օրուան նուիրուած հանդիսութիւններուն, այլեւ` այցելելու Բերձորի (նախկին Լաչին) շրջանը, սփիւռքահայերու ներդրումներով իրականացուող տնտեսական զարգացման փոքր եւ...

Ազրպէյճանը` Վիեննական Թակարդում

Ազրպէյճանը` Վիեննական Թակարդում

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Վիեննայում մայիսի 16-ի ուշ երեկոյեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շրջանակում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրների արտաքին գերատեսչութիւնների ղեկավարների` Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարար Ճոն Քերիի, Ռուսաստանի արտաքին գործերի նախարար Սերգէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով արտաքին գործերի նախարար Արլեմ Տեզիրի մասնակցութեամբ կայացած բազմակողմ ձեւաչափով բանակցութիւններն աւարտուեցին համանախագահների ընդունած համատեղ յայտարարութեամբ: Ըստ դրա, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի...

Ֆէյսպուք. Բարիք Եւ Չարիք

Ֆէյսպուք. Բարիք Եւ Չարիք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միջազգային մասնագէտներ, գիտնականներ եւ հոգեբաններ սկսած են աւելի  յաճախ անդրադառնալ ընկերային ցանցերու օգտագործման ազդեցութիւններուն: Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը վերջերս հրատարակեց  Ֆէյսպուքի առնչուած` Պելճիքայի ոստիկանութեան զգուշացումին, գիտական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքին, մասնագէտներու կարծիքներուն եւ հետաքրքրական փաստերու մասին հակիրճ յօդուածներ, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ: Ն.    10 Փաստեր Ֆէյսպուքի Մասին 1/10 Ամէն օր շուրջ 350 միլիոն նկարներ կը վերբեռնուին  (ափլոտ) Ֆէյսպուքի...

Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը

Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Գ.- Որբերու Հաւաքական Յիշողութեան Վերականգնում Ծանօթ.- Յօդուածի Ա. եւ Բ. մասերը կը վերաբերէին «Յուշագիտութեան» ժամանակակից մօտեցումին եւ Շ. Արզումանեանի «Աշխարհագրութիւններ»  վաւերագրական ժապաւէնին: 8 ապրիլ 2016-ին «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Հայկական ակումբը  ցուցադրեց Նիկոլ Պեզճեանի «Աֆթըր տիս տէյ» («Այսուհետեւ...») վաւերագրական ժապաւէնը (1): Ժապաւէնը վաստակած է հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակի 2014-ի նիւթական նպաստը: Հարթակը նախապէս ֆինանսաւորած էր Թուզլայի «Քեմփ Արմէն»-ի որբանոցին...

Page 930 of 1110 1 … 929 930 931 … 1,110

Արխիւներ