«Զրադաշտը Դարձաւ Շուն» Թատերախաղին Առիթով. Չորս Պատկերներ` Դէմքին Ժպիտ, Սրտին Արցունք Պատճառող
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ «Կը սպասենք, որ ամէն բան լաւ ըլլայ, մե՛ծ մամ»... Իր նոր մահացած մեծ մօր հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, ի շարս խօսուած բազմաթիւ նիւթերու եւ դրսեւորուած արտայայտութիւններու, կարօտի ու յուզումի տեսարաններու, մարդկային առօրեայէն ծնող գանգատներու եւ Աստուծոյ մօտ միջնորդութիւն կատարելու խնդրանքներու, հոգեկան եռացող վիճակներու եւ կեանքի հոսանքին հետ հարուածող ելեւէջներու, այս նախադասութեամբ մէկ իրավիճակի, սակայն բազում կացութիւններու դրսեւորումը...



















