Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Զօհրապի Հետքերով

May 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Zohrab_52416

Բազմաթիւ տարիներու ձգձգումներէն ետք, վերջերս վերստին բացի Զօհրապի մատեանը եւ գիւտը ըրի իր հմայիչ արձակին: Պէյրութի «Կ. Տօնիկեան եւ որդիք» անունը կրող հրատարակչատան կողմէ խնամքով ի մի բերուած այս սիրուն հատորը, որ կ՛ամփոփէ գրական ողջ ժառանգութիւնը արեւմտահայ գրականութեան նորավէպի իշխանին, միշտ գտնուած է իմ աշխատասենեակի գրքերուս առաջին շարքին վրայ: Ես Զօհրապի գործերը կարդացած եմ շատ վաղուց եւ յաճախ վերադարձած` իր տողերուն, փնտռելով յատուկ էջեր, երբեմն նոյնիսկ յատուկ բառ մը` իր ճոխ բառապաշարէն: Իր կեանքի վերջին տարիներուն հայրս անյագ մոլութեամբ կը մխրճուէր մեր գրադարանի գրքերուն մէջ եւ օրեր շարունակ կը կարդար: Ես խնդրեր էի իրմէ, որ գրքի մը ընթերցումը աւարտելէ ետք իր ձեռագրով յիշատակութիւն թողու գիրքին վերջին էջին վրայ: Եւ ահաւասիկ քանի մը օր առաջ դէմս ելաւ իր չարչարուած ձեռագիրը, երբ նորէն վերցուցի Զօհրապին հատորը` «Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերու այս հատորը կրկին անգամ կարդացի. 20 նոյեմբեր 1993: Գրիգոր Արմենեան»: Անխօս պահ մըն էր իր եւ իմ միջեւ ու նաեւ` Զօհրապի՛ն:

Եւ ահա գրադարանին կռթնած, յոտնկայս` ես վերսկսայ ընթերցումը «Անդրշիրմի սէր» խորհրդաւոր նորավէպին… որ «Լուռ ցաւեր»-ու առաջինն է:

Այնուհետեւ, յաջորդող քանի մը օրերու ընթացքին, մէկը միւսին ետեւէն աչքերուս առջեւէն տողանցեցին Զօհրապի հերոսները` այժմ արդէն իրենց ճակատագրի տրտմութեան մէջ պարուրուած: Այսինքն նմանը այն տեսիլին, որ Չարենց տուած էր իր «Մահուան տեսիլ»-ի սարսռալի տողերով «Գիրք ճանապարհի»-ի էջերուն մէջ: Ամէն քայլափոխին, կը զգայի այս հանգիտութիւնը եւ ան նոր լոյսի տակ կը դնէր Զօհրապի գործէն բխող այս ապշեցուցիչ կրկներեւոյթը: Զօհրապի էջերուն մէջ ամբողջ բնակչութիւն մը կ՛ապրի իր փխրուն կեանքով: Պոլսոյ եւ Նիկոմեդիոյ գաւառի մարդերն են, ամէնազգի մարդոց այս հանրո՛յթը, որոնց ճակատագիրն է, որ կը բացայայտուի տող առ տող Զօհրապ-տեսանողի ներքին տեսողութենէն անցնելէ ետք: Մարդկութիւ՛ն մը, որ շարունակ կը վերապրի, մեր իւրաքանչիւր ընթերցման հետ, իր խուլ սէրերով, տենչերով, յուսախաբութիւններով, խոստովանութիւններով:

Զօհրապեան այս քաղաքը այսօր կրկնապէս տխուր է նաեւ անով, որ ան գիտակցութիւնը չունի իր պատմական ճակատագրին: Կենսաշխարհ մըն է, որ եղած է արմատախիլ ու բնաջինջ, եւ որ սակայն ողջ է դեռ Գրիգոր Զօհրապի անմեռ կտակարանով: Նոյնիսկ այսօր անոնք կ՛ապրին բոլորովին անգիտակ մօտակայ Աղէտին: Անոնք կ՛ապրին պատմութենէն վեր, կ՛ապրին պատմութենէն անդին` որպէս տարերային մէկ հակապատմութի՛ւն: Նոյնիսկ եթէ ամէնէն դաժան, ամէնէն խուժդուժ պայմաններու մէջ, ապառաժի կտորներու միջեւ, տրորուած է այն հրաշագործ ուղեղը, որ անմահացուց զիրենք իրենց կեանքերու յետին մանրամասնութեամբ:

Զօհրապ վերստեղծեց այս մարդերը` փնտռելով զանոնք կեանքին հեռաւոր գռիհներէն եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ ապրեցաւ անոնց ճակատագիրը: Անոնք իրեն հետ էին, երբ ինք եւ Վարդգէս ճամբայ կը հանուէին անորոշ ուղղութեամբ: Իրեն հետ էին, երբ ինք դէմ յանդիման կը գտնուէր իր դահիճին հետ: Այս մարդերը անդրաշխարհային վկաներն են իր գողգոթային եւ վկաները` իր վսեմ յարութեա՛ն:

Ժամանակն է, որ նոր օրերու գրականագիտութիւնը սկսի բանալ ծածկագիրը Զօհրապի հոգեցունց վկայութեան:

15 մայիս, 2016

 

Նախորդը

Հալէպի Խոնարհներէն. Հայերէն Գիրքերու Մեծ Սիրահար` Կազմարար Ամմօ Թադէոսը

Յաջորդը

«Վարձքդ Կատա՛ր, Լիբանանահայութիւն» Խորագրեալ Ժողովրդական Ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.